Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 5/01 էջ 1
  • ‘Աստուծոյ Խօսքը Զօրեղ Է’

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • ‘Աստուծոյ Խօսքը Զօրեղ Է’
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2001)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ‘Աստուծոյ խօսքը զօրեղ է’
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2017
  • Ուսուցումիդ մէջ համոզիչ եղիր
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2010)
  • Աստուածաշունչը Ազդուօրէն Գործածէ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2004)
  • Աստուծոյ Խօսքը կը ջատագովե՞ս
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2007)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2001)
թծ 5/01 էջ 1

‘Աստուծոյ Խօսքը Զօրեղ Է’

1 «Աստուծոյ խօսքը կենդանի է ու զօրեղ», գրեց Պօղոս առաքեալ։ (Եբր. 4։12) Ասով ան ի՞նչ ըսել ուզեց։ Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած Աստուծոյ խօսքը կամ՝ պատգամը, մարդոց վրայ զօրաւոր ազդեցութիւն կրնայ բանեցնել։ Աստուածաշունչին պարունակած իմաստութիւնը անհատի մը կեանքը բարելաւելու զօրութիւնը ունի։ Անոր մատուցած մխիթարութիւնն ու յոյսը, մարդիկը Կենսատուին՝ Եհովա Աստուծոյ կը մօտեցնեն։ Անոր պատգամը կրնայ պարկեշտ սիրտ ունեցող անհատները յաւիտենական կեանքի առաջնորդող ճամբուն մէջ բերել։ Սակայն, այս արդիւնքները ձեռք ձգելու համար, պէտք է Աստուածաշունչը գործածենք, երբ ուրիշներու կը վկայենք։

2 Համար մը Կարդացէք Ամէ՛ն Անգամ որ Պատեհութիւնը Ներկայանայ. Կը թուի թէ հրատարակիչներէն շատեր դռներուն առջեւ Աստուածաշունչը հազուադէպօրէն կը գործածեն։ Ձեր պարագա՞ն ալ այս է։ Քանի որ մարդոցմէ շատեր երկար խօսակցութիւններու համար ժամանակ չունին, թերեւս սովորութիւն ըրած էք, միա՛յն գրականութիւն մը ներկայացնել կամ համար մը բերանացի ըսել։ Բոլոր հրատարակիչները կը քաջալերենք որ բարի լուրը ներկայացնելու ժամանակ անկեղծ ջանք թափեն առնուազն մէ՛կ համար կարդալու Սուրբ Գրքէն, որպէսզի անհատը տեսնէ թէ մեր պատգամը ա՛րդարեւ Աստուծոյ Խօսքէն է։

3 Թէեւ քիչեր Աստուածաշունչ կարդալու սովորութիւն ունին, սակայն տակաւին անիկա ընդհանուրին կողմէ յարգուած է։ Նոյնիսկ զբաղած մարդիկ մէկ կամ երկու վայրկեան պիտի տրամադրեն, ուղղակի Աստուծոյ Խօսքէն կարդացուած պատգամ մը լսելու համար։ Երբ յարմար համար մը զգացումով կարդացուի եւ հակիրճօրէն բացատրուի, Եհովայի խօսքին զօրութիւնը կրնայ մտիկ ընողին վրայ լաւ ազդեցութիւն մը ունենալ։ Սակայն ի՞նչպէս կրնաք ձեր բացման խօսքերուն եւ Աստուածաշունչէն համար մը կարդալուն միջեւ կապ մը ստեղծել։

4 Ասիկա Փորձեցէք Պարբերաթերթով Վկայելու Գործին Մէջ. Ճամբորդող տեսուչ մը Աստուածաշունչը ազդու կերպով կը գործածէ, երբ պարբերաթերթով կը վկայէ։ Ան իր գրպանին մէջ պզտիկ Աստուածաշունչ մը կը կրէ։ Պարբերաթերթերը ներկայացնելէ եւ յօդուածի մը մասին հակիրճօրէն խօսելէ ետք, առանց վարանելու Աստուածաշունչը կը բանայ եւ յօդուածին հետ առնչութիւն ունեցող համար մը կը կարդայ։ Ասիկա կրնաք ընել պարզապէս հարցնելով՝ «Ի՞նչ կը խորհիս այս քաջալերական խոստումին մասին», ապա ընտրուած համար մը կարդալով։

5 Ձեր նպատակակէտը դարձուցէք Աստուածաշունչէն մէկ կամ երկու համար կարդալ, մտիկ ընող իւրաքանչիւր անհատի։ Անոր մղիչ ոյժը կրնայ ճամբան հարթել որ աւելի մեծ թիւով անհատներ Աստուծոյ մօտենան։—Յովհ. 6։44

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել