Ուրիշներուն Օգնենք որ Մխիթարութիւն Գտնեն
1 Շատեր ձանձրացած են աղէտներու, պատերազմներու, ոճիրի եւ տառապանքի մասին լսելէ։ Մարդկութիւնը իրապէս կարիքը ունի ներկայ լուրերուն մէջ բացայայտօրէն գոյութիւն չունեցող մխիթարութեան։ Մխիթարել կը նշանակէ մէկու մը «զօրութիւն ու յոյս տալ» եւ անոր «վիշտը եւ նեղութիւնը թեթեւցնել»։ Որպէս Եհովայի Վկաներ, զինուած ենք մարդոց այս կերպով օգնելու։ (Բ. Կորն. 1։3, 4) Յուլիս եւ Օգոստոս ամսուան ընթացքին Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած մեր ներկայացնելիք գրքոյկները, ճշմարտութեան մխիթարական պատգամներ կը բովանդակեն։ (Հռովմ. 15։4) Ահաւասիկ կարգ մը թելադրութիւններ, որպէսզի զանազան պարագաներու ներքեւ զանոնք ներկայացնենք.
2 Եղերական լուր մը կրնայ վկայելու պատեհութիւն մը ստեղծել եւ ուրիշներու մխիթարութիւն բերել, թերեւս ըսելով ասոր նման բան մը.
◼ «Երբ այսպիսի բաներ կ’ըլլան, ոմանք հարց կու տան թէ Աստուած իրապէս գոյութիւն ունի՞ եւ եթէ այո, ան կը հոգա՞յ մեզի։ Ի՞նչ կը խորհիք։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Որոշելու համար թէ Աստուած մը կայ թէ ոչ, կերպերէն մէկն է՝ լաւ–հաստատուած սկզբունք մը կիրարկել»։ Կարդացէք Եբրայեցիս 3։4–ը։ Ցոյց տուէք մեր շուրջը գտնուող ուրիշ բաներ, որոնք բացայայտօրէն շինող մը կը պահանջեն։ Ապա շարունակեցէք. «Գրքոյկ մը ունիմ, զոր կը խորհիմ մխիթարական պիտի գտնէք։ Անոր խորագիրն է՝ Աստուած Իրապէս Հոգ կը Տանի՞ Մեզի։ [Կողքին վրայի հարցումները կարդացէք։] Անիկա համոզիչ ապացոյցներ կը պարունակէ, ոչ միայն Աստուծոյ գոյութեան մասին, այլ, թէ ան շուտով վերջ մը պիտի դնէ մեր դիմագրաւած բոլոր անարդար վիճակներուն։ Կը փափաքի՞ք զայն կարդալ»։ Վերադառնալու համար կարգադրութիւն ըրէք։
3 Վերայցելութեան ատեն, կրնաք հարցնել.
◼ «Երբ կը խօսակցէինք Աստուծոյ գոյութեան ապացոյցներուն մասին, ձեր քով ձգեցի՝ Աստուած Իրապէս Հոգ կը Տանի՞ Մեզի գրքոյկը։ Թերեւս նկատի առիք էջ 7–ի վրայ գտնուող այս կէտը։ [Պատկերը ցոյց տուէք եւ ամփոփեցէք 15–րդ պարբերութիւնը։] Ասիկա միայն մէկ օրինակ մըն է, ցոյց տալու համար թէ հոգատար Աստուած մը իրապէս գոյութիւն ունի։ [Կարդացէք էջ 9, պարբերութիւն 27։] Աստուածաշունչի անձնական ուսումնասիրութիւն մը, ինծի օգնած է կեանքի ամէնօրեայ դժուարութիւններուն հետ գլուխ ելլելու, որովհետեւ անիկա հարցերու շուրջ Աստուծոյ տեսակէտը կու տայ»։ Առաջարկեցէք ուսումնասիրութիւն մը ցուցադրել։
4 Կրնանք հեռաձայնով վկայել, գործածելով «‘Ահա Ամէն Բաները Նոր կ’Ընեմ’» գրքոյկը։ Կրնաք դուք ձեզ ներկայացնել ըսելով.
◼ «Ձեզի կը հեռաձայնեմ կարեւոր պատգամով մը, քանի որ չեմ կրնար գալ, ձեզի անձամբ տեսնելու համար»։ Կարդացէք գրքոյկին էջ 14–ի վրայ գտնուող 27–րդ պարբերութիւնը, ասիկա բնական ձեւով ընելով, ինչպէս որ անհատին հետ դէմ առ դէմ պիտի խօսակցէիք։ Հարցուցէք թէ ի՛նչ կը խորհի եւ թոյլ տուէք որ պատասխանէ։ «Աստուածաշունչս բացած եմ Յայտնութիւն 21։3-5–ին։ Այս համարները ցոյց կու տան թէ Աստուած մօտ ապագային ի՛նչ պիտի ընէ ի նպաստ մեզի։ Կը փափաքի՞ք որ համարները կարդամ»։ Անկէ ետք, բացատրեցէք այս գրքոյկին նպատակը եւ հարցուցէք թէ ի՛նչ կերպով կրնաք օրինակ մը իրեն ղրկել։
5 Վերայցելութեան ատեն, ուսումնասիրութիւն մը սկսելու համար, կրնաք այս մօտեցումը գործածել.
◼ «Կը փափաքիմ մեր նախորդ խօսակցութիւնը շարունակել, բացատրելով թէ ինչո՛ւ յաւիտենական կեանքը երկրի վրայ կարելի ու ստոյգ է։ [«Ահա» գրքոյկին էջ 21–ի վրայ գտնուող 42–րդ պարբերութիւնը յարասեցէք։] Յայտնութիւն 4։10–ն ցոյց կու տայ որ Եհովա Աստուած մեր Ստեղծիչն է։ [Կարդացէք։] Ան վստահաբար մեզ ստեղծելու պատճառ մը պէտք էր ունենար։ Անոնք որոնք փափաքեցան այդ պատճառը գիտնալ, Աստուծոյ գրաւոր Խօսքը՝ Աստուածաշունչը՝ ուսումնասիրեցին։ Կը փափաքիմ ձեզի այդ պատեհութիւնը ներկայացնել»։ Բացատրեցէք թէ տան սուրբ գրային ուսումնասիրութեան մեր ձրի դասընթացքը ի՛նչպէս կ’ըլլայ, ապա ուսումնասիրութիւնը սկսելու կարգադրութիւններ ըրէք։
6 Այս դրական մօտեցումը կրնայ մխիթարել սիրելի մը կորսնցնող անհատները.
◼ «Հանրային ծառայութիւն մը կը մատուցանեմ բոլոր անոնց որոնք սիրելի մը կորսնցուցած են։ Քանի որ ասիկա ամենադժուար բաներէն մէկը կրնայ ըլլալ, որու հետ մեզմէ ոեւէ մէկը գլուխ պէտք է ելլէ, «Ահա Ամէն Բաները Նոր կ’Ընեմ» խորագրով այս գրքոյկը պատրաստուած է։ Ասիկա օգնած է միլիոնաւոր մարդոց։ Կը փափաքիմ ցոյց տալ թէ անիկա ի՛նչ կ’ըսէ Յիսուս Քրիստոսի ըրած ցնծալի մէկ խոստումին մասին։ [Կարդացէք էջ 20–ի վրայ գտնուող 39–րդ պարբերութեան վերջին մասը եւ ուշադրութեան յանձնեցէք նոյն էջին վրայ գտնուող պատկերը։] Եթէ կը փափաքիք այս մխիթարական գրքոյկը կարդալ, ուրախ պիտի ըլլամ զայն ձեր քովը ձգելով»։
7 Երբ վերադառնաք, կրնաք դարձեալ ցոյց տալ «‘Ահա Ամէն Բաները Նոր կ’Ընեմ’» գրքոյկին էջ 20–ի վրայ եղող պատկերը, ապա ըսել.
◼ «Յիշեցէք մեր խօսակցութիւնը յարութեան յոյսին մասին։ [Նկատի առէք 40 եւ 41–րդ պարբերութիւններուն տեղեկութիւնները։] Եթէ սրտանց կ’ուզէք համոզուիլ թէ կրնաք ձեր մեռած սիրելին դարձեալ տեսնել, թոյլ տուէք որ ձեզի օգնեմ յարութեան յոյսին հաւատք ընծայելու»։ Տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւն մը առաջարկեցէք։
8 Կը մաղթենք որ յառաջիկայ ամիսներուն մեր լաւագոյնը ընենք Յիսուսը ընդօրինակելու, ‘բոլոր սգաւորները մխիթարելով’։—Եսայ. 61։2