Շրջանային Համաժողովի Նոր Յայտագիր
Գիտենք թէ Եհովա Աստուած մեր սիրոյն եւ բացարձակ նուիրումին արժանի է։ Սակայն, աշխարհը կը փորձէ մեզ հրապուրել որ Իրեն հետ սերտ յարաբերութիւն մը չպահպանենք։ (Յովհ. 17։14) Եհովայի հանդէպ մեր սէրը ամրապնդելու եւ մեր հոգեւորականութեան սպառնացող աշխարհային բաներուն դէմ դնելու մէջ մեզ զօրացնելու համար, 2001–ի ծառայութեան տարուան շրջանային համաժողովի նոր յայտագրին բնաբանը պիտի ըլլայ՝ «Սիրեցէք Աստուած ու Ո՛չ Թէ Ինչ որ Աշխարհի Մէջ Է»։—Ա. Յովհ. 2։15-17
Եհովայի հանդէպ խոր սէրը մեզ կը ստիպէ որ իր մասին վկայենք։ Այսուհանդերձ, Աստուծոյ ծառաներէն շատերուն համար դաշտի ծառայութիւնը դիւրին չէ։ «Աստուծոյ Հանդէպ Սէ՛րը Մեզ կը Խթանէ Մեր Ծառայութեան Մէջ» խորագրով դասախօսութեան մէջ, սորվեցէք թէ ոմանք ի՛նչպէս ամչկոտութիւնը եւ ուրիշ խոչընդոտներ յաղթահարած են, այս գործին մէջ լիովին մասնակցելու համար։
Աշխարհի քայքայուող չափանիշները ի՞նչպէս կ’ազդեն մեզի։ Ժամանակին չար նկատուած արարքներ, ներկայիս այդպէս կոչուած բնական վարմունք կը նկատուին։ «Ո՛վ Եհովան Սիրողներ, Չարութիւնը Ատեցէք» դասախօսութիւնը եւ՝ «Աշխարհի Մէջ Եղած Բաները Ի՞նչպէս կը Նկատէք» յօդուածաշարքը, սխալ ցանկութիւնները մերժելու մեր վճռակամութիւնը պիտի զօրացնէ։
Յայտագրին մէջ պիտի պարփակուին տիպար Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոց եւ Ծառայութեան Ժողով մը, ինչպէս նաեւ՝ այդ շաբթուան Դիտարան–ի Ուսումնասիրութեան ամփոփումը։ «Սէրն ու Հաւատքը Ի՛նչպէս կը Յաղթեն Աշխարհին» հանրային դասախօսութիւնը պիտի քաջալերէ, որ աշխարհային ճնշումները դիմադրելու մէջ Յիսուսը ընդօրինակենք։ (Յովհ. 16։33) Մի՛ մոռնաք հրաւիրելու ձեր Աստուածաշունչի աշակերտները։ Մկրտուիլ փափաքող անհատները պէտք է վերակացու տեսուչին խօսին կարելի եղածին չափ շուտ, որպէսզի հարկ եղած կարգադրութիւնները ըլլան։
Այս շրջանային համաժողովը մեր ուշադրութեան պիտի յանձնէ թէ Եհովայի ճոխ օրհնութիւնները վայելելու համար մեր սէրը իրապէս ի՛նչ բանի վրայ պէտք է կեդրոնանայ։ Անոր որեւէ մասը մի՛ կորսնցնէք։