Եհովայի վկաներ. կենդանի հաւատք, Մաս 2. Թող լոյսը փայլի
1919–ին, Եղբայր Ռատըրֆորտը եւ իր ընկերակիցները բանտէն ազատ արձակուելէ ետք, Աստուածաշունչի Աշակերտներուն հսկայ գործ մը կը սպասէր։ Ինչպէս որ կը նկարագրուի Եհովայի վկաներ. կենդանի հաւատք, Մաս 2. Թող լոյսը փայլի տեսաֆիլմին մէջ, Աստուածաշունչի Աշակերտները բազմաթիւ հակառակորդներ պիտի ունենային, Սուրբ Գրութիւններու իրենց հասկացողութիւնը պիտի շարունակէր աճիլ եւ իրենց հաւատքը պիտի զտուէր (Առ. 4։18. Մաղ. 3։1-3. Յովհ. 15։20)։ Տեսաֆիլմը դիտելէ ետք, կրնա՞ս այս հարցումներուն պատասխանել։
1) Բարի լուրը տարածելու համար, Աստուածաշունչի Աշակերտները ի՞նչ մեթոտներ գործածեցին։ 2) Ի՞նչ պատահեցաւ 1931–ի եւ 1935–ի պատմական համաժողովներուն ընթացքին։ 3) Դիտարան–ի 1 նոյեմբեր 1939 թիւին մէջ ի՞նչ բան նշանակալից էր։ 4) Նկարագրէ թէ ի՛նչ պատահեցաւ Մէտիսըն Սքուէր Կարտընի մէջ, Եղբայր Ռատըրֆորտի «Կառավարութիւն եւ խաղաղութիւն» խորագրով դասախօսութեան ընթացքին։ 5) Եղբայր Նորի «Խաղաղութիւնը կրնա՞յ գոյատեւել» խորագրով դասախօսութեան մէջ, ի՞նչ բան ուշագրաւ էր։ 6) 1942–ին, իրենց քարոզչութիւնը ընդարձակելու համար, Եհովայի վկաները ի՞նչ ծրագրեցին։ 7) Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի եւ Յունաստանի մէջ մղուած օրինական կարգ մը պայքարները բացատրէ։ 8) Գաղաադը ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ քարոզչութեան աճին վրայ։ 9) 1946–ին, ի՞նչ կարեւոր աշխատանք սկսաւ եւ ինչո՞ւ։ 10) Եհովայի վկաները ի՞նչ քայլեր առին, վստահ ըլլալու համար, թէ իրենց վարքը Աստուածաշունչի չափանիշներուն հետ ներդաշնակ է։ 11) Բացատրէ կարգ մը ճշդումներ, որոնք 1970–ական թուականներուն առնուեցան, վստահ ըլլալու համար թէ կազմակերպութիւնը աւելի մօտէն Աստուածաշունչին կը հետեւի։ 12) Այս տեսաֆիլմը դիտելը ինչպէ՞ս գնահատութիւնդ աւելցուց այն բանին հանդէպ, թէ Եհովան ամէն բան իր հակակշռին տակ առած է եւ թէ ասիկա իր կազմակերպութիւնն է։ 13) Այս տեսաֆիլմը ինչպէ՞ս զօրացուց վճռականութիւնդ, որ շարունակես նախանձախնդրաբար քարոզել՝ հակառակ խոչընդոտներուն։ 14) Ինչպէ՞ս կրնանք այս տեսաֆիլմը գործածել մեր ազգականներուն, Աստուածաշունչի աշակերտներուն եւ ուրիշներուն օգնելու համար։
Իւրաքանչիւր օր որ կ’անցնի, Եհովայի վկաներուն պատմութեան մէջ նոր էջ մը կ’աւելցնէ։ Արձանագրութիւնը ի՞նչ պիտի պատմէ ծառայութեան մէջ մեր թափած ջանքերուն մասին։ Ինչպէս որ մեր եղբայրները անցեալին ըրին, թող որ շարունակե՛նք նախանձախնդրաբար ‘լոյսը փայլեցնել’ (Բ. Կոր. 4։6)։