Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտ17 Մարտ էջ 5
  • Աստուծոյ մտիկ ըրէ գրքոյկը ինչպէ՛ս գործածել

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուծոյ մտիկ ըրէ գրքոյկը ինչպէ՛ս գործածել
  • Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2017)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Մարդոց օգնենք որ Աստուծոյ մտիկ ընեն
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2012)
  • Ինչպէ՛ս գործածել՝ «Աստուծոյ կողմէ ուրախ լուրեր» գրքոյկը
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2013)
  • «Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն» գիրքը գործածէ ծառայութեան մէջ
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2021)
  • Անկեղծօրէն Ուրիշներուն Հոգ Տանելով Եհովան Ընդօրինակենք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1996)
Տես աւելին
Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2017)
ժտ17 Մարտ էջ 5

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Աստուծոյ մտիկ ըրէ գրքոյկը ինչպէ՛ս գործածել

Աստուծոյ մտիկ ըրէ

Աստուծոյ մտիկ ըրէ գրքոյկը այնպէս մը պատրաստուած է, որ մարդիկ նկարներո՛վ սորվին Աստուածաշունչի հիմնական ճշմարտութիւնները, եթէ կարդալու մէջ դժուարութիւն ունին։ Ամէն մէկ դաս, որ երկու էջէ կը բաղկանայ, ունի բծախնդրութեամբ պատրաստուած նկարներ, որոնց միջեւ կան նշաններ՝ որոնք կ’օգնեն գիտնալու թէ ո՛ր շարքաւորումով նկարներուն պիտի նայինք։

Աստուծոյ մտիկ ըրէ եւ յաւիտեան պիտի ապրիս գրքոյկը Աստուծոյ մտիկ ըրէ գրքոյկին նոյն նկարները ունի, բայց անոր մէջ քիչ մը աւելի գրութիւն կայ։ Այդ գրքոյկը կրնան գործածել այն աշակերտները, որոնք կարդալու որոշ կարողութիւն ունին։ Հրատարակիչները ընդհանրապէս կը նախընտրեն զայն գործածել որպէս ուսուցիչի օրինակ, երբ իրենց աշակերտը կը գործածէ Աստուծոյ մտիկ ըրէ գրքոյկը։ Անոր շատ մը էջերը յաւելեալ տեղեկութիւններ բովանդակող շրջանակներ ունին, որոնք կարելի է քննարկել աշակերտին կարողութեան համաձայն։

Քոյր մը Աստուծոյ մտիկ ըրէ եւ յաւիտեան պիտի ապրիս գրքոյկը կը գործածէ, մինչ իր աշակերտուհին Աստուծոյ մտիկ ըրէ գրքոյկը կը գործածէ

Այս 2 գրքոյկները կրնաս առաջարկել որեւէ ժամանակ, նոյնիսկ եթէ անոնք այդ ամսուան մէջ ներկայացուելիք հրատարակութիւններուն մէջ չեն։ Երբ ուսումնասիրութիւն կը վարես, նկարները գործածէ որ պատմութիւնը բացատրես։ Հարցումներ հարցուր որ աշակերտը մասնակցի եւ վստահ ըլլալու համար որ իր սորվածը կը հասկնայ։ Կարդա՛ եւ քննարկէ համարները։ Գրքոյկը ամբողջացնելէ ետք, աշակերտին հետ սերտէ Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքը կամ Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աստուածաշունչէն գիրքը, իրեն օգնելու համար որ մկրտութեան հասնի։

Դաս մը Աստուծոյ մտիկ ըրէ գրքոյկէն Ադամին ու Եւային մասին
    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել