ԿՐՆԱ՞Ք ԶԱՅՆ ԸՆԵԼ
1 «Ի՞նչ ընել», կը հարցնէք։ Առակաց 3։27–ը կը պատասխանէ. «Երբ ձեռքէդ աղէկութիւն ընել կու գայ, կարօտ եղողէն մի՛ խնայեր զանիկա»։ Ձեր ձեռքէն կու գա՞յ ձեր գործունէութիւնները ընդլայնել եւ բաժին բերել օժանդակ կամ կանոնաւոր ռահվիրայական ծառայութեան մէջ։ Կրնա՞ք զայն ընել։
2 Որքա՜ն քաջալերական էր կարդալ 1993–ի Տարեգիրքին մէջ թէ Լիբանանի մէջ որպէս միջին 285 կանոնաւոր եւ օժանդակ ռահվիրաներ կային, ամէն 10 հրատարակիչի համար 1 ռահվիրայ համեմատութիւն մը։ Այո, 13 նոր մասնաւոր ռահվիրաներ եւ 35 նոր կանոնաւոր ռահվիրաներ ունեցանք անցեալ տարի։ Ասիկա կը նշանակէ թէ իւրաքանչիւր ամիս 4 հրատարակիչներ իրենց պարագաները քննած են եւ տեսած են որ կրնան աւելին ընել ծառայութեան մէջ։
3 Օժանդակ ռահվիրայութիւնը միջոց մըն է ուրիշներու բարիք ընելու։ Անցեալ տարի 537 օժանդակ ռահվիրաներու գագաթ մը կար։ Ատիկա հիանալի է։ Շատ մը հրատարակիչներ կերպեր կը փնտռեն աւելի յաճախ օժանդակ ռահվիրայութիւն ընելու տարուան ընթացքին։
4 Որոշելու համար թէ կրնա՛ք «ընել» զայն կամ ոչ, նախ պէտք է նկատի առնէք ձեր սրտագին փափաքը։ (Մատթ. 22։37-39) Գործք 20։35–ը կ’ըսէ. «Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը»։ Աներկբայելիօրէն, անոնք որոնք հոգեւոր օգնութիւնը առատաձեռնօրէն սրտանց կու տան, ճշգրիտ փափաքը ունին։ Որպէսզի յաջող հրատարակիչ մը կամ ռահվիրայ մը ըլլանք, այդ փափաքը անհրաժեշտ է։
5 Երկրորդ, ձեր ներկայ պարագաները նկատի առէք։ Կրնա՞ք ձեր առօրեայ գործունէութիւններու մէջ վերաճշդումներ մտցնել որպէսզի լիաժամ ծառայէք։ Ամէն անհատ չի կրնար։ Սակայն աղօթքով ինքնաքննութենէ մը ետք, ամէն տարի հազարաւորներ կերպ մը կը գտնեն զայն «ընել»ու։ (Կող. 4։5. Դիտ. 1977 էջ 701, Անգլ.) Զոր օրինակ, կարգ մը ընտանիքներ որոշ ամիսներ կ’ընտրեն ընտանիքին մաս մը կամ բոլոր անդամներուն համար որպէսզի օժանդակ ռահվիրայութիւն ընեն։ Ուրիշ ընտանիքներ կը խնամեն իրենց անդամներէն մէկը որպէս կանոնաւոր ռահվիրայ մը։ Ձեր ընտանիքը այս կարելիութիւնները նկատի առա՞ծ է։—Տես Առակաց 11։25։
6 Ուրիշներու օգնելը որ ճշմարտութիւնը ճանչնան հարազատ գոհունակութիւն կը բերէ, ծառայէ՛ք որպէս հրատարակիչ մը կամ ռահվիրայ մը։ Գիտենք թէ ճշմարիտ ուրախութիւնը ծագում կ’առնէ ուրիշներու բարիք ընելէ, մանաւանդ եթէ պատահի որ ‘մեր ձեռքէն զայն ընել կու գայ’։