Ի՞նչ վիճակի մէջ է
Ասիկա լաւ հարցում մըն է, որ կրնանք մենք մեզի ուղղել, երբ կը ծրագրենք հրատարակութիւն մը առաջարկել։ Որեւէ բան որ ճմռթկուած է, գոյնը թափած է, փոշոտ է կամ պատռուած է, մեր կազմակերպութեան մասին գէշ տպաւորութիւն պիտի ձգէ եւ կրնայ տանտէրը շեղեցնել հրատարակութեան բովանդակած գեղեցիկ ու փրկարար պատգամէն։
Ինչպէ՞ս կրնանք մեր հրատարակութիւնները կոկիկ պահել։ Շատեր օգտակար կը գտնեն իրենց վկայութեան պայուսակը դասաւորել, այնպէս որ նոյնանման հրատարակութիւնները մէկ տեղ դրուին։ Օրինակի համար, անոնք գիրքերու համար զատ տեղ մը ունին, պարբերաթերթերու եւ գրքոյկներու համար ուրիշ տեղ մը. թերթիկներու համա՛ր ալ տեղ մը ունին, եւայլն։ Ամէն անգամ, անոնք իրենց Աստուածաշունչն ու որեւէ հրատարակութիւն ուշադրութեա՛մբ կը վերադարձնեն իրենց պայուսակին մէջ, որպէսզի հրատարակութիւնները չվնասուին։ Հրատարակիչներէն ոմանք իրենց հրատարակութիւնները կը պահեն թղթապանակներու կամ թափանցիկ փլասթիքէ տոպրակներու մէջ։ Ի՛նչ մեթոտի ալ հետեւինք, չենք ուզեր անհատի մը վաւերական պատճառ տալ, որ մեր ծառայութիւնը արատաւորուած նկատէ, վնասուած հրատարակութիւն ստանալով (Բ. Կոր. 6։3)։