Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 2/03 էջ 1
  • Ձեր Տունը Կրնա՞ք Մատչելի Դարձնել

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ձեր Տունը Կրնա՞ք Մատչելի Դարձնել
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2003)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Հարցումի Տուփ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2001)
  • Ինչո՛ւ Ժողովքի Գիրքի Ուսումնասիրութեան Կարիք Ունինք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2004)
  • Ժողովքի Գիրքի Ուսումնասիրութեան կարգադրութիւնը ի՛նչպէս մեզի կ’օգնէ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2007)
  • Դաշտի ծառայութեան խումբէդ ինչպէ՛ս կրնաս օգտուիլ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2012)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2003)
թծ 2/03 էջ 1

Ձեր Տունը Կրնա՞ք Մատչելի Դարձնել

1 Առաջին դարուն, Քրիստոնեաներէն շատեր իրենց տունը մատչելի դարձուցած էին ժողովքային հանդիպումներու համար։ (Ա. Կորն. 16։19. Կող. 4։15. Փիլի. 1, 2) Ներկայիս, կարգ մը ժողովքներ, Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան խումբերու եւ դաշտի ծառայութեան ժողովներու համար բաւարար վայրեր չունին։ Ասիկա պատճառ կ’ըլլայ որ կարգ մը գրքի ուսումնասիրութեան խումբերու մէջ 30–էն աւելի ներկաներ ըլլան, ինչ որ նախընտրուած 15–էն շատ աւելի է։

2 Հոյակապ Առանձնաշնորհում մը. Մտածա՞ծ էք ձեր տունը Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութիւն համար մատչելի դարձնել։ Բաւական մեծ, մաքուր, լուսաւոր եւ օդասուն սենեակ մը այս նպատակին համար կրնայ ծառայել։ Քանի որ գրքի ուսումնասիրութիւնը ժողովքային հանդիպում մըն է եւ իր ժողովուրդին ուսուցանելու Եհովայի կարգադրութեան մաս կը կազմէ, զայն ձեր տան մէջ ունենալը հոյակապ առանձնաշնորհում մըն է։ Շատեր կը տեղեկագրեն թէ իրենց տունը այս կերպով գործածուելու համար մատչելի դարձնելով՝ հոգեւորապէս օգտուած են։

3 Եթէ կը խորհիք որ ձեր տունը յարմար է, երէցները անպայման տեղեակ պահեցէք։ Թերեւս անոնք յաւելեալ վայրեր կը փնտռեն։ Եթէ կարելի չէ ձեր տան մէջ գրքի ուսումնասիրութիւն մը ունենալ, կարելիութիւնը կա՞յ որ դաշտի ծառայութեան ժողովներ տեղի ունենան։ Նոյնիսկ եթէ ներկայիս կարիք մը չկայ, երէցները երախտապարտ պիտի ըլլան գիտնալով որ ձեր տունը մատչելի է։ Թերեւս այս առանձնաշնորհումը ապագային վայելէք։

4 Լաւ Վարք Ցուցաբերել. Երբ անձնական տուներու մէջ հաւաքուինք, բոլորս ալ հիւրընկալին ստացուածքին հանդէպ յարգալից պէտք է ըլլանք։ Ծնողներ հոգ պէտք է տանին որ իրենց զաւակները ուսումնասիրութեան յատկացուած սենեակին մէջ մնան եւ տան միւս սենեակներուն մէջ պտոյտի չելլեն։ Նկատառութիւն պէտք է ցուցաբերուի նաեւ դրացիներուն հանդէպ, զգոյշ ըլլալով որ անտեղի նեղութիւն չպատճառենք անոնց։—Բ. Կորն. 6։3, 4. Ա. Պետ. 2։12

5 Եբրայեցիս 13։16–ը (Երուսաղէմ) մեզ կը քաջալերէ որ «բարեգործութիւնը եւ [մեր] ունեցած բարիքներուն զիրար հաղորդակից դարձնելը» չմոռնանք, «որովհետեւ այդպիսի պատարագներն են որ հաճելի են Աստուծոյ»։ Ձեր տունը ժողովքային հանդիպումի մը համար մատչելի դարձնելը, ուրիշները ձեր բարիքներուն հաղորդակից դարձնելու ընտիր կերպ մըն է։—Առ. 3։9

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել