Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 2/03 էջ 3-4
  • Քարոզենք եւ Լիակատար Վկայութիւն Տանք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Քարոզենք եւ Լիակատար Վկայութիւն Տանք
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2003)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • 100,000 Օժանդակ Ռահվիրաներ Կ’ուզուին—Կրնա՞ք Օժանդակ Ռահվիրայ Մը Ըլլալ Մարտին, Ապրիլին, Մայիսին
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1997)
  • Զայն Պիտի Կրկնե՞նք Օժանդակ Ռահվիրաներ Ըլլալու Ուրիշ Կոչ մը
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1998)
  • Եհովայի առաքինութիւնները հռչակէ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2007)
  • ԿՐՆԱ՞Ք ՕԺԱՆԴԱԿ ՌԱՀՎԻՐԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԻԼ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1992)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2003)
թծ 2/03 էջ 3-4

Քարոզենք եւ Լիակատար Վկայութիւն Տանք

1 Որպէս «առաջնորդ ու հրամանատար», Յիսուս իր աշակերտները մարզեց իրենց դիմաց եղած քարոզչութեան հսկայ գործին համար։ (Եսայ. 55։4. Ղուկ. 10։1-12. Գործք 1։8) Պետրոս առաքեալ Յիսուսի տուած յանձնարարութիւնը նկարագրեց հետեւեալ խօսքերով. «Ինք պատուիրեց մեզի, որ ժողովուրդին քարոզենք ու [«լիակատար», ՆԱ] վկայութիւն տանք, թէ անիկա է Աստուծմէ սահմանուած՝ կենդանիներուն ու մեռելներուն Դատաւորը»։ (Գործք 10։42) Լիակատար վկայութիւն տալու մէջ ի՞նչ պարփակուած է։

2 Պօղոս առաքեալի օրինակը նկատի առնելով շատ բան կրնանք սորվիլ։ Երբ Եփեսոսի ժողովքին երէցներուն հետ ժողվուած էր, ան յիշեցուց անոնց. «Բնաւ ետ չկեցայ օգտակար բաներ ձեզի ըսելէ ու ձեզի՝ հրապարակաւ եւ տան մէջ՝ սորվեցնելէ. [«լիակատար», ՆԱ] վկայութիւն տալով Հրեաներուն եւ Յոյներուն առջեւ՝ դէպի Աստուած ապաշխարութեան համար, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին վրայ եղած հաւատքին համար»։ Փորձութիւններ դիմագրաւելով հանդերձ, Պօղոս ջանաց բարի լուրը կարելի եղածին չափ շատ անհատներու հասցնել։ Ան չգոհացաւ հիմնական ճշմարտութիւնները իր ունկնդիրներուն հետ բաժնելով, այլ՝ ջանաց «Աստուծոյ բոլոր կամքը» անոնց հաղորդել։ Ասիկա իրագործելու համար, ան յօժար էր ջանք թափելու եւ զոհողութիւններ ընելու։ Ան նաեւ նշեց. «Ես բանի մը համար հոգ չեմ ըներ եւ իմ անձս պատուական չեմ սեպեր, միայն թէ իմ ընթացքս ուրախութեամբ կատարեմ եւ այն պաշտօնը՝ զոր Տէր Յիսուսէն առի Աստուծոյ շնորհքներու աւետարանին վկայ ըլլալու»։—Գործք 20։20, 21, 24, 27

3 Ի՞նչպէս կրնանք Պօղոսի օրինակին հետեւիլ ներկայիս։ (Ա. Կորն. 11։1) Արժանի եղող անհատներ ու ընտանիքներ փնտռելով, նոյնիսկ երբ անձնապէս դժուարութիւններ կը դիմագրաւենք, ջանալով բարի լուրը տանիլ ամէն ազգի ու լեզուի պատկանող մարդոց, եւ ժրաջանօրէն մշակելով մեր գտած հետաքրքրութիւնը։ (Մատթ. 10։12, 13) Ասիկա ժամանակ, ջանք եւ մարդոց հանդէպ սէր կը պահանջէ։

4 Կրնա՞ք Որպէս Օժանդակ Ռահվիրայ Ծառայել. Մարտ եւ Ապրիլ ամիսները կրնան յարմար առիթ մը ըլլալ որ լիակատար վկայութիւն տաք՝ օժանդակ ռահվիրայութիւն ընելով։ Անցեալ տարի ի՜նչ քաջալերական էր տեսնել, որ մեծ թիւով հրատարակիչներ մասնաւոր ջանք թափեցին օժանդակ ռահվիրայութիւն ընելու համար։

5 Առողջապահական խնդիրներ ունեցող 80 տարեկան քոյր մը, Եհովայի կազմակերպութեան կողմէ տրուած քաջալերութեամբ ոգեւորուեցաւ։ Ան գրեց. «Անիկա սրտիս մէջ երկար ատենէ եղած կայծը բռնկեցուց, եւ զգացնել տուաւ որ առնուազն անգամ մը եւս օժանդակ ռահվիրայ պէտք է ըլլամ»։ Ան որոշեց ասիկա ընել Մարտին։ Ան ըսաւ. «Առաջին բանը որ ըրի՝ ծախքը հաշիւ ըրի։ Այս նիւթին մասին խօսեցայ աղջկանս հետ, քանի որ իր օգնութեան կարիքը պիտի ունենայի։ Ան զիս անակնկալի բերաւ, երբ դիմումնագիր մըն ալ ինք ներկայացուց»։ Ամսուան ընթացքին, այս տարեց քոյրը 52 ժամ տրամադրեց ծառայութեան։ «Շատ անգամ Եհովայի կ’աղօթէի որ ոյժս նորոգէր, երբ ինքզինքս ուժասպառ կը զգայի։ Ամսուան վերջաւորութեան, շատ ուրախ եւ գոհունակ էի, եւ կրկին անգամ Եհովայի շնորհակալութիւն յայտնեցի ինծի օգնելուն համար։ Կը փափաքիմ անգամ մը եւս փորձել»։ Այս քրոջ ուրախ փորձառութիւնը կրնայ քաջալերել զանոնք, որոնք իրապէս կ’ուզեն օժանդակ ռահվիրայութիւն ընել, հակառակ առողջապահական լուրջ խնդիրներու։

6 Եղբայր մը որ անակնկալօրէն գործէն արձակուեցաւ, պարագան օգտագործելով օժանդակ ռահվիրայութեան ձեռնարկեց։ Ամսուան ընթացքին, ան քարոզչութեան հանդէպ նախանձախնդրութեամբ լեցուեցաւ, իսկ ամսուան վերջաւորութեան, ան արդէն Աստուածաշունչի նոր ուսումնասիրութիւն մը սկսած էր։ Այս փորձառութեան մասին խորհրդածելով, ան ըսաւ. «Ի՜նչ սքանչելի ամիս մըն էր»։ Ան որքա՜ն հրճուեցաւ Եհովայի առաջնորդութիւնն ու օգնութիւնը ունենալուն համար։ Այո, Եհովա առատապէս օրհնեց այս եղբայրը, ծառայութեան մէջ անոր թափած յաւելեալ ջանքերուն համար, եւ նոյնպէս պիտի օրհնէ ձեզ։—Մաղ. 3։10

7 Շատերուն համար, օժանդակ ռահվիրայութիւնը դիւրին չէ։ Այսուհանդերձ, հակառակ աշխարհիկ ու ընտանեկան պատասխանատուութիւններու, ինչպէս նաեւ անձնական խնդիրներու, մեծ թիւով եղբայրներ ու քոյրեր կրցած են ասիկա ընել։ Լիակատար վկայութիւն մը տալը յաճախ կը պարփակէ մեր թանկագին ժամանակն ու կորովը զոհել, բայց օրհնութիւնները անհամեմատելի են։—Առ. 10։22

8 Մարտ ու Ապրիլ ամիսները օժանդակ ռահվիրայութեան համար իտէալ ժամանակ մըն են։ Մարտի ընթացքին հինգ շաբաթավերջեր կան։ Շաբաթավերջերն ու երեկոյեան ժամերը օգտագործելը կրնայ թոյլ տալ որ լիաժամ աշխատողներէն ոմանք օժանդակ ռահվիրայութիւն ընեն։ Ասկէ զատ, կրնաք Ապրիլ ամսուան ընթացքին եղած տօներէն օգտուիլ։ Ոմանք դպրոցէն կամ գործէն արձակուրդ կը ստանան, ինչ որ կրնայ իրենց օգնել որ պահանջուած 50 ժամը ապահովեն։ Մարտին ու Ապրիլին ծառայութեան համար 50 ժամ յայտագրելու համար, կրնա՞ք այս յօդուածին նշած օժանդակ ռահվիրայութեան յայտագիրներու նմուշներէն մէկը գործածել։ Ձեր յայտագրին մասին ուրիշներու հետ խօսեցէք. անկասկած ոմանք պիտի քաջալերուին ծառայութեան մէջ ձեզի միանալու։ Եթէ օժանդակ ռահվիրայութիւն ընելու կարող չէք, այդ ամիսներուն համար մասնայատուկ նպատակակէտ մը դրէք, եւ ռահվիրաներուն աջակցեցէք։ Հիմակուընէ ծրագրեցէք որ Մարտին ու Ապրիլին ձեր ծառայութիւնը աւելցնէք։

9 Յիշատակատօնին Հանդէպ Գնահատութիւն Ցուցաբերեցէք. Ամէն տարի Յիշատակատօնի շրջանին, փրկանքին հանդէպ երախտագիտութիւնը հազարաւորներ կը մղէ որ օժանդակ ռահվիրայութեան համար ‘ժամանակը ծախու առնեն’։ (Եփ. 5։15, 16) Անցեալ տարի Միացեալ Նահանգներու մէջ, Մարտին կային 126,378 օժանդակ ռահվիրաներ, իսկ Ապրիլին՝ 51,217։ Ասիկա կը նշանակէ թէ այդ երկու ամիսներուն միջին հաշուով 88,797 օժանդակ ռահվիրաներ կային։ Ասիկա համեմատեցէք Մարտէն առաջ ծառայութեան տարուան միւս ամիսներուն ընթացքին օժանդակ ռահվիրաներու միջինին հետ, որ է՝ 21,505։ Այս Յիշատակատօնի շրջանը, Քրիստոսի փրկանքի զոհին հանդէպ մեր անկեղծ գնահատութիւնը ցուցաբերելու ուրիշ ընտիր առիթ մըն է, դաշտի ծառայութեան մէջ մեր մասնակցութիւնը աւելցնելով։

10 Մինչ Ապրիլ 16–ը կը մօտենայ, խոկացէք թէ Յիշատակատօնը ի՛նչ նշանակութիւն ունի ձեզի համար։ Խորհեցէք Քրիստոսի մահուան առաջնորդող դէպքերուն եւ իր միտքն ու սիրտը խռովեցնող մտածումներուն մասին։ Նաեւ մտածեցէք Յիսուսի առջեւ դրուած ուրախութեան մասին եւ թէ անիկա ի՛նչպէս իրեն օգնեց որ այսպիսի գէշ վերաբերմունքի տոկայ։ Խոկացէք որպէս ժողովքի Գլուխ իր ներկայ դիրքին մասին, վերահսկելով քարոզելու եւ աշակերտելու գործին վրայ։ (Ա. Կորն. 11։3. Եբր. 12։2. Յայտ. 14։14-16) Ապա, Քրիստոսի ըրած բոլոր բաներուն հանդէպ ձեր գնահատութիւնը ցուցաբերեցէք, ձեր պարագաներուն ներած չափով՝ քարոզչութեան մէջ լիովին բաժին բերելով։

11 Ուրիշները Քաջալերեցէք որ Լիակատար Վկայութիւն Տան. Օժանդակ ռահվիրայութեան մասնակցելով, երէցներն ու օգնական ծառաները լաւ առիթ կ’ունենան ուրիշները քաջալերելու։ Երբ դաշտի ծառայութեան մէջ հրատարակիչներու հետ կ’աշխատին եւ երբ հովուական այցելութիւններ կ’ընեն, անոնք անձնապէս ընտիր առիթներ կ’ունենան ուրիշներու օգնելու որ այս մասնայատուկ գործունէութեան լիովին մասնակցին։ Թող որ բոլորս ասիկա աղօթքի նիւթ դարձնենք, այսպիսով զօրացնելով լիակատար վկայութիւն մը տալու մեր միակամ ջանքերը։

12 Թէեւ բոլոր երէցներն ու օգնական ծառաները պիտի համագործակցին Մարտի ու Ապրիլի ընթացքին յաւելեալ գործունէութեան համար եղած ժողովքային կարգադրութիւններուն հետ, սակայն, յատկապէս ծառայութեան տեսուչն է որ հոգ պէտք է տանի որ աւետարանելու գործին համար յարմար կարգադրութիւններ ըլլան։ Ան հրատարակիչներուն մեծամասնութեան յարմար եղող դաշտի ծառայութեան վայրերը, օրերն ու ժամերը պէտք է կազմակերպէ եւ զանոնք կանոնաւորաբար ծանուցումներուն մէջ յիշէ։ Ան կրնայ կարգադրել որ օրուան ընթացքին տարբեր ժամերու մէջ դաշտի ծառայութեան ժողովներ ըլլան, բոլոր հրատարակիչներուն առիթ տալով որ վկայութեան զանազան կերպերուն մէջ բաժին բերեն։ Ասիկա կրնայ պարփակել առեւտրական թաղամաս մը աշխատիլ, փողոցը վկայել, տունէ տուն ծառայել, վերայցելութիւններ ընել, եւ հեռաձայնով վկայել։ Ասկէ զատ, ան պէտք է կարգադրէ որ այդ ամիսներուն ընթացքին բաւարար քանակով գրականութիւններ, պարբերաթերթեր եւ թաղամասեր մատչելի ըլլան։

13 Մարտ ամսուան ընթացքին պիտի ներկայացուի Գիտութիւն գիրքը, սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ սկսիլը նպատակակէտ ունենալով։ Գիտութիւն գիրքը ներկայացնելու համար ընտիր թելադրութիւններ տրուած են Յունուար 2002–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին յաւելուածականին մէջ։ Ապրիլին պիտի ներկայացուին Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը։ Փորձեցէք գործածել «Պարբերաթերթերուն Մասին Ի՛նչ Ըսենք» շրջագծին մէջ թելադրուած ներկայացումները։ Բոլորս լաւ պատրաստուելու համար ժամանակ պէտք է տրամադրենք, որպէսզի լիակատար վկայութիւն մը տանք։

14 Ի՜նչ մեծ օրհնութիւն մըն է որ ժողովքի Գլուխին՝ Քրիստոս Յիսուսի՝ առաջնորդութեան ներքեւ կը գործենք, եւ բարի լուրը ուրիշներու հետ բաժնելու առանձնաշնորհումը ունինք։ Մինչ Մարտ ու Ապրիլ ամիսները կը մօտենան, թող որ անգամ մը եւս ջանանք այս ամիսները ցարդ լաւագոյն ամիսները դարձնել, մինչ կը հնազանդինք քարոզելու եւ լիակատար վկայութիւն մը տալու Քրիստոսի պատուէրին։

[Շրջանակ՝ էջ 4]

Մարտ եւ Ապրիլ 2003–ին՝ Օժանդակ Ռահվիրայութիւն Ընելու Զանազան Կերպեր

Օր Ժամեր

Երկուշաբթի 1 2—— 2—

Երեքշաբթի 1— 3———

Չորեքշաբթի 1 2— 5——

Հինգշաբթի 1— 3———

Ուրբաթ 1 2————

Շաբաթ 5 4 3 5 6 7

Կիրակի 2 2 3 2 2 3

Մարտ 56 56 54 55 50 50

Ապրիլ 50 50 51 53 ——

Այս յայտագիրներէն մէկը ձեզի համար գործնական պիտի ըլլա՞յ

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել