ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Ե՞րբ կրնամ որպէս օժանդակ ռահվիրայ ծառայել
Եզեկիէլի տաճարի տեսիլքը ցոյց կու տայ, որ Եհովային ժողովուրդը կամաւոր նուիրաատուութիւններ պիտի ընէր։ Անձնապէս ինչպէ՞ս կրնանք «օրհնութեան պատարագ», կամ գովաբանութեան զոհ, մատուցանել (Եբ. 13։15, 16)։
Հոյակապ կերպ մըն է՝ օժանդակ ռահվիրայ ըլլալ։ 2018–ի ծառայութեան տարին ունի քանի մը ամիսներ, որոնք հինգ շաբաթ կամ հինգ կիրակի ունին։ Այս ամիսներէն կրնան օգտուիլ, անոնք որոնք լման ժամով աշխարհիկ գործ կ’աշխատին եւ ծառայութեան կը մասնակցին գրեթէ միայն շաբաթավերջերուն։ Ասկէ զատ, հրատարակիչները կրնան ընտրել 30 կամ 50 ժամ ծառայել մարտ եւ ապրիլ ամիսներուն ընթացքին, ինչպէս նաեւ այն ամիսը՝ երբ շրջանային տեսուչը այցելէ իրենց ժողովքը։
Լաւ ի՞նչ ընենք եթէ մեր պարագաները չեն ներեր որ օժանադակ ռահվիրայ ըլլանք։ Կրնանք ջանք թափել որ մեր ծառայութեան որակը եւ թերեւս նաեւ քանակը աւելցնենք։ Մեր պարագաները ինչ որ ալ ըլլան, թող Եհովային հանդէպ մեր սէրը մեզ մղէ, որ իրեն մեր լաւագոյնը տանք 2018–ի ծառայութեան տարուան ընթացքին (Ով. 14։2)։
Ինչպէ՞ս կրնամ Սապինա Հէրնանտէզին պէս նախանձախնդիր ըլլալ։
ԴԻՏԷ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՕԳՆՈՒԹԵԱՄԲ, ԳՐԵԹԷ ԱՄԷ՛Ն ԲԱՆ ԿՐՆԱՄ ԸՆԵԼ ՎԻՏԷՈՆ ԵՒ ՅԵՏՈՅ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ.
Ի՞նչ բան Սապինան կը մղէ որ Եհովային աւելի ծառայէ։
Սապինային օրինակը քեզ ինչպէ՞ս կը քաջալերէ։
2018–ի ծառայութեան տարուան ընթացքին, որ՞ ամիսը (կամ ամիսները) կրնաս օժանդակ ռահվիրայ ըլլալ։