Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 4/96 էջ 8
  • Արժանի Եղողները Փնտռենք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Արժանի Եղողները Փնտռենք
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1996)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ձեր Դրացիին Խօսեցէք Ճշմարտութեան Մասին
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1996)
  • «Հաւա՛տքը Լսելէն Է»
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1996)
  • Դիտարան եւ Զարթի՛ր—Ճշմարտութեան ժամանակայարմար պարբերաթերթեր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
  • Ապրիլի Ընթացքին Պարբերաթերթի Գործունէութեան Պատրաստուինք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1996)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1996)
թծ 4/96 էջ 8

Արժանի Եղողները Փնտռենք

1 Քարոզչութեան գործին նպատակներէն մէկն է գտնել զանոնք որոնք «յաւիտենական կեանքի սահմանուած» են։ (Գործք 13։48) Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերուն ցրուումը ասիկա իրագործելու հոյակապ կերպ մը փաստած է ըլլալ, քանի որ մեր պարբերաթերթերը Թագաւորութեան յոյսին նկատմամբ մարդոց տեղեակ կը պահեն։ Ապրիլ ամսուան ընթացքին պարբերաթերթերը պիտի ներկայացնենք։ Կ’ակնկալենք որ, երբ հետաքրքրութիւն ցուցաբերուի, կարենանք Գիտութիւն մը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ գրքով Աստուածաշունչի նոր ուսումնասիրութիւններ սկսիլ։ Հետեւեալը կարգ մը գործնական թելադրութիւններ է.

2 Երբ 1 Ապրիլ Անգլերէն «Դիտարան»ը կը գործածես, կրնաս «Յաւիտենական Թագաւորը Փառաբանեցէ՛ք» խորագրով յօդուածը աչքառու դարձնել, որ անցեալ տարուան նահանգային համաժողովի հանրային դասախօսութեան վրայ կը կեդրոնանայ, ու հետեւեալը ըսել.

◼ «Շատ մը մարդիկ, որոնց հետ խօսակցած ենք, Աստուծոյ հանդէպ հաւատք ունին։ Ուրիշներ անոր հաւատալը դժուար կը գտնեն։ Դուն ի՞նչ կը խորհիս։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Մենք շօշափելի ապացոյցներով շրջապատուած ենք, որոնք կը փաստեն որ Աստուած մը պէտք է ըլլայ։ [Կարդա Սաղմոս 104։24։] Երբ լուսանկարչական մեքենայ մը կամ համակարգիչ մը կը տեսնենք, անմիջապէս կ’ընդունինք որ անոնք մտացի ծրագրողի մը կողմէ շինուած են։ Տրամաբանական պիտի ըլլա՞ր ըսել որ ա՛լ աւելի խրթին իրերը, ինչպէս՝ երկրագունդը եւ մարդ արարածը, դիպուածով ծագում առած են»։ Աստուծոյ հաւատալու լուրջ պատճառ մը ցոյց տալու համար, յօդուածին մէջէն պարբերութիւն մը գործածէ։ Եթէ հետաքրքրութիւն ցուցաբերուի, պարբերաթերթերը ներկայացուր։

3 15 Ապրիլ Անգլերէն «Դիտարան»ը ուշագրաւ կը դարձնէ «Ճշմարիտ Պաշտամունքը Ինչո՛ւ Աստուծոյ Օրհնութիւնը կը Ստանայ» խորագրով յօդուածը։ Զանիկա ներկայացնելէ առաջ, կրնաս ըսել.

◼ «Կը խորհի՞ս որ աշխարհի մէջ եղող հարիւրաւոր կրօնքները Աստուծոյ ընդունելի են։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Յիսուս գուշակեց որ, հակառակ շատ մը կրօնասէր անհատներու դաւանութեան, Աստուծոյ կամքը չընողները պիտի մերժուին։ [Կարդա Մատթէոս 7։21–23։] Կարեւոր է որ Յիսուսի սորվեցուցած ճշմարիտ կրօնքը բնորոշենք»։ Բաց «Ճշմարիտ Կրօնքը Ի՞նչ Պտուղ Պէտք Է Արտադրէ» ենթագլուխը, էջ 16–էն սկսեալ, եւ կէտը լուսաբանելու համար օրինակ մը նկատի առ։

4 Երբ ցցուն կ’ընես 22 Ապրիլ «Զարթի՛ր»ին գլխաւոր նիւթը՝ «Երբ Պատերազմներ Այլեւս Պիտի Չըլլան», թերեւս կ’ուզես հետեւեալը ըսել.

◼ «Այս դարուս մէջ հարիւրաւոր պատերազմներ մղուած են, ի ներառեալ համաշխարհային երկու պատերազմներ։ Սակայն աշխարհի գրեթէ բոլոր առաջնորդները կ’ըսեն թէ խաղաղութիւն կ’ուզեն։ Ինծի ծանօթ եղող բոլոր անհատները նոյն բանը կ’ըսեն։ Եթէ ամէն ոք խաղաղութիւն կ’ուզէ, անոնք ինչո՞ւ չեն կրնար զայն իրագործել։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Ըստ կարծիքիդ, ի՞նչ բանի կարիքը կայ որպէսզի երկրի վրայ իրական խաղաղութիւն տեսնենք»։ Տանտիրոջ պատասխանէն ետք, բաց 8 եւ 9–րդ էջերը ու կարդա կարգ մը համարներ, ինչպէս՝ Սաղմոս 46։8, 9։ Պատկերները ու մէջբերուած համարները գործածելով, ցոյց տուր թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՛նչպէս համաշխարհային խաղաղութիւն պիտի բերէ որ յաւիտեան պիտի գոյատեւէ։ Ապա տանտիրոջ հարցուր թէ կը փափաքի՞ պարբերաթերթը կարդալ, ու կարգադրէ վերադառնալ։

5 Եթէ հանդիպիս շատերու որոնք կ’ըսեն թէ զբաղած են, կրնաս հետեւեալը փորձել.

◼ «Մենք հետաքրքրուած ենք այն մարդոց օգնելով որոնք զբաղած կեանքեր կը վարեն ու քիչ ժամանակ կը գտնեն որ կեանքին հոգեւոր երեսակին վրայ խոկան։ Մեր պարբերաթերթերը՝ Դիտարանն ու Զարթի՛րը՝ ծրագրուած են քեզի եւ ընտանիքիդ ազդող կարեւոր հարցերու նկատմամբ հակիրճ տեղեկութիւններ հայթայթելու։ Կը փափաքիմ այս օրինակները քեզի ձգել որպէսզի զանոնք կարդաս»։

6 Մի մոռնաք որ պարբերաթերթերը ընդունողներուն պատեհութիւն մը տաք մեր համաշխարհային գործին համար նուիրատուութիւն ընելու։ Անոնք վստահաբար պիտի օգտուին Դիտարանը ու Զարթի՛րը կարդալով, որոնք «աւելի լաւ բանի մը բարի լուրը» կը բերեն։—Եսայ. 52։7, ՆԱ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել