Բարի Լուր Հեզերուն Համար
1 Կ’ապրինք վերահաս դատաստանի ժամանակի մը մէջ։ (Եզեկ. 9։5, 6) Ստիպողական է որ ամէնուրեք հեզ մարդիկ տեղեակ ըլլան, որպէսզի կարենան պատրաստուիլ գալիքին համար։ Իր ողորմութեամբ, Եհովա իր ժողովուրդին յանձնարարած է որ ‘հեզերուն բարի լուր տան’։ (Եսայ. 61։1, 2) Մեր պարբերաթերթերը մեզի կ’օգնեն որ այս բարի լուրը ամէնուրեք յայտարարենք։
2 Դիտարանն ու Զարթի՛րը կը հայթայթեն հոգեւոր հաստատուն կերակուր որ մեզ կը զօրացնէ ու կը մղէ։ Դիտարանը կը մխիթարէ հեզերը այն բարի լուրով թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը շուտով երկիրը դրախտի մը պիտի վերածէ։ Զարթի՛րը վստահութիւն կը կերտէ Ստեղծիչին խոստումին վրայ՝ խաղաղ եւ ապահով նոր աշխարհի մը նկատմամբ։ Այս պարբերաթերթերուն լայնատարած բաշխումը ամենէն արագ միջոցներէն մէկն է բարի լուրը հեզերուն բերելու։ Ամենավերջին թիւերուն մէջ ի՞նչ խօսակցական կէտեր կրնանք աչքառու դարձնել։
3 Կրնաս Մայիս 1 «Դիտարան»ը (Անգլ.) ներկայացնել, ցոյց տալով «Աստուածաշունչի Առօրեայ Ընթերցանութենէն Օգտուիլ» յօդուածը եւ հարցնելով հետեւեալ հարցումը.
◼ «Ի՞նչ օգուտ կը խորհիս որ կրնանք քաղել Աստուածաշունչը ընթերցելով։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Աստուածաշունչը՝ Հռովմայեցիս 15։4–ին մէջ՝ ինք կ’օգնէ մեզի որ այդ հարցումին մասին մտածենք։ [Կարդա Հռովմայեցիս 15։4–ը։] Մեր համայնքին մէջ մարդոց մեծամասնութիւնը Աստուածաշունչ մը ունի, բայց քիչեր ժամանակ կը գտնեն զայն կանոնաւորապէս կարդալու։ Մենք կը հաւատանք որ ապագային նկատմամբ միակ վստահելի յոյսը Աստուածաշունչին մէջ կը գտնուի եւ պիտի օրհնուինք եթէ զայն կարդանք»։ Յաւելեալ յարմար մեկնաբանութիւններ ըրէ, եւ ետքը պարբերաթերթերը ներկայացուր։
4 Մայիս 15 «Դիտարան»ը (Անգլ.) ցցուն կ’ընէ ուշագրաւ յօդուած մը որու խորագիրն է՝ «Նոր Կեանք մը Մեր Նախահայրերուն Համար»։ Կրնաս հետաքրքրութիւն արթնցնել այս բացումով.
◼ «Շատեր յաճախ հարց տուած են թէ իրենց նախահայրերը ի՛նչպիսի անհատներ էին։ Որովհետեւ անոնք մեռած են, մարդոց մեծամասնութիւնը կ’եզրակացնէ թէ մենք երբեք պիտի չգիտնանք։ Կը խորհի՞ս որ կարելիութիւն կայ մեր նախահայրերը ճանչնալու»։ Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Կարդա Յովհաննու 5։28, 29–ն եւ բացատրէ թէ ինչպէ՛ս Աստուած խոստացած է նոր կեանք մը անոնց տալ դրախտ երկրի մը մէջ։
5 Կրնաս Մայիս 8 «Զարթի՛ր»ը ներկայացնել հարցում մը հարցնելով.
◼ «Ըստ քու կարծիքիդ, ի՞նչ բանի կարիքը կայ որպէսզի կեանքը իրապէս արժէ ապրիլ»։ Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ակնարկէ «Ի՞նչ Է Կեանքին Իմաստը» յօդուածին, էջ 26, եւ կարդա Սողոմոնի խօսքերը Ժողովողի 2։11–ի մէջ։ Յետոյ, ցոյց տուր անոր խրատը՝ գլուխ 12, համար 13–ին մէջ։ Տանտէրը քաջալերէ որ պարբերաթերթը ընդունի։
6 Եթէ պարբերաթերթերով կը ծառայես Մայիս 14–էն առաջ, վստահ եղիր որ հետդ առնես Թագաւորութեան Լուրեր թիւ 34–էն օրինակներ եւ զանոնք ներկայացնես ոեւէ անհատի որ դեռ օրինակ մը չէ ստացած։ Երբ պարբերաթերթեր կը բաշխենք, պէտք է յիշենք որ տանտէրները հրաւիրուած են պզտիկ նուիրատուութիւն մը ընելու մեր գործին թիկունք կանգնելու համար, եթէ կը փափաքին։ Պէտք է միշտ պատրաստ ըլլանք մեր գրականութիւնները բաժնեկցելու, գիտակցելով որ անոնք կարելի է որ կարդացուին ընտանիքի ուրիշ անդամներու կողմէ, ինչպէս նաեւ՝ զիրենք այցելող բարեկամներու կողմէ։ (Ա. Տիմ. 6։18) Հեզերուն մեր բերած բարի լուրը կրնայ անոնց կեանքը փրկել։—Ա. Տիմ. 4։16