Ապրիլ Ամիսը՝ Բարի Գործերու Նախանձախնդիր Ըլլալու Ժամանակ մըն Է
1 Մինչ ոլորամրրիկ մը բնակուած շրջանի մը կը մօտենայ, մօտալուտ վտանգին նկատմամբ մարդիկը ազդարարելու կարիքը ստիպողական կը դառնայ։ Ոլորամրրիկը ո՛րքան մօտենայ, ազդարարութիւնները ա՛յնքան աւելի պէտք է շեշտուին։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ կեանքեր վտանգի տակ են։ Կրնայ ըլլալ որ ոմանք նախկին ազդարարութիւնները չեն լսած։ Ուրիշներ թերեւս լսած են, սակայն, քայլեր չեն առած։ Նոյնն է պարագան աստուածային ազդարարութիւններուն, որոնք հնչեցնելու յանձնարարութիւն ստացած ենք, առաջ որ Աստուծոյ արդար բարկութեան «մրրիկը» այս ամբարիշտ աշխարհի բոլոր հետքերը վերցնէ։ (Առ. 10։25) Միլիառաւոր մարդոց կեանքը վտանգի տակ է։ Ազդարարութիւնը պէտք է հնչեցուի։ Պէտք է «բարի գործերու նախանձախնդիր» ըլլանք։—Տիտ. 2։11-14
2 Տասնամեակներէ ի վեր, Եհովայի ժողովուրդին յորդոր տրուած է որ Յիշատակատօնի ժամանակաշրջանը ծառայութեան մէջ մասնաւոր նախանձախնդրութիւն ցուցաբերելու ժամանակ մը ընեն։ 1939–ի գարնան, Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին նախակարապետը՝ Տեղեկատու-ն՝ հետեւեալ քաջալերութիւնը հայթայթեց. «Քանի որ Գարունը, ու անով լաւ օդը, կը մօտենայ, պէտք է ակնկալենք որ դաշտին մէջ [ժողովքի] հրատարակիչներուն ժամերը բազմապատկուին, իսկ ռահվիրաներու ժամերը՝ յատկանշականօրէն աւելնան։ Ապրիլը հինգ Կիրակի ունեցող ամիս մըն է։ Նաեւ հինգ Շաբաթներ ունի։ Ապրիլի ընթացքին ամէն Շաբաթ եւ Կիրակի օրերը . . . մասնայատուկ վկայութեան ժամանակ մը դարձուցէք»։ 60 տարիներ առաջ եղբայրներուն առջեւ այս նպատակակէտը դրուած էր, որպէսզի անոր ձգտէին։ Այս տարի, 1939–ի նման, Ապրիլ ամիսը հինգ լման շաբաթավերջեր ունի։ Ի՞նչ են ձեր ծրագիրները այս ամսուան համար։ 2000–ի Ապրիլին համար ձեր օրացոյցին վրայ ի՞նչ նշանագրումներ ըրած էք։ Հոգեւոր գործունէութեան յատկացուած այս մասնայատուկ ամսուան ընթացքին, ծրագրեցէք Եհովայի մնացեալ ծառաներուն հետ բարի գործերու մէջ իմաստալից բաժին մը բերել։
3 Ի՛նչ Բան կ’Ակնկալենք Իրագործել. 2000 տարուան կարեւորագոյն օրը այս ամսուան կը զուգադիպի։ Անիկա Ապրիլ 19–ն՝ Յիսուսի մահուան տարեդարձն է։ Մասնաւոր ջանք թափենք Յիշատակատօնին կարելի եղածին չափ շատ անհատներ հրաւիրելու համար։ Ինչպէս անցեալ ամիս թելադրուեցաւ, Յիշատակատօնին ներկայ գտնուելու հնարաւորութիւն ունեցող բոլոր անհատներուն ցանկը պատրաստեցէք, եւ վստահ եղէք որ ոեւէ անհատ չանտեսուի։ Հրաւիրեալներուն մէջ պէտք է ըլլան անգործունեայ հրատարակիչներ, Աստուածաշունչի աշակերտներ, վերայցելութիւններ, նախապէս ուսումնասիրած անհատներ, գործակիցներ, դասընկերներ, դրացիներ, ազգականներ եւ ուրիշ ծանօթներ։ Ներկայ գտնուիլ փափաքողները փոխադրամիջոց ունի՞ն։ Եթէ ոչ, կրնա՞ք սիրալիր կերպով օգնել անոնց։ Յիշատակատօնի գիշերը, բոլորս ալ առանձնաշնորհումը պիտի ունենանք ներկայ գտնուողներուն բարի գալուստ մաղթելու։ Յիշատակատօնէն ետք, կրնանք շարունակել այսպիսի հետաքրքրուած անհատներուն յաւելեալ հոգեւոր օգնութիւն տալ։
4 Յիշատակատօնին նախորդող կամ յաջորդող օրերուն «բարի գործերու նախանձախնդիր» ըլլալը, հոյակապ կերպ մըն է Եհովայի ցոյց տալու, թէ իրապէս կը գնահատենք մեզի համար իր ըրած բոլոր բաները։ Շատ մը շրջաններու մէջ օրերուն երկարիլը եւ նպաստաւոր օդը, կարելի պիտի դարձնէ որ քարոզչութեան գործին մէջ մեր ջանքերը աւելցնենք։ Եթէ օժանդակ ռահվիրայ մըն էք, պիտի ուզէք ձեր լաւագոյնը ընել որպէսզի 50 կամ աւելի ժամեր տրամադրէք ծառայութեան մէջ։ (Մատթ. 5։37) Ամսուան սկիզբը ձեր պատրաստած յայտագրին կառչեցէք։ (Ժող. 3։1. Ա. Կորն. 14։40) Իսկ մնացեալներս մեր կարելին ընենք օգնական ձեռք մը ըլլալու բոլոր ռահվիրաներուն, զիրենք քաջալերելով եւ անոնց հետ դաշտին մէջ ծառայելով։ (Համեմատել՝ Դ. Թագաւորաց 10։15, 16) Եթէ Ապրիլի ընթացքին նախանձախնդրաբար ցանենք, անսահման ուրախութիւն եւ օրհնութիւն կրնանք ակնկալել Եհովայէ։ (Մաղ. 3։10) Թերեւս ասիկա որպէս հիմնաքար մը ծառայէ շարունակաբար օժանդակ ռահվիրայ կամ կանոնաւոր ռահվիրայ ըլլալու։ Թող որ Ապրիլի ընթացքին մեր ձեռք ձգած հոգեւոր թափը շարունակուի յաջորդ ամիսներուն ալ, մինչ կը շարունակենք Թագաւորութեան կանոնաւոր հրատարակիչներ ըլլալ։
5 Անկասկած, Եհովայի ժողովուրդէն հազարաւորներ այս ամիս տան սուրբ գրային յաւելեալ ուսումնասիրութիւններ պիտի սկսին։ Դուք ալ կը փափաքի՞ք ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ։ Ուսումնասիրութիւն մը սկսելու համար յատկապէս աղօթեցէք, եւ ձեր աղօթքներուն համաձայն գործեցէք։ Վստահ եղէք թէ Եհովա պիտի գնահատէ, պարկեշտ սրտով անհատ մը գտնելու ու անոր սորվեցնելու համար օգնութիւն հայցող ձեր խոնարհ խնդրանքները։—Ա. Յովհ. 3։22
6 Հետեւեալը դաշտին մէջ փորձուած մօտեցում մըն է, որ յաջողութեամբ գործածուած է խօսակցութիւններ սկսելու համար։ Սկսեցէք հարցնելով. «Հանրային դպրոցներուն մէջ եղած բռնութիւնը, ըստ ձեզի, դիւային գործունէութեա՞ն, թէ ծնողական մարզումի պակասին հետեւանքն է»։ Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։ Եթէ անհատը ըսէ՝ «դիւային գործունէութեան», կարդացէք Յայտնութիւն 12։9, 12–ը եւ աչքառու դարձուցէք աշխարհի մէջ խռովութիւններ յառաջացնելու մէջ Բանսարկուին դերը։ Ապա Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկին 4–րդ դասը բացէք եւ հարցուցէք եթէ անհատը երբեք հարց տուա՞ծ է թէ Բանսարկուն ի՛նչպէս գոյացաւ։ Շարունակեցէք կարդալ եւ նկատի առնել առաջին երկու պարբերութիւնները։ Եթէ անհատը ըսէ թէ դպրոցներէն ներս բռնութեան պատճառը «ծնողական մարզումի պակասն» է, կարդացէք Բ. Տիմոթէոս 3։1-3–ը եւ նշեցէք այն նկարագրի գիծերը, որոնք այս խնդրին կը նպաստեն։ Ապա բացէք Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկին 8–րդ դասը, կարդացէք 5–րդ պարբերութիւնը, եւ շարունակեցէք խօսակցութիւնը։ Եթէ վերադառնալու ժամադրութիւն մը առիք, ասիկա կրնայ ճամբան հարթել որ անհատին հետ Աստուածաշունչի կանոնաւոր ուսումնասիրութիւն մը ունենաք։ Յաջորդական այցելութեան մը ընթացքին, անոր հարցուցէք թէ կը ճանչնա՞յ մէկը որ հետաքրքրուած կրնայ ըլլալ իր սորված բաներով։
7 Քարոզչութեան զանազան երեսակներուն մասնակցիլը, Ապրիլի ընթացքին «բարի գործերու նախանձախնդիր» ըլլալու ուրիշ կերպ մըն է։ Պարտէզի մը կամ կառատան մը մէջ վկայելու մասին խորհա՞ծ էք։ Օթոպիւսի կամ շոգեկառքի կայանի՞ մը մէջ։ Կամ՝ կ’ուզէ՞ք փորձել հեռաձայնով, փողոցը, կամ առեւտրական թաղամասի մէջ վկայել։ Ինչո՞ւ այս ամիս այս գաղափարները չգործադրէք։ Եհովա պիտի օգնէ որ հարկ եղած համարձակութիւնը ձեռք ձգէք։ (Գործք 4։31. Ա. Թես. 2։2բ) Թերեւս կրնաք ծառայութեան այս երեսակներուն մէջ փորձառութիւն ունեցող ռահվիրայի մը կամ հրատարակիչի մը հետ ծառայելու ժամադրութիւն մը առնել։
8 Վկայութեան գործին մէջ իր մասնակցութիւնը աւելցնել փափաքող ոեւէ անհատ պիտի փափաքի անպաշտօն վկայութեան մէջ բաժին բերել։ Յաճախ բաւարար է որ անհատ մը բարեկամական խօսակցութեան մը միջամուխ ընէք։ Պարզապէս հասարակաց նիւթ մը յարուցանեցէք, թերեւս գործածելով 6–րդ պարբերութեան մէջ աչքառու դարձուած մօտեցումը։ Ջանացէք լաւ կերպով գործածել նոյնիսկ ժամանակի պզտիկ կոտորակները, որոնք ջնջին կրնան նկատուիլ։ Հինգ, տասը կամ 25 սենթը չենք նետեր, եզրակացնելով թէ անիկա լման տոլար մը չի ներկայացներ։ Ինչո՞ւ օգտակար կերպով չգործածէք նոյնիսկ հինգ, տասը վայրկեանը, կամ քառորդ ժամը, անպաշտօն վկայութիւն մը տալու համար։
9 Մտածելու Ժամանակ մը. Վերյիշեցէք անցեալ տարուան «Աստուծոյ Մարգարէական Խօսքը» բնաբանով Նահանգային Համաժողովի թատերախաղին մէջ ցցուն եղած կէտերը։ Մեր Հոգեւոր Ժառանգութիւնը Գնահատենք խորագրով թատերախաղը, թոյլ տուաւ որ խոր կերպով մտածենք Յակոբի եւ Եսաւի միջեւ եղած տարբերութեան մասին։ Եսաւ ըսաւ թէ ինք ալ Յակոբի նման հոգեւոր բաներով հետաքրքրուած էր, բայց Եսաւի գործերը ասիկա ցոյց չտուին։ (Ծննդ. 25։29-34) Ի՜նչ զօրաւոր ազդարարութիւն մը մեզի համար։ Յակոբի նման, պատրա՛ստ ըլլանք պայքարելու, նոյնիսկ գոտեմարտելու, Եհովայի օրհնութիւնը ստանալու համար։ (Ծննդ. 32։24-29) Ինչո՞ւ Ապրիլը եւ անոր յաջորդող բոլոր ամիսները չգործածենք մեր նախանձախնդրութիւնը նորոգելու համար, մեր հոյակապ հոգեւոր ժառանգութիւնը երբեք թեթեւի չառնելով։
10 «Տէրոջը մեծ օրը մօտ է։ Մօտ է ու խիստ կ’արտորայ»։ (Սոփ. 1։14) Թագաւորութեան բարի լուրը պէտք է հնչուի։ Կեանքեր վտանգի տակ են։ Թող որ այս ամիսը յատկապէս օրհնեալ ըլլայ Եհովայի բոլոր ժողովուրդին համար, մինչ միասնակամօրէն ցոյց կու տանք թէ «բարի գործերու նախանձախնդիր» ենք։
[Շրջանակ՝ էջ 4]
Յիշատակատօնի Վերաբերեալ Վերյիշեցումներ
Այս տարի Յիշատակատօնի տօնակատարութիւնը տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի Ապրիլ 19–ին։ Երէցները հետեւեալ կէտերուն ուշադրութիւն պէտք է ընծայեն.
◼ Տօնակատարութեան ժամը որոշելու ատեն, վստահ եղէք որ խորհրդանիշերը արեւնամուտէն ետք հրամցուին։
◼ Բոլորը, դասախօսն ալ ներառեալ, տօնակատարութեան ճիշդ ժամէն ու վայրէն տեղեակ պէտք է ըլլան։
◼ Առիթին յարմար հաց ու գինի պէտք է ձեռք ձգուին ու պատրաստ ըլլան։—Տես՝ Դիտարան 15 Փետրուար 1985 (Անգլերէն), էջ 19։
◼ Յարմար սեղան մը, սփռոց մը, ամաններ ու գաւաթներ նախապէս սրահ պէտք է բերուին ու իրենց տեղերը դրուին։
◼ Թագաւորութեան Սրահը կամ ժողվուելու ուրիշ որեւէ վայր կանխաւ ամբողջովին պէտք է մաքրուի։
◼ Հիւրընկալները եւ [խորհրդանիշերը] հրամցնողները պէտք է նախապէս ընտրուին ու անոնց հրահանգներ տրուին իրենց պարտականութիւններուն եւ հետեւելիք յարմար գործելակերպին նկատմամբ։
◼ Կարգադրութիւններ պէտք է ըլլան խորհրդանիշերը հրամցնելու ոեւէ օծեալի որ անկողինի դատապարտուած է ու չի կրնար ներկայ գտնուիլ։
◼ Եթէ մէկէ աւելի ժողովքներ պիտի գործածեն միեւնոյն Թագաւորութեան Սրահը, ժողովքներուն միջեւ լաւ համագործակցութիւն պէտք է ըլլայ, որպէսզի նրբանցքներու կամ մուտքերու ու կառատուներու մէջ, ինչպէս նաեւ մայթերու վրայ անհարկի խճողում չըլլայ։