Անոնց Օգնենք Որ «Ուրիշ Անգամ»ն Ալ Մտիկ Ընեն
1 «Այդ բանին համար ուրիշ անգամ մտիկ պիտի ընենք քեզի»։ (Գործք 17։32) Այդ էր ոմանց հակազդեցութիւնը Պօղոսի համբաւաւոր ճառախօսութեան Մարտի Բլուրին վրայ։ Նմանապէս այսօր, ոմանք յօժար են աւելի մտիկ ընելու Թագաւորութեան պատգամին մասին, զոր բաժնեցինք իրենց հետ մեր առաջին հանդիպումին։
2 Մեր ուսուցանելուն մեծամասնութիւնը կ’ընենք երբ կը վերադառնանք հետաքրքրութիւնը մշակելու համար։ Լաւ պատրաստուիլը մեզի պիտի օգնէ որ դրական արդիւնքներ ձեռք ձգենք։ Դպրոցի Դասագիրքին 51–րդ էջը կը յանձնարարէ. «Նախ, յստակօրէն ի մտի ունեցէք նիւթին թիկունք կանգնող փաստերը։ Փորձեցէք հասկնալ թէ ինչո՛ւ այս փաստերը գործածուած են։ Ջանացէք գաղափարները արտայայտել ձեր յատուկ բառերով։ Լաւ ըմբռնեցէք Սուրբ Գրային ապացոյցները։ Պատրաստուեցէք համարները ազդուօրէն կիրարկելու»։
3 Եթէ կը ծրագրէք տեղաւորել «Աստուածաշունչը Աստուծո՞յ Խօսքն Է, թէ՝ Մարդոց» գիրքը, կրնաք ասոր նման բան մը ըսել.
◼ «Նախապէս երբ խօսակցեցանք, նկատի առինք այն պատճառները թէ ինչո՛ւ կրնանք Աստուածաշունչին վստահիլ։ Այս գիրքը՝ Աստուածաշունչը Աստուծո՞յ Խօսքն Է, թէ՝ Մարդոց, սա հարցումը կը յարուցանէ. ‘Աստուածաշունչը Ինչո՞ւ Պէտք Է Կարդանք’։ [Կարդացէք բացումը էջ 5–ին մէջ եւ թոյլ տուէք որ փակման հարցումին պատասխանէ։] Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ թէ շուտով Աստուած ինք պիտի լուծէ մարդկութեան նեղացուցիչ բոլոր խնդիրները, եւ Աստուածաշունչը մեզ կ’առաջնորդէ այն ճամբուն մէջ որու պէտք է հետեւինք որպէսզի այդ ուրախ ժամանակուան օրհնութիւնները վայելենք։ [Կարդացէք Սաղմոս 119։105։] Այս գիրքը ուրուագծուած է որպէս օժանդակ մը Աստուածաշունչի անձնական եւ ընտանեկան ուսումնասիրութեան։ Ուրախ պիտի ըլլամ ձեզի ցոյց տալով ինչպէ՛ս զայն գործածէք»։
4 Երբ կը վերայցելէք ուր որ պիտի տեղաւորէք «Ի՛նչու Կրնաք Աստուածաշունչին Վստահիլ» թերթիկը, կրնաք հետեւեալը ըսել.
◼ «Բոլորս ալ հետաքրքրուած ենք թէ ապագան ի՛նչ կը վերապահէ։ Ներկայ աշխարհի վիճակներուն ի տես, ի՞նչ կը խորհիք որ պիտի պատահի։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Մինչ մարդը կրնայ միայն ենթադրել պատահելիք բանին մասին, Աստուած ճշգրտօրէն գիտէ ի՛նչ որ տեղի պիտի ունենայ։ [Կարդացէք Եսայեայ 46։10։] Թերեւս անակնկալի գաք գիտնալով թէ Աստուածաշունչը կը գուշակէ որ մօտ ատենէն պիտի վայելենք դրախտային նոր աշխարհի մը օրհնութիւնները։ [Տանտիրոջ ցոյց տուէք Ի՛նչու Կրնաք Աստուածաշունչին Վստահիլ թերթիկը եւ կարդացէք երրորդ պարբերութիւնը էջ 4–ին մէջ։] Թոյլ տուէք որ ձեզի աւելի պատմեմ այս հոյակապ խոստումին մասին»։
5 Եթէ կ’ուզէք շեշտել Աստուածաշունչին արժէքը, թերեւս այս առաջարկը ազդեցիկ ըլլայ ձեզի համար.
◼ «Երբեմն հարց կու տանք թէ ինչպէ՛ս կրնանք ուրիշներու հետ բարեկամական յարաբերութիւններ պահպանել։ Աստուածաշունչը լաւ խրատ կը մատուցանէ։ [Ուշադրութեան յանձնեցէք Աստուծոյ սիրոյ յատկութիւնը։ Գործածելով հետեւեալ համարները՝ Ա. Կորնթացիս 13։4. Կողոսացիս 3։14. եւ Ա. Պետրոս 4։8–ը՝ ամփոփ կերպով բացատրեցէք թէ ինչպէ՛ս այս սկզբունքները կիրարկելը կրնայ ընտիր արդիւնքներ յառաջ բերել։] Ասիկա օրինակ մըն է որ ցոյց կու տայ ինչպէ՛ս Աստուածաշունչը մեր խնդիրներուն գործնական լուծումներ կը մատուցանէ։ Յաջորդ անգամ, կը փափաքիմ ձեզի ցոյց տալ ուրիշ կերպ մը որով Աստուածաշունչը կրնայ մեզի օգնել որ ուրախութիւն ու մտքի խաղաղութիւն գտնենք»։
6 Աւելի մեծ գանձ մը չկայ զոր կրնանք ուրիշներու փոխանցել քան Աստուծոյ Խօսքին ճշգրիտ գիտութիւնը։ Այսպիսի գիտութիւն մը կրնայ Եհովայի վախը ուսուցանել եւ մարդիկ քաջալերել որ իր ճամբուն մէջ քալեն, որ յաւիտենական օրհնութիւններ կը բերէ։—Առ. 2։20, 21