Միօրեայ Մասնաւոր Համաժողովի Նոր Յայտագիր
Աւելի հաճելի եւ երկար կեանք մը վայելելու համար մեր բառացի սիրտը լաւ վիճակի մէջ պահելու մասին շատ տեղեկութիւններ մատչելի են ներկայիս։ Սակայն մեր այլաբանական սիրտին վիճակը աւելի մեծ կարեւորութիւն ունի։ Ուստի որքա՜ն պատշաճ է Սեպտեմբեր 2003–ին սկսող միօրեայ մասնաւոր համաժողովի յայտագրին բնաբանը՝ «Կատարեալ Սրտով Եհովայի Ծառայենք»։ (Ա. Մնաց. 28։9) Ի՞նչ կ’ակնկալենք սորվիլ։
Շրջանային տեսուչը պիտի ներկայացնէ՝ «Ուրիշներուն Օգնենք որ Յօժար Կամքով Եհովայի Ծառայեն» խորագրով դասախօսութիւնը։ Հարցազրոյցները աչքառու պիտի դարձնեն այն ուրախութիւնը որ յառաջ կու գայ հետաքրքրութիւնը մշակելէն եւ Եհովայի ծառայել փափաքող մարդոց հետ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարելէն։ Այցելու դասախօսին առաջին դասախօսութիւնը՝ «Տագնապալից Աշխարհի մը Մէջ Մեր Սիրտերը Պաշտպանենք»՝ անկասկած բոլոր ներկաները պիտի մխիթարէ ու քաջալերէ։ Առաւօտեան նիստը պիտի եզրափակուի մկրտութեան դասախօսութեամբ։
Յետմիջօրէին, «Օգնական Ձեռք մը Երկարենք» խորագրով բաժինը նկատի պիտի առնէ թէ ի՛նչպէս կրնանք ուրիշներուն օգնել։ Ծնողները ի՞նչ կրնան ընել իրենց զաւակներուն սիրտը սխալ ազդեցութիւններէ հեռու պահելու համար եւ անոնց օգնելու որ Եհովայի մօտենան։ «Ձեր Զաւակներուն Օգնեցէք որ Եհովայով Ուրախանան» բաժինը գործնական թելադրութիւններ պիտի տայ եւ ցոյց պիտի տայ ի՛նչպէս ասիկա ընել։
Մեր այլաբանական սիրտը առողջ ու զօրաւոր պահելու համար Եհովայի ըրած իւրաքանչիւր կարգադրութիւնը կ’օգտագործե՞նք։ Այցելու դասախօսին վերջին դասախօսութիւնը՝ «Եհովայի Ծառայելու Մէջ Կատարեալ Սիրտ մը Պահպանեցէք», պիտի կեդրոնանայ մեր հոգեւորականութիւնը պահպանող սովորութեան չորս հիմնական երեսակներուն վրայ։ Ջերմեռանդ աղօթքի, Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրելու, նախանձախնդրաբար քարոզելու եւ այլ Քրիստոնեաներու հետ ընկերակցելու համար ո՞րքան ժամանակ ու ջանք կը յատկացնենք։ Այս մարզերէն որեւէ մէկուն մէջ կրնա՞նք բարելաւուիլ։
Եհովա սա հրաւէրը կու տայ. «Քու սիրտդ խրատի տուր ու ականջներդ՝ գիտութեան խօսքերուն»։ (Առ. 23։12) Հիմա իսկ ծրագրեցէք սուրբ գրային ցուցմունքներ մատակարարող այս վարձահատոյց օրուան ներկայ գտնուիլ։ Ասիկա ընելը ձեզ պիտի զօրացնէ որ շարունակէք կատարեալ սրտով ու յօժար կամքով Եհովայի ծառայել։