ԴԵԿՏԵՄԲԵՐԻՆ ՕԺԱՆԴԱԿ ՌԱՀՎԻՐԱՅ ՄԸ ԵՂԷՔ
1 Բոլորս ալ լաւ կ’ընենք մենք մեզի հարց տալով. ‘Ո՞ր աստիճան լոյս կրող մը պիտի ըլլամ Դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին։ Կրնա՞մ օժանդակ ռահվիրայ մը ըլլալ’։—Մատթ. 5։14, 16
2 Մկրտուած պատանիները ընդհանրապէս յաւելեալ ժամանակ կ’ունենան դպրոցէն արձակուրդ առնելով տօներու առթիւ։ Կարգ մը ծնողներ եւ ուրիշ չափահաս հրատարակիչներ թերեւս կարող ըլլան անոնց հետ միանալ ընդլայնուած դաշտի ծառայութեան մէջ ամսուան ընթացքին։ Շատեր որոնք լման ժամանակով կ’աշխատին նոյնպէս պիտի ունենան յաւելեալ ժամանակ այս կենսապահ ծառայութեան յատկացնելու։
3 Որպէսզի կարենանք օժանդակ ռահվիրայութեան մասնակցիլ, գլխաւոր ազդակ մըն է մեր պատրաստակամութիւնը պահանջուած յաւելեալ ջանքը թափելու։ (Ղուկ. 13։24) Եթէ մեր գործունէութիւնը ուշադրութեամբ կազմակերպենք, մէջը ըլլալով ընտանեկան եւ ժողովքային հարցերը, կրնանք ժամանակը մատչելի ընել որպէսզի վայելենք օժանդակ ռահվիրայութեան ուրախութիւնը։
4 Կարող պիտի ըլլա՞ք ձեր ծառայութիւնը ընդլայնել Դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին։ Այսպէս ընելը կրնայ ձեզի օգնել որ աւելի ինքնավստահ ըլլաք դռներուն դիմաց եւ շինիչ փորձառութիւններ ունենաք։ Այսպիսով աւելի մեծ ուրախութիւն մը կրնաք ձեռք ձգել։—Գործք 20։35