Ներկայացումի նմոյշներ
Սեպտեմբեր ամսուան առաջին շաբաթ օրը Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար
«Բարեւ։ Մենք կարճ այցելութեամբ ցոյց կու տանք, թէ ո՛ր վստահելի աղբիւրը կրնայ զոյգերուն օգնել որ ամուսնութեան մէջ յաջողութիւն գտնեն։ Ձեր կարծիքով, ընտանեկան ուրախութեան մեծագոյն արգելքը ի՞նչ է»։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Ցոյց տուր Դիտարան–ի 1 սեպտեմբեր թիւին ետեւի կողքը եւ միասնաբար նկատի առէք առաջին հարցումին տակ գտնուող նիւթը ու նշուած համարներէն առնուազն մէկը։ Պարբերաթերթերը առաջարկէ եւ յաջորդ հարցումը քննարկելու համար վերադառնալու կարգադրութիւն ըրէ։
Դիտարան 1 սեպտեմբեր
«Մենք մարդոց կ’այցելենք, որովհետեւ մեր միջավայրին մէջ շատեր հարց կու տան, թէ ինչո՛ւ Աստուած այսքան տառապանք թոյլատրած է։ Ասոր մասին դուք ալ հարց տուա՞ծ էք։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Աստուածաշունչը հետաքրքրական բան մը կը խոստանայ, թէ ժամանակ պիտի գայ երբ սուգն ու ցաւը պիտի անհետանան։ [Կարդա՛ Յայտնութիւն 21։4։] Այս պարբերաթերթը կը քննարկէ հինգ հիմնական պատճառներ, թէ ինչո՛ւ այսքան տառապանք գոյութիւն ունի։ Անիկա նաեւ ցոյց կու տայ թէ, ըստ Աստուածաշունչին, Աստուած ինչպէ՛ս վերջ պիտի դնէ տառապանքին»։
Զարթի՛ր սեպտեմբեր
«Մենք եկած ենք տեղեկութիւններ տալու մօտալուտ հռչակաւոր տօնի մը մասին, որ է՝ Հէլլոուինը։ Ոմանք որոշած են չտօնակատարել զայն, ակնարկելով կարգ մը ազդարարութիւններու, ինչպէս Աստուածաշունչին մէջ նշուած այս ազդարարութիւնը։ [Կարդա՛ Ղեւտացւոց 19։31։] Ուրիշներ գերբնական ոգիներու չեն հաւատար եւ Հէլլոուինը կը նկատեն որպէս անվնաս հաճոյք մը։ Այս տօնին նկատմամբ ձե՞ր կարծիքը ինչ է։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Այս պարբերաթերթը կը յայտնէ Հէլլոուինին խաւար ծագումները»։