Եհովան Փառաբանեցէք Բարի Գործերով
1 Երբ զօրաւոր փոթորիկի մը բռնուիք, ապաստանարան մը գտնելը որքա՜ն հանգստացուցիչ կ’ըլլայ։ Եթէ ներսը ջերմ ու ապահով եւ բնակիչները հիւրասէր ըլլան, հաճոյքով կը մնաք հոն։ Թագաւորութեան քարոզչութիւնը մարդիկը Սատանայի դրութենէն դէպի այսպիսի ապաստանարան մը կ’առաջնորդէ։ Մեր առօրեայ վարքը ուրիշներուն կրնա՞յ օգնել, տեսնելու թէ այս ապահով ապաստանարանը որքա՜ն հրապուրիչ է։ Այո՛, քանի որ Յիսուս ըսաւ թէ մարդիկ պիտի ‘տեսնեն մեր բարի գործերը ու փառաւորեն մեր Հայրը որ երկինքն է’։—Մատթ. 5։16
2 Ի՞նչպէս պէտք է վարուինք, որպէսզի մեր գործերը ուրիշները Եհովայի եւ իր կազմակերպութեան քաշեն։ Թոյլ տալով որ Ղուկաս 6։31 եւ 10։27–ի մէջ արձանագրուած Յիսուսի խօսքերը ամէն օր մեր կեանքը ձեւակերպեն։ Ասիկա մեզ պիտի մղէ որ մեր նմաններուն հանդէպ սիրալիր հետաքրքրութիւն ցուցաբերենք, որ մեզ պիտի զանազանէ այս պաղ եւ անհոգածու աշխարհէն։
3 Գետանցանաւու մը վրայ քոյր մը նկատեց երիտասարդ կին մը, որ ա՛յնքան ծովախտէ կը տառապէր որ իր երախային հոգ տանելու կարող չէր։ Քոյրը առաջարկեց երախային հոգ տանիլ։ Երբ կինը հարցուց թէ ի՛նչպէս կրնար իր երախտագիտութիւնը յայտնել, քոյրը ըսաւ. ‘Յաջորդ անգամ երբ Եհովայի Վկաները ձեզի այցելեն, հաճեցէք անոնց մտիկ ընել’։ Կինը այդպէս ալ ըրաւ, եւ այժմ ինք եւ իր ամուսինը Վկայ են։ Բարի գործերը պատճառ եղան Թագաւորութեան պատգամին հանդէպ անոնց ընդառաջումին։
4 Մեր Ամբողջ Կեանքը Պարփակուած Է. Շրջապատին, գործին կամ դպրոցին մէջ, նաեւ զբօսանքի ժամերուն, մեր վարքը պատճառ կ’ըլլայ որ ուրիշներ մեր ու մեր կրօնքին մասին գաղափար մը կազմեն։ Ուստի, լաւ կ’ընենք եթէ մենք մեզի հարց տանք. ‘Շուրջիններս զիս ու ընտանիքս ի՞նչ աչքով կը դիտեն։ Արդեօք դրացիները մեր տունը եւ պարտէզը մաքուր ու կոկիկ կը սեպե՞ն։ Մեր գործակիցներն ու դասընկերները մեզ ճշդապահ եւ աշխատասէր կը նկատե՞ն։ Ուրիշներ մեր երեւոյթը համեստ եւ յարգալից կը գտնե՞ն’։ Մեր բարի գործերը Եհովայի պաշտամունքը ուրիշներուն աւելի գրաւիչ կրնան դարձնել։
5 Պետրոս կանխազգուշացուց թէ Քրիստոնեաները ծաղրանքի առարկայ պիտի ըլլային։ (Ա. Պետ. 4։4) Զգոյշ պէտք է ըլլանք որ բացասական խօսակցութիւնը մեր վարքին պատճառաւ չըլլայ։ (Ա. Պետ. 2։12) Եթէ մեր առօրեայ արարքները մեր պաշտած Աստուածը փառաբանեն, այն ատեն բարձր տեղ դրուած ճրագներու պիտի նմանինք, ուրիշները Եհովայի հայթայթած ապահով ապաստանարանը առաջնորդելով։—Մատթ. 5։14-16