ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ ԱՄՍՈՒԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՍԿՍԻՆՔ
1 Յիսուս իր աշակերտներուն պատուիրեց որ բարի լուրը սորվեցնողներ ըլլան։ (Մատթ. 28։19, 20) Ուրիշներու սորվեցնելու մեր գլխաւոր միջոցն է Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարելը։ Այս գործին կը մասնակցի՞ք։ Եթէ ոչ, ինչպէ՞ս կրնաք ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ այնպէս որ կարենաք աւելի մեծ բաժին մը վայելել ուրիշներու սորվեցնելուն մէջ։
2 Թերեւս տանուտիրոջ մը տուինք թերթիկ մը եւ խոստացանք վերադառնալ անոր բովանդակութիւնը քննարկելու։
Երբ կը վերայցելենք տանուտէր մը որու տուինք «Ներկայ Աշխարհը Պիտի Վերապրի՞» թերթիկը, կրնանք ըսել.
◼ «Երբ հոս էի մի քանի օր առաջ, նկատի առինք մեր ժամանակներուն ստիպողականութիւնը եւ թէ Յիսուս ճշգրտօրէն նկարագրեց մեր օրերուն եղած վիճակները։ Կը փափաքիմ մի քանի վայրկեան տրամադրել եւ հակիրճօրէն նկատի առնել կարգ մը տեղեկութիւններ այն թերթիկէն զոր ձեզի տուի։ Նկատեցէք ինչ որ ըսուած է ‘Նշանը’ ենթագլուխին ներքեւ»։ Բացէք թերթիկին 3–րդ էջը եւ այդ ենթագլուխին ներքեւ առաջին երկու կամ երեք պարբերութիւնները քննարկեցէք, կարդալով մէջբերուած համարները ժամանակին ներած չափով։ Աչքառու դարձուցէք թէ ինչպէ՛ս Յիսուսի մարգարէութիւնը կը կատարուի այսօր։ Կարգադրեցէք վերադառնալ ու նկատի առնել մնացեալ պարբերութիւնները այս ենթագլուխին ներքեւ։ Տանուտէրը քաջալերեցէք որ նիւթը կարդայ ձեր վերադառնալէն առաջ։
3 Կամ կրնաք ասոր նման բան մը ըսել.
◼ «Վերջին անգամ երբ խօսակցեցանք, ձեզի տուի թերթիկ մը որու խորագիրն է՝ Ներկայ Աշխարհը Պիտի Վերապրի՞։ Այդ ժամանակ խօսակցեցանք Յիսուս Քրիստոսի դերին մասին աշխարհի գործառնութիւններուն մէջ։ Կարդացինք անոր խօսքերը որոնք Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած են՝ Յովհաննու 17։3–ին մէջ։ [Կարդացէք։] Քանի որ կենսական է որ սորվինք Աստուծոյ ու Յիսուսի մասին եթէ կ’ուզենք յաւիտենական կեանքը, կ’արժէ որ մեր լաւագոյնը ընենք այսպիսի գիտութիւն մը իւրացնելու։ Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, ան Աստուծոյ շատ մը հոյակապ յատկութիւնները ցոլացուց։ Տրամաբանական չէ՞ հաւատալ թէ որքան աւելի գիտնանք Յիսուսի ու իր ծառայութեան մասին, ա՛յնքան աւելի կը գիտնանք իր Հօր մասին։ [Առիթ տուէք որ պատասխանէ։] Նկատեցէք ինչ որ այս գիրքը՝ Մեծագոյն Մարդը Որ Ապրած Է՝ կ’ըսէ»։ 116–րդ գլուխին 10–րդ էջին առաջին ու երկրորդ պարբերութիւնները կարդացէք։ Շեշտեցէք թէ այս գիրքը կը բովանդակէ չորս Աւետարաններուն արձանագրութիւններուն ամբողջ տեղեկութիւնները Յիսուսի մասին եւ կը դասաւորէ զանոնք դէպքերուն տեղի ունեցած ժամանկին համաձայն։ Ցոյց տուէք մասնայատուկ գլուխներու խորագիրները, պատկերները եւ գրքին սկիզբը եղած քարտէսը։ Եթէ անհատը հարազատօրէն հետաքրքրուած է, գրականութիւնը իրեն ներկայացուցէք։
4 Բարեւ տալէ ետք տանուտիրոջ մը որ ընդունած է «Մեծագոյն Մարդը» գիրքը, կրնանք ըսել.
◼ «Ինչպէս որ նախորդ այցելութեանս ատեն յիշեցի, Մեծագոյն Մարդը գիրքը ծրագրուած է Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան համար։ Կը փափաքիմ հակիրճօրէն ցուցադրել ինչպէս կարելի է ազդեցիկ կերպով զայն գործածել»։ Գրքին Ա. գլուխը բացէք, «Երկինքէն Պատգամներ»։ Տանուտիրոջ ուշադրութիւնը դարձուցէք տպուած հարցումներուն։ Առաջին հարցումը կարդացէք, ապա նկատի առէք բացման պարբերութիւնները։ Պարփակեցէք երկրորդ էջի պատկերը։ Մնացեալ հարցումները ուղղեցէք եւ պատասխանները ցցուն ըրէք ժամանակին ներած չափով։ Այցելութիւնը եզրափակելէ առաջ, կարգադրեցէք վերադառնալ ու խօսակցութիւնը շարունակել։
5 Դրական կեցուածք մը պահպանելով, լաւ կերպով նախապատրաստուելով եւ ամէն պատեհութիւն օգտագործելով, լաւապէս զինուած պիտի ըլլանք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսելու Դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին։