Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ92 7/1 էջ 3-5
  • Իրական ազատութիւն. ո՞ր աղբիւրէն

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Իրական ազատութիւն. ո՞ր աղբիւրէն
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ազատութիւնը Եղծանուած
  • Սուտ Կրօնքի Գերութիւն
  • Ազատ՝ բայց համարատու ժողովուրդ մը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
  • Ողջունենք Աստուծոյ նոր աշխարհը ուր ազատութիւն պիտի տիրէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
  • Մարդուն «նոր համաշխարհային բարեկարգութիւն»ը մօ՞տ է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
  • Կրօնական ազատութիւնը ի՞նչ կը նշանակէ ձեզի համար
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
դ92 7/1 էջ 3-5

Իրական ազատութիւն. ո՞ր աղբիւրէն

«Քալող մարդը իր քալուածքը շտկելու կարող չէ։ Ո՛վ Տէր, զիս խրատէ»։—ԵՐԵՄԵԱՅ 10։23, 24

1, 2. Շատ մը մարդիկ ինչպէ՞ս կը նկատեն ազատութիւնը, բայց ուրիշ ի՞նչ բաներ ալ նկատի առնուելու արժանի են։

ԱՆԿԱՍԿԱԾ կը գնահատէք իրական ազատութիւնը։ Կը փափաքիք ազատ ըլլալ ձեր տեսակէտները արտայայտելու, ազատ՝ որոշելու ո՛ւր եւ ի՛նչպէս ապրիլ։ Կը փափաքիք ընտրել ձեր ընելիք գործը, ձեր ուտելիքը, երաժշտութիւնը, բարեկամները։ Շատ մը բաներու մասին, մեծ թէ պզտիկ, նախասիրութիւններ ունիք։ Բնականաբար ոչ մէկ անհատ կը փափաքի բռնատիրական կառավարիչներու ստրուկը դառնալ, ընտրելու քիչ ազատութիւն ունենալով կամ բնաւ չունենալով։

2 Սակայն, պիտի չփափաքէի՞ք աշխարհ մըն ալ, ուր ուրիշներ, ինչպէս նաեւ դուք, իրական ազատութենէն պիտի օգտուէիք։ Պիտի չփափաքէի՞ք աշխարհ մը՝ ուր ազատութիւնը պիտի պաշտպանուէր, այնպէս որ իւրաքանչիւր անհատ կարենար կեանքը լիովին վայելել։ Իսկ, եթէ կարելի ըլլար, պիտի չփափաքէի՞ք նաեւ վախէն, ոճիրէն, անօթութենէն, չքաւորութենէն, ապականութենէն, հիւանդութենէն եւ պատերազմէն զերծ աշխարհ մը։ Անկասկած այսպիսի ազատութիւններ մեծապէս ցանկալի են։

3. Ինչո՞ւ կ’արժեւորենք ազատութիւնը։

3 Ինչո՞ւ մենք, մարդկայիններս, ազատութեան ա՛յսքան զօրաւոր կարիքը կը զգանք։ Աստուածաշունչը կը նշէ. «Ուր որ Տէրոջը [Եհովայի] հոգին կայ, հոն ազատութիւն կայ»։ (Բ. Կորնթացիս 3։17) Ուստի Եհովան ազատութեան Աստուածն է։ Իսկ քանի որ մեզ իր «պատկերին ու նմանութեանը պէս» ստեղծեց, ան մեզ ազատ կամքով օժտեց որպէսզի կարենայինք ազատութիւնը գնահատել եւ անկէ օգտուիլ։—Ծննդոց 1։26

Ազատութիւնը Եղծանուած

4, 5. Ամբողջ Պատմութեան ընթացքին, ազատութիւնը ինչպէ՞ս եղծանուած է։

4 Ամբողջ Պատմութեան ընթացքին, միլիոնաւոր անհատներ գերեվարուած, չարչարուած, կամ սպաննուած են, քանի որ ուրիշներ սխալ կը գործածէին իրենց ազատ կամքը։ Աստուածաշունչը կը պատմէ որ շուրջ 3,500 տարիներ առաջ, «[Եգիպտացիները] բռնութեամբ կը ծառայեցնէին Իսրայէլի որդիները։ Անոնց կեանքը ծանր գործով [գերութեամբ (ՆԱ)]՝ ... կը դառնացնէին»։ (Ելից 1։13, 14) Ամերիքանա Համայնագիտարանը (Անգլ.) կ’ըսէ որ Հ.Դ.Ա. չորրորդ դարուն, Աթէնքի եւ երկու ուրիշ Յունական քաղաքներու մէջ, ստրուկներուն թիւը չորս անգամ աւելի էր քան ազատ բնակիչներունը։ Այս աղբիւրը նաեւ կ’ըսէ. «Հռովմի մէջ, ստրուկը սկիզբը ոչ մէկ իրաւունք ունէր։ Ան կրնար մահուան մատնուիլ ամենափոքր սխալ ընթացքի համար»։ Գօմբթընի Համայնագիտարանը (Անգլ.) կը նշէ. «Հռովմի մէջ պետութեան հիմը կը կազմէր ստրուկներու աշխատանքը։ ... Դաշտերուն մէջ ստրուկները յաճախ շղթայակապ կ’աշխատէին։ Գիշերը, զանոնք իրարու կը կապէին եւ կիսովին գետնին տակ թաղուած մեծ բանտերու մէջ կը փակէին»։ Քանի որ այս ստրուկներէն շատեր ատեն մը ազատութիւնը ճանչցած էին, երեւակայեցէք այդ չախչախուած կեանքերուն դառնութիւնը։

5 Դարեր շարունակ, Քրիստոնեայ Աշխարհը գերիներու հարստահարիչ առեւտուրին անձնատուր եղաւ։ Համաշխարհային Համայնագիտարանը (Անգլ.) կ’ըսէ. «1500 թուականէն մինչեւ 1800 թուականը, Եւրոպացիները մօտ 10 միլիոն սեւամորթ ստրուկներ Ափրիկէէն դէպի Արեւմտեան Կիսագունդ բերին»։ Այս Ի. դարուն, միլիոնաւոր բանտարկեալներ մինչեւ մահ աշխատեցան կամ սպաննուեցան Նացի կեդրոնացման ճամբարներու մէջ կառավարութեան վարած քաղաքականութեան համար։ Զոհերուն մէջ կային բազմաթիւ Եհովայի Վկաներ որոնք բանտարկուած էին, քանի որ կը մերժէին զօրավիգ կանգնիլ մարդասպան Նացի վարչաձեւին։

Սուտ Կրօնքի Գերութիւն

6. Սուտ կրօնքը ինչպէ՞ս գերեվարեց հին Քանանու երկրին բնակիչները։

6 Ուրիշ գերութիւն մըն ալ գոյութիւն ունի, որ յառաջ կու գայ սուտ կրօնքի կառչելէն։ Օրինակի համար, վաղեմի Քանանու երկրին մէջ, երախաները Մողոքին զոհ կը մատուցուէին։ Կ’ըսուի թէ այս սուտ աստուծոյ հսկայ արձանի մը ներսիդին հնոց մը կը բոցավառէր։ Արձանին տարածուած բազուկներէն կը նետէին ողջ երախաներ որոնք կ’իյնային բոցերուն մէջ։ Նոյնիսկ կարգ մը Իսրայելացիներ այս սուտ պաշտամունքին անձնատուր եղան։ Աստուած կ’ըսէ որ անոնք ‘իրենց տղաքներն ու աղջիկները Մողոքին համար կրակէ անցուցին, որ ան անոնց հրամայած չէր ու իր մտքէն ալ անցած չէր, որ անոնք այս պղծութիւնը ընեն’։ (Երեմեայ 32։35) Մողոք ի՞նչ օգուտ բերաւ իր երկրպագուներուն։ Ներկայիս ո՞ւր են այդ Քանանացի ազգերը եւ Մողոքի պաշտամունքը։ Անոնք բոլորն ալ անէացած են։ Անիկա սուտ պաշտամունք մըն էր, հիմնուած՝ ոչ թէ ճշմարտութիւններու վրայ, այլ՝ ստութիւններու։—Եսայեայ 60։12

7. Ո՞ր ահռելի սովորութիւնը Ազթէք կրօնքին մաս կը կազմէր։

7 Դարեր առաջ, Կեդրոնական Ամերիկայի մէջ, Ազթէքները սուտ կրօնքի գերիներ էին։ Կային անձնական չաստուածներ, բնութեան ուժերը կը պաշտուէին որպէս չաստուածներ, առօրեայ կեանքի մէջ տարբեր գործունէութիւնները իրենց իւրաքանչիւր չաստուածը ունէին, բոյսերը իրենց չաստուածները ունէին, նոյնիսկ անձնասպանութիւնը չաստուած մը ունէր։ Ամերիկաներուն Արեւու Հին Թագաւորութիւնները խորագրով գիրքը (Անգլ.) կ’ըսէ. «Մեքսիկայի Ազթէք կառավարութիւնը վերէն վար կազմակերպուած էր, որպէսզի կարենար անտեսանելի ուժերը կազդուրել եւ, հետեւաբար հանդարտեցնել, կարելի եղած շատ մարդկային սրտեր մատուցանելով անոնց։ Արիւնը չաստուածներուն խմիչքն էր։ Չաստուածներուն որպէս զոհ մատուցանելիք պատշաճ բանտարկեալներ ձեռք ձգելու համար, շարունակական պզտիկ պատերազմներ կը մըղուէին»։ 1486–ին, երբ բրգաձեւ հսկայ տաճարի մը նաւակատիքը կատարուեցաւ, հազարաւոր զոհեր «շարքի կեցած կը սպասէին զոհի քարին վրայ փռուելու։ Անոնց սրտերը պոկուեցան, որոնք պահ մը արեւուն կը բռնուէին» արեւ չաստուածը հանդարտեցնելու համար։ Համաշխարհային Համայնագիտարանը կ’ըսէ. «Երկրպագուները երբեմն զոհի մը մարմնէն մասեր կ’ուտէին»։ Սակայն, այս սովորութիւնները չփրկեցին Ազթէք Կայսրութիւնը կամ անոր սուտ կրօնքը։

8. Ուղեցոյց մը ի՞նչ ըսաւ Ազթէքներուն մէջ կատարուածէն աւելի մեծ արդի սպանութեան մը մասին։

8 Անգամ մը մարդիկ թանգարան մը կ’այցելէին, ուր ցուցափեղկի մը մէջ ցուցադրուած էին Ազթէք քահանաներ որոնք երիտասարդի մը սիրտը կը պոկէին։ Երբ ուղեցոյցը բացատրեց ցուցադրուածը, խումբին մէջէն ոմանք նողկանք յայտնեցին։ Այդ ատեն ուղեցոյցը ըսաւ. «Կը տեսնեմ որ Ազթէքներու այս սովորութենէն՝ հեթանոս չաստուածներու երիտասարդներ զոհելէն՝ կը վրդովիք։ Սակայն, այս Ի. դարուն, միլիոնաւոր երիտասարդներ զոհուած են պատերազմի չաստուծոյն։ Արդեօք ատիկա աւելի աղէ՞ք է»։ Իրողութիւն մըն է թէ պատերազմի ատեն, բոլոր ազգերուն կրօնական առաջնորդները յաղթանակի համար կ’աղօթեն եւ բանակները կ’օրհնեն, նոյնիսկ եթէ նոյն կրօնքին պատկանող հակառակ կողմի մարդիկ յաճախ մէկզմէկ կը սպաննեն։—Ա. Յովհաննու 3։10–12. 4։8, 20, 21. 5։3

9. Ո՞ր սովորութիւնը շատ աւելի մանուկներու կեանքեր կը խլէ քան Պատմութեան մէջ ոչ մէկը։

9 Անծին մանուկներ վիժումով սպաննելու թիւը շատ աւելի է Մողոքին, Ազթէք չաստուածներուն կամ պատերազմին զոհ մատուցուած երիտասարդներու թիւէն. համայն աշխարհի մէջ տարեկան շուրջ 40 կամ 50 միլիոն։ Միայն անցեալ երեք տարիներուն վիժեցուածներուն թիւը այս դարուն բոլոր պատերազմներուն մէջ հարիւր միլիոն սպաննուածներուն թիւէն աւելի է։ Ամէն տարի, 12 տարի տեւած Նացի վարչութեան ներքեւ բոլոր սպաննուածներէն բազմաթիւ անգամներ աւելի մանուկներու վիժում կ’ըլլայ։ Վերջին տասնամեակներուն, Մողոքին, կամ Ազթէք չաստուածներուն բոլոր զոհ մատուցուածներէն հազարաւոր անգամներ աւելի մանուկներ վիժեցուած են։ Իսկ վիժում ունեցողներէն եւ կատարողներէն շատերը (եթէ ոչ բոլորը) կը դաւանին կրօնքի մը պատկանիլ։

10. Ուրիշ ի՞նչ կերպով մարդիկ սուտ կրօնքի գերիները դարձած են։

10 Սուտ կրօնքը ուրիշ կերպերով ալ մարդիկը կը գերեվարէ։ Օրինակի համար, շատ մը մարդիկ կը հաւատան որ մեռելները հոգեղէն աշխարհին մէջ ողջ են։ Այսպիսի սուտ հաւատալիքի մը արդիւնքներէն մէկն է ննջած նախնիքներէն վախնալը եւ զանոնք պաշտելը անոնցմէ կարծեցեալ օգուտներ ձեռք ձգելու համար։ Ասիկա բուժակ–կախարդներու, ոգեհարցներու եւ կղերներու դիմող մարդիկը գերիներ կը դարձնէ ենթադրելով որ անոնք ապրողներուն պիտի օգնեն մեռելները հանդարտեցնելու։ Հոս տեղին է սա հարցումը հարցնել. Այս գերութենէն ձերբազատուելու միջոց մը կա՞յ։—Բ. Օրինաց 18։10–12. Ժողովողի 9։5, 10

[Նկար՝ էջ 4,5]

Ամբողջ Պատմութեան ընթացքին, ոմանք իրենց ազատ կամքը սխալ գործածած են ուրիշները գերեվարելու համար

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել