Ներկայացումի նմոյշներ
Դիտարան 1 հոկտեմբեր
«Բոլոր մարդոց ցոյց կու տանք Դիտարան պարբերաթերթի այս հետաքրքրական թիւը։ [Ցոյց տուր կողքը։] Ոմանք կ’ըսեն թէ աղօթքը ժամանակի կորուստ է, եւ թէ ո՛չ մէկը զայն կը լսէ։ Իսկ ուրիշներ կը հաւատան որ Աստուած իրենց աղօթքները կը լսէ։ Ի՞նչ է ձեր կարծիքը։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Նկատեցէք թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ աղօթքի մասին։ [Կարդա՛ Եսայի 30։19։] Այս պարբերաթերթը կը փաստէ թէ Աստուած կը լսէ եւ կը պատասխանէ այն աղօթքներուն, որոնք ճիշդ ձեւով եւ յարմար բաներու համար կ’ուղղուին»։
Զարթի՛ր հոկտեմբեր
«Մարդոց կ’այցելենք, քանի որ շատեր հարց կու տան թէ Աստուած ինչո՛ւ կը թոյլատրէ տառապանքը։ Կը կարծէ՞ք թէ Աստուած անարգած կ’ըլլանք եթէ իրեն այսպիսի հարցում մը ուղղենք։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Արդար Յոբն ալ փափաքեցաւ Աստուծոյ հարցումներ ուղղել։ [Կարդա՛ Յոբ 23։3-5։] Այս պարբերաթերթը նկատի կ’առնէ երեք հարցումներ, որոնք մարդիկ կ’ուզեն Աստուծոյ հարցնել, եթէ իրենց առիթը տրուի, ինչպէս նաեւ նկատի կ’առնէ Աստուածաշունչին գոհացուցիչ պատասխանները»։