Մարդոց օգնենք որ Աստուծոյ մտիկ ընեն
1. Ո՞ր գրքոյկները լոյս տեսան «Թող Աստուծոյ Թագաւորութիւնը գայ» խորագրով նահանգային համաժողովին, եւ ի՞նչ բան զանոնք օգտակար գործիքներ կը դարձնէ։
1 «Թող Աստուծոյ Թագաւորութիւնը գայ» խորագրով նահանգային համաժողովին, լոյս տեսան Աստուծոյ մտիկ ըրէ եւ յաւիտեան պիտի ապրիս գրքոյկը եւ անոր պարզ տարբերակը՝ Աստուծոյ մտիկ ըրէ գրքոյկը։ Քիչ տեղեկութիւններ ունենալով, ատոնք կրնան արագօրէն եւ դիւրութեամբ թարգմանուիլ։ Այժմ, հաւանութիւն տրուած է որ Աստուծոյ մտիկ ըրէ եւ յաւիտեան պիտի ապրիս գրքոյկը 431 լեզուներու թարգմանուի։
2. Որո՞նք այս գրքոյկներէն պիտի օգտուին։
2 Մասնաւորաբար որո՞նք այս գրքոյկներէն պիտի օգտուին։ Նկատի առ հետեւեալ պարագաները, որոնք յաճախ աշխարհի տարածքին տեղի կ’ունենան.
• Հրատարակիչ մը որ քննարկութիւն կ’ունենայ տանտիրոջ մը հետ,– կա՛մ առաջին հանդիպումին եւ կամ վերայցելութեան ընթացքին,– կը նշմարէ թէ տանտէրը անուս է կամ լաւ կերպով չի կարդար։
• Հրատարակիչ մը կը քարոզէ մարդոց՝ որոնք կը խօսին լեզու մը, որ շատ քիչ կամ ոչինչ թարգմանուած հրատարակութիւններ ունի։ Կամ, թաղամասին մէջ մարդոց մեծամասնութիւնը անկարող է իրենց խօսակցական լեզուն կարդալ։
• Հրատարակիչ մը կը գործածէ նշաններու լեզուն, իր թաղամասի խուլերուն քարոզելու համար։
• Ծնող մը կը փափաքի ճշմարտութիւնը սորվեցնել իր մանուկին, որ տակաւին կարդալ չի գիտեր։
3. Աստուծոյ մտիկ ըրէ գրքոյկը ինչպէ՞ս ծրագրուած է։
3 Ինչպէ՛ս ծրագրուած են։ Աստուծոյ մտիկ ըրէ գրքոյկը շատ քիչ տեղեկութիւններ կը բովանդակէ. ընդհանրապէս իւրաքանչիւր էջին վարը կը գտնուի գլխաւոր կէտերը ընդգծող պարզ նախադասութիւն մը եւ համար մը։ Ինչո՞ւ։ Երեւակայէ թէ մէկը քեզի ներկայացուց գրքոյկ մը, որ գրուած է լեզուով մը որ չես կրնար կարդալ, եւ թերեւս անոր տառերը քեզի անծանօթ են։ Արդեօք ատով պիտի հետաքրքրուէի՞ր, նոյնիսկ եթէ պատկերազարդ ըլլար։ Հաւանաբար ո՛չ։ Նմանապէս, կարդալ չգիտցող մարդիկը դիւրաւ կը վհատին այն հրատարակութիւններէն, որոնք տեղեկութեամբ զեղուն են։ Անոր համար, իւրաքանչիւր էջի վրայ աչքառու են ուշադրութեամբ պատրաստուած պատկերները, եւ անոնք օժտուած են ուղղութիւն ցոյց տուող նշանով՝ քննարկութեան ընթացքը նշելու համար։
4. Աստուծոյ մտիկ ըրէ եւ յաւիտեան պիտի ապրիս գրքոյկը ինչպէ՞ս ծրագրուած է։
4 Աստուծոյ մտիկ ըրէ եւ յաւիտեան պիտի ապրիս գրքոյկը Աստուծոյ մտիկ ըրէ գրքոյկին նոյն պատկերները ունի։ Ատիկա ծրագրուած է ուսումնասիրելու համար անոնց հետ, որոնք կարդալու սահմանափակ կարողութիւն ունին կամ կարդալ կը սորվին։ Այս գրքոյկը կրնայ նաեւ գործածուիլ որպէս ուսուցիչի օրինակ, երբ անհատի մը հետ Աստուծոյ մտիկ ըրէ գրքոյկով կը սերտուի։ Իւրաքանչիւր երկու էջնոց դասի վերի ձախ անկիւնը կայ հարցում մը, որ այդ դասին մէջ կը պատասխանուի։ Պատկերներուն հետ մէկտեղ կան մեկնաբանութիւններ եւ նշուած համարներ։ Եւ էջերուն մեծամասնութեան վարի անկիւնը կը գտնուի շրջանակ մը՝ յաւելեալ կէտերով եւ համարներով, որոնք աշակերտին կարողութեան համաձայն կրնան քննարկուիլ։
5. Ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս կրնանք այս գրքոյկները ներկայացնել։
5 Զանոնք ինչպէ՛ս գործածել։ Կրնաս գրքոյկները ներկայացնել տունէ տուն ծառայութեան ընթացքին, երբ կը խորհիս թէ ատիկա ընելը օգտակար է, նոյնիսկ երբ գրքոյկները ամսուան ներկայացուելիք հրատարակութիւնները չեն (տե՛ս «Ինչպէ՛ս կարելի է զանոնք առաջարկել» շրջանակը)։ Կրնաս գրքոյկը ներկայացնել վերայցելութեան ընթացքին, հետաքրքրուած անհատին պարզապէս ըսելով թէ բան մը կ’ուզես իրեն ցոյց տալ, եւ ապա գրքոյկը տուր։
6. Այս գրքոյկները գործածելով ինչպէ՞ս Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն պիտի վարենք։
6 Քանի որ Աստուծոյ մտիկ ըրէ գրքոյկը տպուած հարցումներ չունի, քննարկութիւնները հարց–պատասխանի ձեւով պիտի չըլլան, ինչպէս որ սովորաբար կ’ընես Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքով ուսումնասիրութիւն վարած ատեն։ Իւրաքանչիւր մշակոյթի մէջ մարդիկ պատմութիւններ լսելով կ’ուրախանան։ Ուստի, պատկերները գործածէ աստուածաշնչական պատմութիւնները պատմելու համար։ Պատկերները բացատրէ՛։ Խանդավա՛ռ եղիր։ Աշակերտէդ խնդրէ որ մեկնաբանութիւններ ընէ։ Էջին վարը գտնուող համարները կարդա՛ եւ ատոնց շուրջ պատճառաբանէ։ Ուղղէ՛ հարցումներ, որոնք զինք կը պարփակեն քննարկութեան մէջ եւ կը յայտնեն թէ ան կը հասկնայ։ Եթէ ան կը գործածէ Աստուծոյ մտիկ ըրէ եւ յաւիտեան պիտի ապրիս գրքոյկը, իւրաքանչիւր պատկերի քննարկութեան ընթացքին միասնաբար կարդացէք համապատասխան տեղեկութիւնն ու համարները։
7. Ինչպէ՞ս կրնանք Աստուածաշունչի աշակերտին օգնել յառաջդիմելու։
7 Աշակերտին օգնէ որ յառաջդիմէ։ Կը յուսանք որ քննարկութիւնդ աշակերտիդ մէջ պիտի արթնցնէ կարդալ սորվելու փափաքը, որպէսզի կարենայ անձամբ Եհովայի մասին գիտութիւն ստանալ (Մատ. 5։3. Յովհ. 17։3)։ Հետեւաբար, եթէ քննարկութիւնները Աստուծոյ մտիկ ըրէ գրքոյկէն են, ժամանակի ընթացքին թերեւս կրնաս աշակերտիդ առաջարկել սորվեցնել ինչպէ՛ս կարդալ, եւ դասը շարունակել Աստուծոյ մտիկ ըրէ եւ յաւիտեան պիտի ապրիս գրքոյկով։ Ի՛նչ որ ալ ըլլայ այն գրքոյկը որ կը գործածես, աշակերտը մկրտութեան համար պատրաստ պիտի չըլլայ երբ զայն ուսումնասիրելը ամբողջանայ։ Անկէ ետք, պէտք է իրեն հետ ուսումնասիրես Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը կամ ուրիշ յարմար հրատարակութիւն մը, որ Աստուածաշունչի աւելի հասկացողութիւն պիտի հայթայթէ։
8. Ծառայութեան այս նոր գործիքներուն համար ինչո՞ւ երախտապարտ ես։
8 Յաւիտեան ապրելու համար, մարդիկ պէտք է տիեզերքի գերիշխանին մտիկ ընեն (Եսա. 55։3)։ Եւ Եհովային կամքն է որ «բոլոր մարդիկ», ներառեալ անոնք՝ որոնք չեն կրնար կարդալ, սորվին ինչպէ՛ս իրեն մտիկ ընել (Ա. Տիմ. 2։3, 4)։ Որքա՜ն երախտապարտ ենք այս նոր գործիքներուն համար, որոնք կրնանք գործածել մարդոց սորվեցնելու թէ ինչպէ՛ս Աստուծոյ մտիկ ընեն։
[Շրջանակ՝ էջ 3]
Ինչպէ՛ս կարելի է զանոնք առաջարկել
Տանտիրոջ ցոյց տուր էջ 2-3, եւ ըսէ. «Կը փափաքի՞ք ապրիլ այսպիսի աշխարհի մը մէջ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Աստուածաշունչը կը խոստանայ, թէ Աստուած շուտով երկիրը գեղեցիկ, խաղաղ վայր մը պիտի ընէ, ուր ո՛չ ոք աղքատ կամ հիւանդ է։ Նկատի առէք թէ ի՛նչ պէտք է ընենք՝ հոն ապրելու համար։ [Կարդա՛ Եսայի 55։3, որ նշուած է էջ 3–ի վերը։] Ասիկա մեզի կ’ըսէ թէ Աստուծոյ ‘գանք’ եւ իրեն ‘մտիկ ընենք’։ Սակայն, ինչպէ՞ս Աստուծոյ մտիկ կ’ընենք»։ Բաց էջ 4-5 եւ անոր հետ քննարկէ պատասխանը։ Եթէ ժամանակ չունի, իրեն յանձնէ գրքոյկը եւ կարգադրութիւններ ըրէ վերադառնալու եւ պատասխանը քննարկելու համար։