«Բարիք Ընենք Ամենուն»
1 «Աստուծոյ Խօսքը Լման Քարոզենք» եւ «Բարի Գործերով Հարստանանք» այն բնաբաններն էին, որոնք գործածուեցան Փետրուար եւ Մարտ 2002–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին յաւելուածականներուն մէջ։ (Կող. 1։25. Ա. Տիմ. 6։18) Այդ թիւերուն մէջ մեզի քաջալերութիւն տրուեցաւ որ յաւելեալ ջանք թափենք՝ հետաքրքրուած անհատներուն օգնելու որ Յիշատակատօնին ներկայ գտնուին, անգործունեայ անհատներուն օգնելու որ անգամ մը եւս ժողովքին մէջ գործունեայ դառնան, մեր զաւակներուն եւ որակելի Աստուածաշունչի աշակերտներուն օգնելու որ բարի լուրը հրատարակելու սկսին։ Անտարակոյս մեր բարի ջանքերուն որպէս արդիւնք որոշ յաջողութիւն գտանք։ Այժմ, «քանի որ ժամանակը ձեռքերնիս է, [շարունակենք] բարիք ընե[լ] ամենուն»։—Գաղ. 6։10
2 Հրաւիրեցէք Զանոնք որ Դարձեալ Ներկայ Գտնուին. Միացեալ Նահանգներու մասնաճիւղի թաղամասին մէջ, ամէն տարի աւելի քան մէկ միլիոն անհատներ Յիշատակատօնին ներկայ կը գտնուին, որոնք բարի լուրին հրատարակիչներ չեն։ Քանի որ անոնց ներկայութիւնը որոշ չափով հետաքրքրութիւն ցոյց կու տայ, ի՞նչ պէտք է ընենք որ «յաւիտենական կեանքի սահմանուած»ները մղենք ‘հաւատացեալներ’ դառնալու։ (Գործք 13։48) Զանոնք քաջալերեցէք որ ժողովքային հանդիպումներու վերադառնան կարելի եղածին չափ շուտով։
3 Ինչո՞ւ չհրաւիրէք հետաքրքրուած անհատ մը Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան, Յայտնութիւն գրքին հետաքրքրական քննարկումը վայելելու համար։ Եթէ անհատին ազգականը կամ ծանօթն էք, եւ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ մօտ օրէն ելոյթ մը ունիք, թերեւս զինք հրաւիրէք որ գայ ու ձեր բաժինը լսէ։ Յառաջիկայ շաբաթներու համար նշանակուած հանրային դասախօսութիւններուն խորագիրները անոր իմացուցէք։ (Այժմէական յայտագիր մը պէտք է դրուի տեղեկութիւններու ցուցատախտակին վրայ։) Ամէն պատեհութիւն օգտագործեցէք անհատին մէջ Եհովան պաշտելու փափաք մը արթնցնելու համար։ Անշուշտ, եթէ տակաւին Աստուածաշունչը չ’ուսումնասիրեր ժողովքի անդամներէն մէկուն հետ, կրնաք ազնուօրէն ուսումնասիրութիւն մը առաջարկել իրեն։
4 Շարունակեցէք Քաջալերել Անգործունեայ Անհատները. Յիշատակատօնին ներկայ գտնուողներէն ոմանք արդէն իսկ Եհովայի նուիրուած են։ Սակայն, կեանքի որոշ մէկ հանգրուանին անոնք դադրած են բարի լուրը քարոզելէ։ Պօղոս մեզ յորդորեց որ «բարիք ընենք . . . , մանաւանդ հաւատքի ընտանիներուն»։ (Գաղ. 6։10) Ուստի, պէտք է խորապէս հետաքրքրուինք անգործունեայ անհատներով։
5 Թերեւս ոմանք արդէն իսկ ընդառաջած են երէցներու կամ ուրիշներու քաջալերութեան՝ որ ծառայութեան դարձեալ մասնակցին։ Եթէ երէցներուն կողմէ նշանակուած էք որ անգործունեայ հրատարակիչի մը հետ աշխատիք, գիտցէք թէ Եհովայի ու դաշտի ծառայութեան հանդէպ ձեր սէրը, այդ անհատին մէջ վստահութիւն պիտի կերտէ։ Անոր ցոյց տուէք թէ ի՛նչպէս կը մասնակցիք ծառայութեան զանազան երեսակներուն, որպէսզի անոր մէջ ուրախութիւն գտնէ, քարոզչութեան գործին մէջ յարատեւէ, եւ կարենայ Եհովայի օրհնութիւնները վայելել։
6 Նոր Հրատարակիչներուն Լաւ Սկիզբ մը Տուէք. Երբ նոր հետաքրքրուած կին մը անդրադարձաւ որ Աստուծոյ ճշմարիտ կազմակերպութիւնը գտած էր, փափաքեցաւ անմիջապէս ծառայութեան սկսիլ։ Գիտնալէ ետք թէ ի՛նչ պահանջուած էր իրմէ, ան ըսաւ. «Ուրեմն գործի լծուիմ»։ Եթէ անհատ մը, որու հետ ներկայիս Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրէք, ընդունուած է որ դաշտի ծառայութեան մասնակցելու սկսի, իրեն օգնեցէք որ ‘գործի լծուելու’ կարիքը տեսնէ, եւ այսպէս այս նոր հրատարակիչին լաւ սկիզբ մը տուէք։ Անոր օգնեցէք որ ամէն շաբաթ դաշտի ծառայութեան պատրաստուելու եւ անոր կանոնաւորապէս մասնակցելու սովորութիւնը մշակէ։
7 Եթէ չմկրտուած նոր հրատարակիչը ձեր զաւակն է, անոր հետ աշխատեցէք որ իր տարիքին ու կարողութեան համաձայն յառաջդիմէ։ Իրեն քիչ մը օգնութիւն տալով, թերեւս զարմանաք թէ ան ո՛րքան լաւ կերպով կրնայ անհատի մը հետ խօսակցիլ, Աստուածաշունչէն կարդալ, եւ գրականութիւն ներկայացնել։ Երբ դաշտի ծառայութեան մէջ ընդառաջող անհատ մը գտնէ, զինք մարզեցէք որ անոր վերայցելէ եւ հետաքրքրութիւնը հետապնդէ։
8 Ձեր Ծառայութիւնը Ընդլայնեցէք. Ձեր պարագաները ձեզի թոյլ կու տա՞ն որ աւետարանչութեան մէջ ձեր մասնակցութիւնը աւելցնէք, նոյնիսկ Յիշատակատօնի ժամանակաշրջանէն անդին։ Կրնա՞ք ամէն շաբաթ մէկ կամ երկու ժամ աւելի տրամադրել ծառայութեան։ Օրացոյցին կը նայի՞ք, տեսնելու համար թէ անգամ մը եւս ե՛րբ կրնաք օժանդակ ռահվիրայ ըլլալ։ Կամ, կրնա՞ք ձեր ապրելակերպը կարգի դնել որպէսզի լիաժամ ծառայութեան ձեռնարկէք։ Ծառայութեան մէջ մեր թափած բոլոր ջանքերը կրնան անհատի մը օգնել որ ճշմարտութիւնը ընդունի։ (Գործք 8։26-39) Մինչ յառաջիկայ օրերուն կը նայինք, թող որ ‘ամէն ատեն բարիք ընելու ետեւէ ըլլանք թէ՛ իրարու եւ թէ ամենուն’։—Ա. Թես. 5։15
[Շրջանակ՝ էջ 3]
Շարունակեցէք Աջակցիլ.
□✔ Յիշատակատօնի ներկայ գտնուողներուն
□✔ Վերստին գործունեայ դարձած հրատարակիչներուն
□✔ Չմկրտուած նոր հրատարակիչներուն