ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒ ՕԳՆԵՑԷՔ ՈՐ ՍՈՐՎԻՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՈՐԴՒՈՅՆ՝ ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻ՝ ՄԱՍԻՆ
1 Դեկտեմբերը այն ամիսն է երբ դաւանեալ Քրիստոնեաներուն մեծամասնութիւնը աւելի կը մտածէ Յիսուսի մասին քան որեւէ ուրիշ ատեն տարուան մէջ։ Ուստի, ան ընտիր ամիս մըն է ներկայացնելու համար Մեծագոյն Մարդը Որ Ապրած Է գիրքը։ Քանի որ ան արժէքաւոր գրականութիւն մըն է, վերայցելութեան ընթացքին գիրքը ներկայացնելէ առաջ պէտք է հաստատենք թէ տանուտէրը հարազատօրէն հետաքրքրուած է աւելի սորվելու Աստուծոյ Որդւոյն մասին։ Ի՞նչպէս կրնանք ասիկա ընել։
2 Փորձեցէք ուղղակի սկսիլ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած խօսակցութիւն մը որ ուշադրութիւնը Յիսուսի վրայ կը կեդրոնացնէ։
Տանուտիրոջ բարեւելէ ետք, կրնաք ասոր նման բան մը ըսել.
◼ «Այսօր մեր դրացիներուն կը հարցնենք թէ ի՛նչ կը մտածեն երբ կը կարդան իրենց Աստուածաշունչին մէջ յաւիտեան ապրելու մասին։ [Առիթ տուէք որ պատասխանէ։] Ատիկա յատկապէս հետաքրքրական է, քանի որ Աստուածաշունչը այդ հաւանականութեան մասին շուրջ 40 անգամ կը խօսի։ Այսպիսի կեանք մը ի՞նչ կրնայ նշանակել մեզի համար։ Նկատեցէք ինչ որ Յայտնութիւն 21։4–ը կ’ըսէ։ [Կարդացէք։] Նկատեցի՞ք ի՛նչ խոստացուած է։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Ինչպէ՞ս կրնանք յաւիտենական կեանքը շահիլ»։ Կարդացէք Յովհաննու 17։3–ը եւ ցցուն ըրէք կարիքը գիտութիւն առնելու Աստուծոյ եւ իր Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի՝ մասին։ Եթէ տանուտէրը որոշ հետաքրքրութիւն յայտնաբերէ, նշեցէք թէ կրնաք իրեն Մեծագոյն Մարդը գիրքը բերել ձեր յաջորդ վերայցելութեան։
3 Եթէ տանուտէրը սահմանափակ սկզբնական հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է, թերեւս կրնաք իր հետաքրքրութիւնը աւելի արթնցնել այս հարցումը ուղղելով. «Ի՞նչ բան կը խորհիք նպաստեց որ Յիսուս երկրի վրայ մեծագոյն մարդը ըլլայ»։ Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։ Ապա գործածեցէք Յովհաննու 8։28–ը յայտնելու համար թէ Յիսուս կատարեց ինչ որ իր Հայրը իրեն սորվեցուցած էր, կամ՝ Յովհաննու 13։34–ը նշելու համար թէ Յիսուս իր հետեւորդներուն պարզապէս չսորվեցուց որ զիրար սիրեն, այլ՝ իրենց ցոյց տուաւ ի՛նչպէս սիրեն։ Առաջարկեցէք վերադառնալ յարմար ժամանակ մը որպէսզի շարունակէք իր հետ նիւթը նկատի առնել։
4 Եթէ թուի որ տանուտէրը զբաղած է, իմաստութիւն է որ վերոյիշեալ ներկայացումը կարճ պահենք։ Նորեկ հրատարակիչներն ալ կրնան հետեւեալ ներկայացումը դիւրաւ գործածել։
Մենք մեզ ծանօթացնելէ ետք, կրնանք ըսել.
◼ «Այսօր մեր դրացիներուն կը հարցնենք թէ ի՛նչ կը խորհին երբ կը կարդան իրենց Աստուածաշունչին մէջ յաւիտենական կեանք շահելուն մասին։ Զոր օրինակ, նկատեցէք ինչ որ Յիսուս ըսաւ Յովհաննու 17։3–ին մէջ։ [Կարդացէք։] Մենք մարդիկ կը քաջալերենք որ աւելի սորվին Յիսուս Քրիստոսին մասին կարդալով չորս Աւետարանները»։ Մեծագոյն Մարդը գիրքը բացէք, ցոյց տալով անոր կարգ մը գեղեցիկ պատկերները։ Բացէք յառաջաբանը եւ կարդացէք՝ «Օգտուեցէք Անոր Մասին Սորվելով» ենթագլուխին ներքեւ եղող երկրորդ պարբերութիւնը։ Եթէ տանուտէրը հետաքրքրուած է, խոստացէք իրեն բերել Մեծագոյն Մարդը գիրքը ձեր յաջորդ այցելութեան։
5 Երբ գիրքը տեղաւորէք, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան մը հիմ դրէք առաջարկելով նկատի առնել առաջին գլուխը՝ «Երկինքէն Պատգամներ»։ Քան թէ տանուտիրոջ ըսէք հաստատ ժամանակաշրջան մը որ պիտի յատկացուի յաջորդ այցելութեան, պարզապէս ըսէք թէ մի քանի վայրկեաններու միջոցին պիտի կարենայ աւելի հետաքրքրական տեղեկութիւններ սորվիլ Յիսուս Քրիստոսին մասին, Աստուծոյ Խօսքէն՝ Աստուածաշունչէն։
6 Թող բոլորս ալ այս աշխարհային տօնի առիթը գործածենք ուշադրութիւնը կեդրոնացնելու համար ճշմարտութեան վրայ Աստուծոյ Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսին՝ մասին, որպէսզի ուրիշներու օգնենք որ քալեն յաւիտենական կեանքի առաջնորդող ճամբուն մէջ։—Մատթ. 7։14