Պարբերաթերթերուն Մասին Ի՛նչ Ըսենք
Mar. 22
Մարդոց միտքը զբաղեցնող ողբերգական միջադէպ մը յիշելէ ետք, հարցուցէք. «Բնաւ հարց տուա՞ծ էք թէ Աստուած ինչո՛ւ թոյլ կու տայ որ այսպիսի բաներ պատահին։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։ Ապա կարդացէք Յակոբու 1։13] Յատկապէս դեռատիներուն համար գրուած այս յօդուածը կը բացատրէ թէ մեր սիրալիր Ստեղծիչը տակաւին ինչո՛ւ չէ միջամտած մարդկային տառապանքին վերջ դնելու համար»։
ԴԻՏԱՐԱՆ Ապրիլ 1
«Շատ քիչ հատուածներ այնքան շատ ենթադրութիւններու դուռ բացած են, որքան գազանին թիւին մասին Աստուածաշունչի տուած խորհրդաւոր նկարագրութիւնը։ Բնաւ ասոր մասին լսա՞ծ էք։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։ Ապա կարդացէք Յայտնութիւն 13։16-18] Աստուածաշունչը այս խորհուրդին իմաստը պարզող բանալիներ կը հայթայթէ։ Այս պարբերաթերթը կը բացատրէ թէ ի՛նչ են անոնք»։
Apr. 8
«Շատեր Մովսէսի կենսագրութեան ծանօթ են։ Բայց գիտէի՞ք որ Մովսէս բան մը ըսաւ, որ ներկայիս մեր կեանքին կ’ազդէ։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։ Ապա կարդացէք Բ. Օրինաց 18։15] Զարթի՛ր–ի այս թիւը նկատի կ’առնէ թէ այդ նախագուշակուած մարգարէն ո՛վ է եւ ի՛նչ պիտի ընէ մարդկութեան ի նպաստ»։