Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 3/02 էջ 3-4
  • ‘Բարի Գործերով Հարստանանք’

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • ‘Բարի Գործերով Հարստանանք’
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2002)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ‘Աստուծոյ Խօսքը Լման Քարոզենք’
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2002)
  • Բարին Գործելու Նախանձախնդիր Եղէք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2003)
  • ‘Բարի լուրին մասին լիակատար վկայութիւն տուր’
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2008)
  • «Բարիք Ընենք Ամենուն»
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2002)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2002)
թծ 3/02 էջ 3-4

‘Բարի Գործերով Հարստանանք’

1 Իր նախանձախնդիր ծառայութեան վերջին տարիներուն, Պօղոս առաքեալ Տիմոթէոսի ու Տիտոսի հետ սերտօրէն գործակցեցաւ։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրին նոյնանման քաջալերական խօսքեր գրեց։ Ան Տիտոսի ըսաւ թէ «Աստուծոյ հաւատացողները» պէտք է շարունակեն «բարի գործեր կատարել»։ (Տիտ. 3։8) Իսկ Տիմոթէոսի ըսաւ թէ իրենց յոյսը Աստուծոյ վրայ դնողները պէտք է «բարի գործերով հարստանան»։ (Ա. Տիմ. 6։17, 18) Ասիկա սքանչելի խրատ մըն է բոլորիս համար։ Սակայն, ի՞նչ բան պիտի մղէ մեզ որ մեր կեանքին մէջ բարի գործեր կատարենք։ Իսկ ի՞նչ մասնայատուկ գործեր կրնանք կատարել գալիք օրերուն։

2 Բարի գործերով հարստանալու դրդապատճառը ծագում կ’առնէ Եհովայի հանդէպ հաւատք ու սէր ունենալէն, եւ մեզի տուած հոյակապ յոյսէն։ (Ա. Տիմ. 6։19. Տիտ. 2։11) Յատկապէս տարուան այս ժամանակաշրջանին, կը մտաբերենք թէ Եհովա իր Որդին՝ Յիսուսը՝ երկիր ղրկեց, որպէսզի ան կարենար իր Հայրը ջատագովել եւ արժանաւոր մարդոց համար յաւիտենական կեանքի ճամբան հարթել։ (Մատթ. 20։28. Յովհ. 3։16) Ասիկա պիտի շեշտուի 28 Մարտին տեղի ունենալիք Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնին։ Յաւիտենական կեանք ձեռք ձգելու յոյսին ընդառաջելով, չե՞նք մղուիր մեր կարելին ընել ‘բարի գործերով հարստանալու’ համար։ Անշո՛ւշտ։ Ներկայիս ի՞նչ գործեր կրնանք կատարել։

3 Մարտին ու Անկէ Ետք Կատարելիք Բարի Գործեր. Վստահաբար ներկայ պիտի գտնուինք Յիշատակատօնին՝ համայն աշխարհի մէջ Եհովայի Վկաներուն համար տարուան ամենակարեւոր դէպքին։ (Ղուկ. 22։19) Սակայն, կ’ուզենք այս առիթին ուրախութիւնը բաժնել կարելի եղածին չափ շատ անհատներու հետ։ Ակնարկ մը նետեցէք 2002–ի Տարեգիրք–ին մէջ (կամ՝ Դիտարան 1 Յունուար 2002) յիշուած ծառայութեան տեղեկագրութեան վրայ, եւ պիտի տեսնէք թէ անցեալ տարի շատ մը երկիրներու մէջ, Յիշատակատօնի ներկաներուն թիւը հրատարակիչներուն թիւին երեք, չորս, հինգ կամ աւելի անգամն էր։ Վստահաբար, ժողովքի բոլոր անդամները ժրաջան ջանքեր թափեցին, որպէսզի իրենց թաղամասին մէջ մեծ քանակով Յիշատակատօնի հրաւիրագիրներ բաշխեն։ Հետեւաբար, կ’ուզենք կարելի եղածին չափ շատ ժամանակ տրամադրել հիմակուընէ մինչեւ Մարտ 28, որպէսզի մարդիկը Յիշատակատօնի հրաւիրենք, անոնց օգնելով որ փրկութեան յոյսին մասին սորվին։

4 Մինչ Ապրիլը կը մօտենայ, ցերեկուան ժամերը կ’աւելնան եւ օդը աւելի նպաստաւոր կրնայ դառնալ։ Ի՞նչպէս կրնանք այս առաւելութիւնները օգտագործել ‘բարի գործերով հարստանալու’ համար։ Շարունակելով բարի լուրի քարոզչութեան խանդավառօրէն մասնակցիլ, «բարի գործերու նախանձախնդիր» ըլլալով։ (Տիտ. 2։14. Մատթ. 24։14) Եթէ չկարողացաք Մարտին օժանդակ ռահվիրայ մը ըլլալ, կրնա՞ք Ապրիլին եւ/կամ Մայիսին ըլլալ։ Եթէ Մարտին ռահվիրայութիւն կ’ընէք, կրնա՞ք շարունակել։

5 Աշխարհիկ գործով զբաղող անհատներէն ոմանք կը նկատեն թէ գործի գացած ատեն կրնան շուրջ մէկ ժամ ծառայել, փողոցի վկայութիւն ընելով կամ այցելելով մարդոց, որոնք առտու կանուխ բաց եղող հաստատութիւններու մէջ կ’աշխատին։ Ուրիշներ իրենց մէկ ժամուան ճաշի դադարէն մաս մը վկայելու կը յատկացնեն։ Ոմանք նկատած են թէ կարելի է այդ միջոցին աշխատակիցի մը հետ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը վարել։ Բազմաթիւ քոյրեր, որոնք տանտիկիններ են, կրցած են դաշտի ծառայութեան ժամանակ յատկացնել, մինչ իրենց զաւակները դպրոցն են։ Տան պարտականութիւններուն հոգալու համար կարգ մը օրեր սովորականէն քիչ մը կանուխ արթննալով, անոնք օրուան ընթացքին աւելի ժամանակ կ’ունենան քարոզելու եւ աշակերտելու գործին համար։—Եփ. 5։15, 16

6 Նոյնիսկ եթէ ի վիճակի չէք օժանդակ ռահվիրայութիւն ընելու, թերեւս կարենաք անձնական յայտագիր մը պատրաստել, ծառայութեան մէջ աւելի մեծ մասնակցութիւն բերելու համար, ձեր կարելին ընելով՝ ‘բարիք գործելու, բարի գործերով հարստանալու, առատաձեռն եւ ուրիշին պիտոյքներուն հաղորդակից ըլլալու’ համար։—Ա. Տիմ. 6։18

7 Աշակերտելու Բարի Գործը Յիշեցէք. Ամէն տարի հետաքրքրուած անհատներ Յիշատակատօնի կու գան։ Կարելի՞ է որ ժողովքէն ոմանք ուշադրութիւն ընծայեն այս անհատներուն, որոնք ներկայիս չեն ուսումնասիրեր։ Կարելի՞ է անոնց վերայցելել, ի մտի ունենալով անոնց օգնել որ հոգեւորապէս յառաջդիմեն։ Կրնայ ըլլալ որ Յիշատակատօնի ներկայ եղողներէն ոմանք Վկաներու ազգականներ են։ Թերեւս ուրիշներ անցեալին ուսումնասիրած ըլլան եւ այժմ միայն քիչ մը քաջալերութեան կարիքը ունին, որ վերստին ուսումնասիրեն եւ կանոնաւորաբար ժողովներու գան։ Որքա՜ն կ’ուրախանանք երբ տեսնենք որ անոնք գործունեայ դառնալով մեր կողքին Եհովայի կը ծառայեն։

8 Մարտի ընթացքին ու անկէ ետք ծառայութեան մէջ յաւելեալ մասնակցութիւն բերելով, շատ հաւանական է որ յաւելեալ հետաքրքրուած անհատներ գտնենք, որոնց պէտք է վերայցելենք։ Չմեկնած՝ փորձեցէք հարցում մը հարցնել։ Ապա խոստացէք յաջորդ այցելութեան պատասխանը տալ։ Այսպիսով, վերայցելութեան համար ճամբան կը հարթենք։ Ո՛րքան շուտ վերայցելենք, ա՛յնքան լաւ պիտի ըլլայ։ Եթէ առաջին հանդիպումին չկարողացանք ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ, կ’ուզենք փորձել յաջորդ այցելութեան սկսիլ, եթէ կարելի ըլլայ։

9 Երբ փողոցի վկայութեան մասնակցինք, պէտք է ջանանք մարդոց հետ խօսակցութիւններ սկսիլ։ Փողոցի վկայութեան ընթացքին հետաքրքրուած անհատներ իրենց անունը, հասցէն, եւ հեռաձայնի թիւը տուած են հրատարակիչներու։ Եթէ ձեզի հանդիպած անհատը ձեր թաղամասին մէջ չի բնակիր, Թագաւորութեան Սրահէն առէք՝ Հաճեցէք Հետապնդել (S-43) պատճենը, զայն լեցուցէք եւ տուէք ժողովքի քարտուղարին, որ իր կարգին զայն պիտի ղրկէ այն ժողովքին, որուն թաղամասին մէջ կը բնակի վերոյիշեալ անհատը։ Եթէ քարտուղարը ասիկա չի կրնար ընել, զայն պիտի ղրկէ մասնաճիւղի գրասենեակը, անոր հոգ տանելու համար։ Այս կերպով, հետաքրքրութիւնը կրնայ մշակուիլ։

10 Եթէ հեռաձայնի թիւ մը տրուի ձեզի, առանց հասցէի, այն ատեն վերայցելութիւն մը ըրէք՝ անհատին հեռաձայնելով։ Ձեր խօսելիք նիւթը նախապէս պատրաստեցէք։ Ձեր Պատճառաբանել գիրքը ձեռքի տակ ունեցէք, արագօրէն անոր դիմելու համար։ Ոմանք յաջողութիւն կը գտնեն անհատներու հետ հեռաձայնով ուսումնասիրելով, ի ներառեալ անոնց հետ, որոնք դժուար է տունը գտնել։ Քոյր մը սկսաւ հեռաձայնի թիւեր ուզել հետաքրքրուած կիներէ, որոնց կը հանդիպէր դռնէ դուռի ծառայութեան մէջ։ Արդի՞ւնքը. ան կրցաւ երկու Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսիլ։

11 Երէցներուն Հետ Համագործակցեցէք Անգործունեայ Անհատներու Օգնելու Մէջ. Երէցները շատ հետաքրքրուած են անգործունեայ անհատներու սիրալիր ուշադրութիւն ընծայելով։ Այսպիսիներէն շատեր նախաքայլը առնելով, արդէն իսկ վերսկսած են ժողովներու ներկայ գտնուիլ։ Անոնք կ’անդրադառնան թէ կարիքը ունին Եհովայի կազմակերպութեան հետ սերտօրէն ընկերակցելու, որպէսզի 91–րդ Սաղմոսին մէջ նկարագրուած հոգեւոր ապահովութիւնը ունենան։ Անոնցմէ ոմանք այժմ պատրաստ են դաշտի ծառայութեան դարձեալ մասնակցելու։ Եթէ այս ամիս այլ անգործունեայ անհատներ Յիշատակատօնին ներկայ գտնուին, թերեւս ընդունին Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ունենալ։ Եթէ պարագան այս ըլլայ, երէցները կարգադրութիւն պիտի ընեն որ հրատարակիչ մը ուսումնասիրէ օգնութիւն փափաքող անհատի մը հետ։ Եթէ ձեզմէ խնդրուի որ այսպիսի մէկու մը օգնէք, ձեր համագործակցութիւնը մեծապէս պիտի գնահատուի։—Հռովմ. 15։1, 2

12 Շարունակեցէք «Բարի Գործեր Կատարել». Ամիս մը կամ աւելի օժանդակ ռահվիրայութիւն ընողներէն շատեր նկատած են թէ իրենց դաշտի ծառայութիւնը աւելցած է յաջորդ ամիսներուն։ Անոնք հանդիպած են անհատներու եւ զգացած են որ կարիքը կայ անոնց վերայցելելու։ Ասիկա զիրենք մղած է որ յաւելեալ ջանք թափեն դաշտի ծառայութեան աւելի ժամանակ տրամադրելու, այս հետաքրքրուած անհատներուն վերայցելելու համար։ Ոմանք ուսումնասիրութիւններ սկսած են, եւ ասիկա իրենց օգնած է որ ծառայութեան մէջ աւելի մեծ բաժին բերեն։

13 Տակաւին ուրիշներ, քարոզելու եւ աշակերտելու գործին աւելի մասնակցելով ա՛յնքան ուրախութիւն գտած են, որ մղուած են իրենց նախապատուութիւնները վերլուծելու։ Որպէս արդիւնք, ոմանք կրցած են աշխարհային գործի ժամերը նուազեցնել եւ շարունակաբար օժանդակ ռահվիրայ ըլլալ։ Ուրիշներ կրցած են կանոնաւոր ռահվիրայութեան ծառայութեան ձեռնարկել։ Անոնք կրցած են իրենց յոյսը աւելի լիովին դնել Աստուծոյ վրայ եւ ոչ թէ աշխարհի մատուցած բաներուն վրայ։ Անոնք նկատած են թէ ‘առատաձեռն եւ ուրիշին պիտոյքներուն հաղորդակից ըլլալը’, Եհովայի ճոխ օրհնութեան արժանացուցած է եւ «ճշմարիտ կեանքը» վայելելու իրենց յոյսը ամրապնդած է։ (Ա. Տիմ. 6։18, 19, ստորանիշ) Անշուշտ, երբ աւելի շատ անհատներ ռահվիրայութեան ծառայութեան կը ձեռնարկեն, ամբողջ ժողովքը կ’օգտուի ասկէ։ Ռահվիրաները հակամէտ են իրենց փորձառութիւնները պատմելու եւ ուրիշները հրաւիրելու որ իրենց հետ ծառայութեան մասնակցին, եւ ասիկա հոգեւոր խանդավառ մթնոլորտ մը կը ստեղծէ ժողովքին մէջ։

14 Թող որ բոլորս ալ ‘բարի գործերով հարստանանք’ Յիշատակատօնի ժամանակաշրջանին ու անկէ ետք, քրիստոնէական ծառայութեան մէջ մեր մասնակցութիւնը աւելցնելով։ Մեր գնահատութիւնը ցուցաբերենք Եհովայի հանդէպ, արդար նոր աշխարհի մը մէջ յաւիտեան ապրելու յոյսը մեզի տալուն համար։—Բ. Պետ. 3։13

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել