Հարցումի Տուփ
◼ Պատշա՞ճ է որ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին եւ Ծառայութեան Ժողովին մէջ ներկայացուած իւրաքանչիւր բաժինէն ետք ներկաները ծափահարեն։
Երբ Ստեղծիչը՝ Եհովա, երկիրը հաստատեց, ‘առաւօտեան աստղերը մէկտեղ փառաբանութիւն ըրին ու Աստուծոյ բոլոր որդիները ցնծութեամբ աղաղակեցին’։ (Յոբ 38։7) Աստուծոյ այս հրեշտակային որդիները փափաքեցան Եհովան փառաբանել իր արտակարգ ստեղծագործութեան համար, որ իր իմաստութեան, բարութեան ու զօրութեան նոր մէկ յայտնաբերումն էր։
Մեր եղբայրներուն թափած ջանքերուն եւ անոնց ներկայացուցած նիւթին հանդէպ մեր սրտանց գնահատութիւնը յայտնելը լաւ բան մըն է։ Օրինակ, սովորաբար կը ծափահարենք համաժողովներուն ընթացքին ներկայացուած դասախօսութիւններուն ու ներկայացումներուն համար։ Հոն ներկայացուած բաժինները պատրաստելը յաւելեալ ժամանակ ու ջանք պահանջած կ’ըլլան։ Մեր ծափահարութիւնը ո՛չ միայն դասախօսին ծանր աշխատանքին հանդէպ գնահատութիւն ցոյց կու տայ, այլ նաեւ՝ իր Խօսքին ու կազմակերպութեան միջոցաւ Եհովայի հայթայթած ուսուցումին հանդէպ։—Եսա. 48։17. Մատ. 24։45-47
Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին եւ Ծառայութեան Ժողովին մէջ ներկայացուած բաժիններուն ծափահարելու նկատմամբ։ Ծափահարելը արգիլող կանոններ չկան եթէ անոնք ինքնաբերաբար ըլլան, ինչպէս՝ աշակերտ մը դպրոցին մէջ իր առաջին նշանակումը ներկայացնելէն ետք։ Սակայն ծափահարութիւնը դիւրաւ կրնայ մակերեսային դառնալ եւ իր իմաստը կորսնցնել։ Հետեւաբար, իւրաքանչիւր ներկայացումէ ետք սովորաբար չենք ծափահարեր։
Թէեւ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին ու Ծառայութեան Ժողովին բաժիններուն մեծամասնութեան համար չենք ծափահարեր, սակայն կան այլ կերպեր որոնցմով բոլորս ալ կրնանք ուսուցումին եւ բաժինները ներկայացնողներուն ջանքերուն հանդէպ մեր գնահատութիւնը յայտնել։ Ասիկա կրնանք ընել զգաստ մնալով եւ ուշի ուշով դասախօսներուն մտիկ ընելով։ Իսկ ժողովէն ետք, յաճախ կարելի է անոնց ջանքերուն համար անձամբ գնահատութիւն յայտնել։—Եփ. 1։15, 16