Ծառայութեան մէջ ժամանակդ ազդուօրէն գործածէ
1 Կասկած չկայ որ մեր ծառայութեան մէջ իրագործելիք շատ բան կայ, եւ մնացած ժամանակը կարճցած է։ (Յովհ. 4։35. Ա. Կորն. 7։29) Կազմակերպուած եւ նախապատրաստուած ըլլալով, կրնանք ծառայութեան համար յայտագրած մեր ժամանակը ազդուօրէն գործածել։
2 Պատրաստ եղիր. Դաշտի ծառայութեան ժողովին չգացած, վստահ եղիր որ հարկ եղած հրատարակութիւնները ունիս եւ ներկայացումդ լաւ պատրաստած ես։ Դաշտի ծառայութեան ժողովը աղօթքով լրանալէն անմիջապէս ետք ուղղակի դաշտ մեկնէ։ Ասիկա քեզի եւ քեզի ընկերակցող անհատներուն թոյլ պիտի տայ որ դաշտի ծառայութեան տրամադրուած ժամանակին մէջ շատ բան իրագործէք։
3 Եթէ դաշտի ծառայութեան ժողովը վարելու նշանակումը ստացած ես, ժամանակին սկսէ։ Ժողովը կարճ պահէ,– 10-15 վայրկեանը թող չանցնի։ Խումբը արձակելէ առաջ, վստահ եղիր որ իւրաքանչիւրը գիտէ թէ ո՛ւր եւ որո՛ւ հետ պիտի ծառայէ։
4 Ծառայութեան ընթացքին. Անգամ մը որ դաշտի ծառայութեան ժողովը լրանայ, մի՛ տնտնար, այլ անմիջապէս թաղամաս ուղղուէ։ Եթէ կը կարծես թէ թաղամասին մէջ կարճ ժամանակ պիտի ծառայես, թերեւս փոխադրամիջոցի անձնական կարգադրութիւն ընես, որպէսզի խումբին մնացեալ անդամներն ալ չստիպուին թաղամասէն կանուխ մեկնիլ։ Երբ խմբովին կը քարոզես, նկատառու եղիր անոնց հանդէպ, որոնք քեզի կը սպասեն որ զրոյցդ լրացնես։ Ասիկա կրնաս ընել՝ վիճաբանող անհատէ մը փափկանկատութեամբ հեռանալով կամ հետաքրքրութիւն ցուցաբերող անհատի մը վերադառնալու կարգադրութիւն ընելով։—Մատթ. 10։11
5 Վերայցելութիւններ ընելու ատեն կրնաս անհարկի երթուդարձէ խուսափիլ, մէկ թաղի մէջ գտնուող վերայցելութիւնները ամբողջացնելէ ետք՝ միւս թաղ մեկնելով։ Թերեւս կարելի է կարգ մը անհատներու հեռաձայնել, վստահ ըլլալու համար թէ տո՛ւնն են կամ ոչ։ (Առ. 21։5) Եթէ կ’ակնկալես որ այցելութիւնդ երկար պիտի տեւէ, թերեւս կարելի է կարգադրել որ խումբիդ միւս անդամները մօտակայքը քարոզեն կամ յաւելեալ վերայցելութիւն մը ընեն։
6 Կ’ապրինք հոգեւոր մեծ հունձքի մը ժամանակին մէջ։ (Մատթ. 9։37, 38) Շուտով այս գործը վերջ պիտի գտնէ։ Հետեւաբար մեր փափաքը պէտք է ըլլայ՝ ծառայութեան մէջ մեր ժամանակը ազդուօրէն գործածել։