Մեր Դրացիները Բարի Լուրը Լսելու Կարիքը Ունին
1 Աստուծոյ կամքն է «որ բոլոր մարդիկ փրկուին ու ճշմարտութիւնը ճանչնան»։ (Ա. Տիմ. 2։4) ‘Բոլոր մարդոց’ մէջ կը պարփակուին մեր բոլոր դրացիները։ Բարի լուրը անոնց տանիլը կը պահանջէ որ մեր ներկայացումները ճկուն ըլլան եւ մեր հանդիպած իւրաքանչիւր անհատին մտահոգող հարցով հետաքրքրուած ըլլանք։ (Ա. Կորն. 9։19-23) Եհովայի կազմակերպութիւնը գործիքներ հայթայթած է, որոնց օգնութեամբ կրնանք «յաւիտենական կեանքի սահմանուած»ներուն սրտերուն հասնիլ։ (Գործք 13։48) Նկատի առնենք թէ Յուլիսին եւ Օգոստոսին ի՛նչպէս կրնանք գրքոյկներու այլազանութիւն մը գործածելով մեր դրացիներուն հոգեւոր կարիքներուն կոչ ընել։
2 Ներկայացուելիք Գրքոյկներ. Հետեւեալ թելադրութիւնները օգտակար կրնան ըլլալ, երբ որոշ գրքոյկներ կը ներկայացնէք։ Իւրաքանչիւր թելադրութիւն կը պարփակէ (1) խօսակցութիւն մը սկսելու համար միտք գրգռող հարցում մը, (2) գրքոյկին մէջ այս նիւթին մասին խօսուած տեղը, եւ (3) խօսակցութեան ընթացքին ընթերցուելիք պատշաճ համար մը։ Ներկայացումին մնացեալ մասերը դուք ձեր բառերով շինեցէք, անհատին ընդառաջումին համաձայն։ Գրքոյկներուն մեծամասնութեան պարագային, Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին նախկին մէկ թիւին ակնարկում եղած է, ուր կրնաք այս գրքոյկին մասին աւելի մանրամասն ներկայացում մը գտնել։
Աստուած Իրապէս Հոգ կը Տանի՞ Մեզի.
Ըստ ձեզի, վատ վերաբերմունքի ենթարկուած անհատներու օգնելու համար ի՞նչ յոյս կայ։—Էջ 27-28, պարբերութիւն 23-27. Եսայ. 65։17, 18. թծ 7/97 էջ 4։
«Ահա Ամէն Բաները Նոր կ’Ընեմ».
Ձեր կարծիքով, մարդիկ ինչո՞ւ կը մեռնին։—Էջ 15-17, պարբերութիւն 30-33. Հռովմ. 5։12. թծ 7/97 էջ 4։
3 Ուրիշ գրքոյկ մըն ալ պատրաստուած է օգնելու համար այն անհատներուն որոնք լաւ ուսում ունին, բայց Աստուածաշունչին մասին շատ քիչ բան գիտեն։ Անիկա պատրաստուած է զանոնք մղելու որ փափաքին Աստուծոյ Խօսքը աչքէ անցընել։ Եթէ յարմար ըլլայ, թերեւս ուզէք հետեւեալը ներկայացնել.
Գիրք մը՝ Բոլոր Մարդոց Համար.
Համաձա՞յն էք որ լման ուսում ստանալու համար Աստուածաշունչի բովանդակութեան մասին ալ գաղափար պէտք է ունենանք։—Էջ 3, պարբերութիւն 1-3 եւ էջ 30, պարբերութիւն 2. Ժող. 12։9, 10
4 Աստուածաշունչի Ուսումնասիրութեան Գրքոյկ. Ծառայութեան մէջ մեր նպատակակէտը միշտ պէտք է ըլլայ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ, կա՛մ առաջին հանդիպումին եւ կամ յաջորդ այցելութիւններուն։ Այս նպատակով ալ ունինք տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ սկսելու եւ վարելու համար հետեւեալ դիւրագործածելի գրքոյկը.
Աստուած Ի՛նչ կը Պահանջէ Մեզմէ.
Գիտէի՞ք որ կարճ ժամանակի մը մէջ, շաբաթը շուրջ 30 վայրկեան տրամադրելով, 16 շաբթուան ընթացքին կրնաք Աստուածաշունչի մասին հիմնական հասկացողութիւն մը ձեռք ձգել։—Դաս 2, պարբերութիւն 6. Բ. Տիմ. 3։16, 17. թծ 3/97 էջ 4։
5 Բարի Սամարացիին առակին մէջ, Յիսուս բացայայտ դարձուց որ իսկական դրացին այն է որ նեղութեան մէջ եղողին օգնելու համար սէր եւ ազնուութիւն կը ցուցաբերէ։ (Ղուկ. 10։27-37) Մեր դրացիները հոգեւոր նեղութեան մէջ են։ Անոնք բարի լուրը լսելու կարիքը ունին։ Թող որ զայն անոնց հետ բաժնելու պատասխանատուութիւնը յանձն առնենք, այս կերպով փաստելով թէ մենք Յիսուս Քրիստոսի հարազատ աշակերտներն ենք։—Մատթ. 24։14. Գաղ. 5։14