Շրջանային Համաժողովի Նոր Յայտագիր
1 Անկայուն աշխարհի մը մէջ, հաւատքին մէջ հաստատ մնալու համար, Եհովայի պէտք է վստահինք։ Գործնականօրէն, ասիկա ի՞նչպէս կրնանք ընել։ Եհովայի վստահիլը ի՞նչպէս կ’ազդէ մեր անձնական ու ընտանեկան կեանքին։ Անիկա ի՞նչպէս կ’օգնէ մեզի Սատանայի աշխարհին ազդեցութեան դէմ դնելու։ 2003 ծառայութեան տարուան համար շրջանային համաժողովի յայտագիրը այս հարցումներուն կը պատասխանէ։ Անոր բնաբանն է՝ «Եհովայի Վստահիր ու Բարութիւն Ըրէ՛»։—Սաղմ. 37։3, ՆԱ
2 Եհովայի վրայ մեր վստահութիւնը ցոյց կու տանք ո՛չ միայն մասնայատուկ առիթներով կամ շատ նեղ ժամանակներուն։ Անիկա մեր կեանքի բոլոր երեսակներուն կ’ազդէ։ Ասիկա ընդգծուած է բացման դասախօսութեան մէջ, «Եհովայի Վստահեցէք Ամէն Ժամանակ»։ (Սաղմ. 62։8) «Եհովայի Հանդէպ Վստահութիւն Ցուցաբերել» խորագրով չորս մասերէ բաղկացած յօդուածաշարքը, մեզի ցոյց պիտի տայ թէ ի՛նչպէս Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած տեղեկութիւններ կրնանք գտնել ու կիրարկել, որոնք կրնան մեզի օգնել յաջող ամուսնութիւն մը կերտելու, ընտանեկան շրջանակին մէջ յարուցուող խնդիրները ձեռք առնելու, եւ մեր նիւթական կարիքները հոգալու։
3 Սատանայի աշխարհը կը ջանայ շիտակի ու սխալի հանդէպ խեղաթիւրուած տեսակէտ մը պարտադրել մեր վրայ, նաեւ՝ կարեւոր ու անկարեւոր բաներու նկատմամբ շփոթութիւն ստեղծել։ (Եսայ. 5։20) «Կեանքի Ունայնութիւններէն Զգուշացէք» եւ «Չարութիւնը Մերժեցէք՝ Բարութիւն Գործեցէք» խորագրով դասախօսութիւնները, Եհովայի վեհ չափանիշները վեր պահելու մեր վճռակամութիւնը պիտի զօրացնեն։—Ամովս. 5։14
4 Երբ Եհովա իրերու ներկայ չար դրութեան վերջ մը դնէ, Աստուծոյ ծառաները լիովին իրեն վստահելու կարիքը պիտի ունենան։ Ասիկա ուշագրաւ դարձուած է հանրային դասախօսութեան մէջ՝ «Աշխարհի Նեղութիւններէն Ազատագրուիլը Մօտ Է»։ Անկէ ետք, «Աստուծոյ Թագաւորութեան Պիտի Արժանանա՞ք» դասախօսութիւնը մեզմէ պիտի խնդրէ որ մեր անձերը քննենք։ Յայտագիրը պիտի եզրափակուի՝ «Եհովայի Խոստումներուն Վստահեցէք» յորդորով։
5 Ամէն համաժողովի աչքառու մէկ բաժինն է մկրտութեան դասախօսութիւնը։ Եթէ անհատ մը կը փափաքի մկրտուիլ, պէտք է կարելի եղածին չափ շուտով վերակացու տեսուչը տեղեակ պահէ, որպէսզի հարկ եղած կարգադրութիւնները ըլլան։
6 Այս անորոշ ժամանակներուն մէջ, Եհովա վստահութեան ու կայունութեան միակ իսկական աղբիւրն է։ (Սաղմ. 118։8, 9) Թող որ բոլորս ալ իրեն հանդէպ մեր վստահութիւնը զօրացնենք, շրջանային համաժողովի լման յայտագրին ներկայ գտնուելով։