Մաս 11. Աստուածաշունչի յառաջդիմական ուսումնասիրութիւններ վարենք
Աշակերտներուն օգնել վերայցելութիւններ ընելու
1 Երբ Աստուածաշունչի աշակերտ մը սկսի քարոզչութեան մասնակցիլ, բարի լուրին հանդէպ հետաքրքրութիւն ցուցաբերող անհատներու պիտի հանդիպի։ Ի՞նչպէս կրնանք նոր հրատարակիչին օգնել որ ազդու վերայցելութիւններ ընէ եւ իր գտած հետաքրքրութիւնը մշակէ։
2 Վերայցելութեան նախապատրաստուիլը կը սկսի առաջին հանդիպումին։ Աշակերտը քաջալերէ որ իր խօսած անհատներով անկեղծօրէն հետաքրքրուի։ (Փիլ. 2։4) Աստիճանաբար զինք մարզէ որ մարդոց թոյլ տայ որ իրենց գաղափարները արտայայտեն, անոնց ըսածները մտիկ ընէ եւ զիրենք հետաքրքրող բաներուն ուշադրութիւն ընծայէ։ Երբ անհատ մը հետաքրքրուի, նորեկ հրատարակիչէն խնդրէ որ հանդիպումին յարակից տեղեկութիւնները նոթագրէ։ Այդ տեղեկութիւններուն հիման վրայ օգնէ անոր որ ծրագրէ յաւելեալ խօսակցութեան նիւթեր։
3 Վերայցելութեան նախապատրաստուիլ. Առաջին հանդիպումը վերլուծէ եւ աշակերտին ցոյց տուր թէ ի՛նչպէս կրնայ Թագաւորութեան պատգամին մէկ երեսակը ընտրել, որ տանտիրոջ սիրտին պիտի խօսի։ (Ա. Կորն. 9։19-23) Միասնաբար պատրաստեցէք համառօտ ներկայացում մը, որ աչքառու կը դարձնէ համար մը եւ ուսումնասիրութեան գրականութեան մէկ պարբերութիւնը։ Ասկէ զատ, պատրաստեցէք հարցում մը որ կարելի է ուղղել այցելութեան աւարտին, ճամբան հարթելով յաջորդ այցելութեան։ Նոր հրատարակիչին ցոյց տուր թէ իւրաքանչիւր այցելութեան ի՛նչպէս կրնայ Աստուծոյ Խօսքին մասին անհատին գիտութիւնը աւելցնել։
4 Նաեւ օգտակար է աշակերտին պարզ բացում մը սորվեցնել։ Տանտէրը բարեւելէ ետք, ան կրնայ ըսել. «Մեր նախորդ խօսակցութիւնը հաճելի էր, իսկ ետ եկած եմ որ Աստուածաշունչէն յաւելեալ տեղեկութիւններ տամ [նիւթը յիշէ]»։ Նոր հրատարակիչին նաեւ ցոյց տուր թէ ի՛նչպէս ընդառաջէ եթէ ուրիշ անհատ մը դուռը բանայ։
5 Փութաջանութեամբ հետապնդել. Աշակերտը քաջալերէ որ հետաքրքրութիւն ցուցաբերող անհատներուն փութով վերադառնալու մէջ լաւ օրինակ հանդիսանայ։ Մարդիկ տունը գտնելը կրնայ պահանջել որ այցելելու մէջ յարատեւենք։ Աշակերտին սորվեցուր թէ վերայցելութիւններ ընելու համար ի՛նչպէս կրնայ ժամադրութիւն տալ, եւ անոր օգնէ հասկնալու թէ իր խոստումը պէտք է յարգէ։ (Մատթ. 5։37) Նոր հրատարակիչը մարզէ որ ազնիւ, փափկանկատ եւ յարգալից ըլլայ, մինչ ոչխարանման անհատները կը փնտռէ եւ անոնց հետաքրքրութիւնը կը մշակէ։—Տիտ. 3։2