ՄԱՍՆԱՒՈՐ ԱՄԻՍ ՄԸ ԴԱՇՏԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
1 Դեկտեմբեր ամիսը կրնա՞յ դաշտի ծառայութեան մասնաւոր ամիս մը ըլլալ քեզի համար։ Թերեւս անհրաժեշտ ըլլայ կարգ մը փոփոխութիւններ մտցնել ձեր սովորական յայտագրին մէջ, բայց վարձատրութեան ի տես չ’արժե՞ր այդ ընել։
2 Մկրտուած պատանի հրատարակիչներէն ոմանք դպրոցէն մի քանի օր արձակուրդ պիտի ունենան եւ պիտի փափաքին ծառայել որպէս օժանդակ ռահվիրաներ այդ ամիս։ Ի՜նչ քաջալերական պիտի ըլլայ իրենց համար որ կարգ մը երէցներ, օգնական ծառաներ եւ ուրիշ հրատարակիչներ իրենց հետ աշխատին դաշտին մէջ։ Եթէ ձեր անձնական պարագաները թոյլ չեն տար որ ռահվիրայութիւն ընէք ամսուան ընթացքին, կրնա՞ք յաւելեալ մի քանի ժամ յատկացնել ծառայելու համար անոնց հետ որոնք ռահվիրայութիւն պիտի ընեն։ Ասիկա վստահաբար փոխադարձ քաջալերութիւն մը պիտի ըլլայ։
3 Եթէ բոլոր հրատարակիչները յաւելեալ ջանք թափեն, երէցները կրնան խումբի վկայութեան համար կարգադրութիւն ընել իւրաքանչիւր օր տօնին ժամանակաշրջանին, այնպէս որ անոնք որոնք կրնան ռահվիրայութիւն ընել միշտ ունենան անհատ մը որու հետ աշխատին դաշտի ծառայութեան մէջ։
4 Հիմա է ժամանակը, անհատապէս եւ ընտանիոք ինչպէս նաեւ որպէս ժողովք, ծրագրելու որ Դեկտեմբեր ամիսը մասնաւոր ամիս մը ըլլայ դաշտի ծառայութեան համար ձեր ժողովքին մէջ։