Ուսուցիչներ Պէտք Է Ըլլանք, Ոչ Միայն՝ Քարոզիչներ
1 Ոմանք նկատած են որ «Եհովայի Վկաները իրենց քարոզչութեամբ բառացիօրէն երկիրը ծածկած են»։ Ասիկա ի՞նչպէս կարելի եղած է։ Ոչ թէ մարդկային ոյժով կամ զօրութեամբ, այլ Աստուծոյ հոգին իր ծառաներուն վրայ ներգործելով, մինչ անոնք կ’օգտագործեն զանազան գործիքներ իրենց քարոզելու եւ ուսուցանելու յանձնարարութիւնը կատարելու համար։—Զաք. 4։6. Գործք 1։8
2 Տպուած էջը մեր քարոզչութիւնը կատարելու ազդեցիկ միջոց մըն է։ Տարիներու ընթացքին Եհովայի Վկաներու կողմէ միլիառաւոր գրքեր, գրքոյկներ, պարբերաթերթեր եւ թերթիկներ տպուած ու բաշխուած են, Թագաւորութեան բարի լուրը ճանչցնելու համար։ 1997–ի Տարեգիրք–ին տեղեկագրութիւնը ցոյց կու տայ թէ գրականութիւններու արտադրութիւնը նոր գագաթ թիւեր արձանագրած է։ Օրինակ, Աստուածաշունչի Նոր Աշխարհի Թարգմանութենէն աւելի քան 91 միլիոն օրինակներ տպուած են։ Միացեալ Նահանգներուն մէջ մէկ տարուան ընթացքին, Դիտարան ու Զարթի՛ր պարբերաթերթերուն տպաքանակը 7.1 առ հարիւր աւելցաւ։ Գերմանիոյ մէջ, պարբերաթերթերու տպաքանակը 35 առ հարիւր աւելցաւ։ Հոն արտադրուող պարբերաթերթերուն մէկ երրորդը ռուսական դաշտին համար է։
3 Ինչո՞ւ այսքան շատ գրականութեան կարիքը կայ։ Համայն աշխարհի մէջ, ամէնուրեք մարդոց վկայելու նկատմամբ մեզի տրուած քաջալերութեան հիանալի ընդառաջում կը ցուցաբերուի։ Քանի որ երթալով աւելի շատ անհատներ իրենց վկայութեան գործունէութիւնը կ’ընդարձակեն՝ հանրային վայրերու մէջ, փողոցները, առեւտրական թաղամասերու մէջ՝ այս պատճառաւ աւելի մեծ քանակով գրականութիւններ կը տեղաւորուին որոշ չափով հետաքրքրութիւն ցուցաբերողներուն։ Անոնցմէ շատեր գրեթէ բնաւ պատեհութիւն չէին ունեցած Թագաւորութեան պատգամը լսելու։ Այս կարիքը լեցնելու համար, ժողովքները ծառայութեան բոլոր երեսակներուն մէջ գործածուելիք գրականութիւններ ձեռնտու կը դարձնեն։
4 Գրականութիւններ Բաշխելով Ի՞նչ Նպատակակէտ կը Հետապնդենք. Մեր նպատակը պարզապէս գրականութիւն տեղաւորել չէ։ Աշակերտելու յանձնարարութիւնը երկու երեսակներ ունի՝ քարոզել եւ ուսուցանել։ Նախ եւ առաջ, Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելու առանձնաշնորհումը ունինք, մարդոց տեղեակ պահելու համար որ անիկա մարդկութեան միակ յոյսն է։ (Մատթ. 10։7. 24։14) Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած մեր գրականութիւնները փաստուած են որ ազդու միջոց մըն են հետաքրքրութիւն արթնցնելու ու ուրիշներուն Թագաւորութեան մասին գիտութիւն հաղորդելու։
5 Երկրորդ, եթէ կ’ուզենք աշակերտել, Յիսուսի պատուիրած բոլոր բաներն ալ պէտք է սորվեցնենք։ (Մատթ. 11։1. 28։19, 20) Դարձեալ, գրականութիւնները կարեւոր դեր ունին հետաքրքրուողներուն սրտին մէջ ճշմարտութիւնը դրոշմելու, անոնց օգնելով որ աշակերտներ դառնան։
6 Գրականութիւններ ընդունողները կրնան ‘խօսքը լսողներ’ ըլլալ, բայց եթէ մէկը անոնց չօգնէ, անհաւանական է որ զայն կատարողներ դառնան։ (Յակ. 1։22-25) Քիչեր աշակերտ պիտի դառնան, բացի եթէ անհատ մը զիրենք առաջնորդէ։ (Գործք 8։30, 31) Անոնք կարիքը ունին ուսուցիչի մը, որ կրնայ իրենց օգնել Աստուածաշունչին մէջ գտնուած ճշմարտութենէն վստահ ըլլալու։ (Գործք 17։2, 3) Մեր նպատակակէտն է անոնց օգնել նուիրումի ու մկրտութեան հասնելու, ինչպէս նաեւ՝ մարզել որ բաւարար չափով որակելի ըլլան ուրիշներուն սորվեցնելու։—Բ. Տիմ. 2։2
7 Յաւելեալ Ուսուցիչներու Մեծագոյն Կարիքը Կայ. Երբ կը քարոզենք, բարի լուրը հանրապէս յայտարարած կ’ըլլանք։ Սակայն, ուսուցանելը կը նշանակէ անհատի մը աստիճանաբար սորվեցնել։ Մինչ քարոզչութիւնը ուրիշները տեղեակ կը պահէ Թագաւորութեան պատգամին մասին, ուսուցանելը անհատներուն կ’օգնէ բարի լուրը ընդունելու ու անոր համաձայն գործելու։ (Ղուկ. 8։15) Ուսուցիչ մը ծանուցանելէ աւելին կ’ընէ. ան կը բացատրէ, լաւ պատճառաբանութիւններով կը տրամաբանէ, ապացոյցներ կը ներկայացնէ եւ կը համոզէ։
8 Որչափ որ կարելի է, մեզմէ շատեր ուսուցիչներ պէտք է ըլլան, ոչ միայն քարոզիչներ։ (Եբր. 5։12ա) Գրականութիւններ բաշխելը մեր գործին կենսական մէկ մասն է, բայց մեր ծառայութեան երկրորդ նպատակը իրագործելը, գլխաւորաբար կախեալ է որպէս ուսուցիչներ մեր ըրածէն։ Թէեւ կ’ուրախանանք գրականութիւն մը տեղաւորելով, բայց մեր ծառայութիւնը լիովին կատարելու համար, զայն մեր վերջնական նպատակակէտը պէտք չէ նկատենք։ (Բ. Տիմ. 4։5) Գրականութիւններ տեղաւորելը ուրիշներուն ճշմարտութիւնը սորվեցնելու առիթներ բանալու ազդու միջոց մըն է։
9 Աստուածաշունչի Ուսումնասիրութիւններ Սկսելու Համար Վերայցելութիւններ Ըրէք. Հաւանաբար, բոլորս ալ որոշ թիւով գրքեր, գրքոյկներ եւ պարբերաթերթեր տեղաւորած ենք, որու հետեւանքով վերայցելութիւններու ցանկ մը ունինք։ Անոնց հետաքրքրութիւնը գրգռելու համար, վերայցելելու կանոնաւոր յայտագիր մը պէտք է ընենք։ Վերայցելելու մեր գլխաւոր նպատակակէտը աւելի գրականութիւններ տեղաւորել չէ, այլ մարդոց քաջալերել որ իրենց ունեցած գրականութիւնը կարդան ու անկէ օգտուին։ Հոգեւորապէս ո՞րքան յառաջդիմութիւն արձանագրած պիտի ըլլայինք եթէ անհատ մը կրկնակիօրէն չվերադառնար ու չօգնէր որ ճշգրիտ գիտութիւն ձեռք ձգէինք։—Յովհ. 17։3
10 Ցուցաբերուած ամէն հետաքրքրութիւն հետապնդեցէք, ի մտի ունենալով ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ՝ Աստուած Ի՛նչ կը Պահանջէ Մեզմէ գրքոյկով կամ Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ գրքով։ Այս երկու գրականութիւնները Թագաւորութեան պատգամը դիւրահասկնալի կերպով կը ներկայացնեն։ Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը լիակատար դասընթացք մը կը բովանդակէ եւ կը ծածկէ Աստուածաշունչի հիմնական ուսուցումները։ Գիտութիւն գիրքը կ’օգնէ որ անհատ մը ճշմարտութիւնը աւելի մանրամասն կերպով ուսուցանէ, բայց եւ այնպէս պարզ, յստակ ու հակիրճ կերպով։
11 Յունիս 1996 Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին յաւելուածականին մէջ գտնուած ուսուցանելու պարզաբանուած յայտագիրը, ուսուցիչին համար սորվեցնելը ու աշակերտին համար ալ սորվիլը կը դիւրացնէ։ Ձեր քով այդ յաւելուածականէն օրինակ մը պահեցէք, վերաքաղ ընելու համար անոր մէջ գտնուած ուսուցանելու ազդեցիկ մեթոտները եւ հմտութիւնները։ Անոր տուած կարգ մը թելադրութիւններն են. աշակերտին հանդէպ անձնական, անկեղծ հետաքրքրութիւն ի՛նչպէս ցուցաբերել, մէկ նիստով ո՛րքան նիւթ ծածկել, ի՛նչ ընել եթէ նիւթին հետ կապ չունեցող հարցումներ յարուցուին, աշակերտը եւ ուսուցիչը ի՛նչպէս կրնան նախապէս դասը պատրաստել եւ աշակերտը ի՛նչպէս Եհովայի կազմակերպութեան ուղղել։ Թելադրութիւններուն հետեւելով, մեզմէ շատեր, մէջը ըլլալով նորեկները, յառաջդիմական ուսումնասիրութիւններ վարելու կարող պիտի ըլլան։
12 Դաշտին Մէջ Արձանագրուած Յաջողութեան Մասին Տեղեկագրութիւններ. Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը եւ Գիտութիւն գիրքը, աշակերտելու գործընթացը արագացնելու մէջ փաստեցին արժէքաւոր օգնականներ ըլլալ։ Պոլիվիոյ մէջ եղբայր մը, երբ ստացաւ Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը, անմիջապէս զայն գործածեց մարդու մը հետ ուսումնասիրելու համար։ Չորս ամիս ետք, նահանգային համաժողովին, այս աշակերտը մկրտութեան ուրախ թեկնածուներու շարքին մէջ կը գտնուէր։
13 Շատեր Գիտութիւն գրքին ուսումնասիրութիւնը աւարտելէն ետք մղուեցան իրենց կեանքերը Եհովայի նուիրել։ Անկոլայի մէջ, ժողովքի մը հրատարակիչներուն վարած Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններուն թիւը 190–էն 260–ի բարձրացաւ, իսկ ներկաներուն թիւը՝ 180–էն 360–ի, այդ շրջանին մէջ Գիտութիւն գիրքը գործածուելու սկսելէն միայն չորս ամիս ետք։ Անկէ քիչ ետք, անհրաժեշտ եղաւ նոր ժողովք մը կազմել։
14 Եղբայր մը, Գիտութիւն գրքով իր առաջին ուսումնասիրութիւնը սկսելէն յետոյ, ըսաւ որ անով դաս վարելը «պարզ է, եթէ վարողը միայն հարցումները հարցնէ, նիւթին կիրարկուող համարներէն ոմանք կարդայ եւ վստահ ըլլայ որ աշակերտը կը հասկնայ»։ Թէեւ ան միշտ կը խորհէր թէ միայն շատ որակելի եղբայրներ կրնան յառաջդիմական դասեր վարել եւ թէ ինք երբեք կարող չէ, սակայն հիմա ան կը գիտակցի որ ինքն ալ կրնայ. ան կ’ըսէ. «Եթէ ես կրնամ, ուրեմն ամէն անհատ կրնայ»։
15 Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարելով որպէս մեր ծառայութեան մէկ մասը, կրնանք իրագործել աշակերտելու նպատակակէտը։ Ծառայութեան այս երեսակին մասնակցելու կարողութիւնը մշակողները, զայն իրապէս գոհացուցիչ ու մեծապէս վարձահատոյց կը գտնեն։ Կը մաղթենք որ մեր մասին ալ ըսուի թէ «կը քարոզէր Աստուծոյ թագաւորութիւնը։ Տէր Յիսուս Քրիստոսին վրայով . . . կը սորվեցնէր կատարեալ համարձակութեամբ»։—Գործք 28։32