Աստուածաշունչի Ուսումնասիրութիւն մը կ’Ուզեմ
1 Մեզմէ շատեր արտայայտուած են որ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը կը փափաքին ունենալ, եւ իրաւունք ունին։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան միջոցաւ է որ աշակերտելու մեր նպատակակէտը կ’իրագործենք։ (Մատթ. 28։19, 20) Բայց եւ այնպէս, մեզմէ շատեր ամիսներէ, թերեւս տարիներէ ի վեր, ուրիշ անհատի մը ճշմարտութիւնը սորվեցնելու մասնայատուկ ուրախութիւնը չեն ճաշակած։ Նոյեմբերի ընթացքին այս նկատմամբ ի՞նչ կրնանք ընել։ Քանի որ այս ամիս Գիտութիւն գիրքը կը ներկայացնենք, կրնանք Աստուածաշունչի նոր ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար մասնաւոր ջանք մը թափել զայն գործածելու։
2 Մէկ Կամ Երկու Շաբաթավերջեր Յատկացուցէք. Բոլորը կը քաջալերենք որ այս ամիս ժամանակ յատկացնեն, իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացնելով Աստուածաշունչի նոր ուսումնասիրութիւն մը սկսելու վրայ։ Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան վարիչները շաբաթավերջ մը կամ շաբաթավերջեր պէտք է ընտրեն, յատկապէս այս նպատակին համար, ապա իրենց խումբերը կազմակերպեն որպէսզի վերայցելութեան գործունէութեան ոյժ տան։
3 Դաշտի ծառայութեան ժողովներուն, վերայցելութիւններու ձեր արձանագրութիւնները ձեր հետ բերէք։ Ապա վերայցելեցէք այն բոլոր անհատներուն որոնք հետաքրքրութիւն ցուցաբերեցին, գրականութիւններ առին, կամ ժողովներու ներկայ գտնուեցան։ Իւրաքանչիւր այցելութիւն ուսումնասիրութիւն մը սկսելու մասնայատուկ նպատակով ըրէք։
4 Աստուածաշունչի Ուսումնասիրութիւն մը Ցուցադրեցէք. Դաշտի ծառայութեան կարգ մը ժողովներուն, լաւ պատրաստուած ցուցադրութիւն մը պէտք է ներկայացուի, ցոյց տալով վերայցելութեան մը ընթացքին ի՛նչպէս ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ։ Կրնաք ըսել. «Մարդոցմէ շատեր Աստուածաշունչ մը ունին, բայց չեն անդրադառնար որ անիկա կեանքի մէջ բոլորիս դիմագրաւած կարեւոր հարցումներուն պատասխանները կը պարունակէ։ [Գիտութիւն գրքին բովանդակութեան ցանկը ցոյց տուէք, ապա կարդացէք 3, 5, 6, 8 եւ 9–րդ գլուխներուն խորագիրները։] Ուսումնասիրութեան օժանդակող այս գիրքը շաբաթը մօտ մէկ ժամ գործածելով, քանի մը ամիսէն Աստուածաշունչի մասին հիմնական հասկացողութիւն մը կրնաք ձեռք ձգել։ Եթէ կը փափաքիք հետեւեալ բնաբաններէն մէկը ընտրել, ուրախութեամբ կրնամ ձեզի ցոյց տալ թէ այս յայտագիրը ի՛նչպէս կ’ըլլայ»։ Եթէ անհատը զբաղած յայտագիր մը ունենալուն պատճառաւ վարանի ուսումնասիրել, բացատրեցէք թէ աւելի խտացուած յայտագիր մըն ալ ունինք։ Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը ներկայացուցէք, ապա առաջարկեցէք շաբաթը անգամ մը հակիրճ դաս մը ուսումնասիրել, 15-30 վայրկեան տեւողութեամբ։
5 Եթէ բոլորս ալ ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար միացած ջանքեր թափենք եւ եթէ մեր ջանքերը օրհնելու համար Եհովայի աղօթենք, վստահաբար նոր ուսումնասիրութիւններ պիտի գտնենք։ (Ա. Յովհ. 5։14, 15) Եթէ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը կ’ուզէք, այս պատեհութենէն օգտուեցէք։