Շրջանային Համաժողովի Նոր Յայտագիր
Սեպտեմբերէն սկսեալ, շրջանային համաժողովի երկօրեայ յայտագրին բնաբանն է՝ «Եհովայի Օրը Միշտ Ի Մտի Ունենանք»։ (Բ. Պետ. 3։12, ՆԱ) Անիկա ծրագրուած է, որ մեր ստիպողականութեան զգացումը արթնցնէ։ Շուտով, Եհովայի դատաստանները երկրի բնակիչներուն վրայ ի գործ պիտի դրուին։ Որո՞նք պիտի վերապրին «Ամենակալ Աստուծոյ այն մեծ օր»էն։ Միմիայն անոնք որոնք հոգեւորապէս արթուն կը մնան եւ կը հաստատեն ‘սուրբ վարմունքի ու բարեպաշտութեան’ կենցաղ մը։—Յայտ. 16։14. Բ. Պետ. 3։11
Որպէսզի անհատ մը Եհովայի օրէն վերապրի, մկրտութիւնը անհրաժեշտ է։ (Ա. Պետ. 3։21) Այս համաժողովին մկրտուիլ փափաքող հրատարակիչները, վերակացու տեսուչին տեղեակ պէտք է պահեն, որպէսզի անհրաժեշտ եղած կարգադրութիւնները ընէ։
«Ի՛նչպիսի Անձեր Պէտք Է Ըլլանք» խորագրով, չորս մասերէ բաղկացած յօդուածաշարք մը, յստակօրէն ցոյց պիտի տայ թէ ի՛նչ քայլեր պարփակուած են, Եհովայի օրը ի մտի ունենալուն մէջ։ «Իմաստութեամբ Վարուեցէք Մինչ Եհովայի Օրը կը Մօտենայ» խորագրով հանրային դասախօսութիւնը, պիտի բացատրէ թէ ի՛նչ կը նշանակէ՝ վերապրող մը ըլլալու համար ‘Եհովան, արդարութիւնը եւ խոնարհութիւնը փնտռել’։—Սոփ. 2։3
Շրջանային համաժողովը պիտի եզրափակուի, շրջանային տեսուչներու կողմէ ներկայացուելիք երկու ոգեւորիչ դասախօսութիւններով, որոնց խորագիրներն են. «Ձեր Կեանքը Ճշմարտութեան Շուրջ կը Կեդրոնանա՞յ» եւ «Եհովայի Օրը Ի Մտի Ունենալով՝ Ապագային Համար Ծրագրենք»։ Այս դասախօսութիւնները մեզ պիտի մղեն որ մեր կեանքը քննենք ու պէտք եղած բարեճշդումները մտցնենք։ Աստուածաշունչի մարգարէութիւնը եւ աշխարհի անցուդարձերը յստակօրէն կը մատնանշեն թէ Եհովայի օրը մօտ է։ Համաժողովի այս յայտագիրը պիտի քաջալերէ մեզ որ ‘արթուն կենանք ու հսկենք’։ (Ա. Պետ. 5։8) Երկու օրերուն ալ ներկայ գտնուելու համար, հաստատ ծրագիրներ ըրէք։