Անոնք Ետ Չեն Կեցած Վկայելէ
1 Մեր անունը՝ Եհովայի Վկաներ՝ մեզ կը բնորոշէ եւ մեր ըրածը կը նկարագրէ։ Մեր Աստուծոյն՝ Եհովայի՝ առաքինութիւններուն կը վկայենք։ (Եսայ. 43։10, 12) Ամէն անհատ պէտք է բաժին բերէ այս վկայելուն մէջ եթէ ժողովքին անդամ մը պիտի ըլլայ։ Վկայելը կը կատարուի գլխաւորաբար մեր հանրային ծառայութեամբ, որ կը պարփակէ տունէ տուն ծառայել, վերայցելութիւններ ընել եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարել։ Բոլորիս քաջալերութիւն կը տրուի որ ջանանք լման բաժին մը բերել։—Ա. Կորն. 15։58
2 Սակայն, ժողովքին կարգ մը անդամները սահմանափակ են իրենց ծառայութեան մէջ։ Լուրջ հիւանդութիւնը կամ ֆիզիքական տկարութիւնը կրնայ զիրենք տունը բանտարկել։ Հակառակորդ ազգականները կրնան ահռելի արգելքներ յարուցանել։ Անհաւատ ծնող մը կրնայ պատանիի մը վրայ արգելքներ պարտադրել։ Փոխադրութեան միջոցներ չունեցող մեկուսի շրջանները ապրող անհատները կրնան խորհիլ որ գրեթէ անկարելի է վկայելը։ Ընդածին ամչկոտութիւնը կրնայ պատճառ ըլլալ որ երկչոտները տատամսին։ Կարգ մը հրատարակիչներ որոնք իրենք զիրենք այս կամ նոյնանման պարագաներուն մէջ կը գտնեն, կը զգան որ Քրիստոնեաներուն անհրաժեշտ որակումները չունին, որովհետեւ ինչ որ կ’ընեն ուրիշներու ըրածէն շատ նուազ է եւ իրենց իրապէս ուզածէն նուազ է։ Պատճառ չկայ որ անոնք իրենց ջանքերը նսեմացնեն։ (Գաղ. 6։4) Անոնք կրնան սփոփուիլ գիտնալով որ Եհովա կը հաճի երբ իրենց լաւագոյնը ընեն որեւէ պարագայի ներքեւ։—Ղուկ. 21։1-4
3 Կերպ մը Գտնել Բաժին Բերելու Համար. Հազարաւոր փորձառութիւններ պատմուած են որոնք ցոյց կու տան ինչպէս անհատներ դժուար պարագաներու ներքեւ թոյլ չեն տուած որ խոչընդոտները զիրենք ետ պահեն վկայելէ։ Նախաձեռնութիւնը առնելով, անոնք հնարած են շատ մը այլազան կերպեր որպէսզի անպաշտօն վկայութիւն ընեն։ Անոնք որոնք ստիպուած են տունը մնալ, հեռաձայնը գործածած են վկայելու մեծ դուռ մը բանալով։ Ամէն այցելու կը նկատուի որպէս հաւանական մտիկ ընող մը։ Թէեւ կին մը հակառակող ընտանիքի մը մէջ չկարենայ վկայել տունէն ներս, ան պատեհութիւններ կ’օգտագործէ խօսելու համար դրացիներուն հետ կամ իր առօրեայ գործունէութեան ընթացքին հանդիպած անհատներու հետ։
4 Անհաւատ ծնող մը թերեւս արգիլէ պատանիի մը որ մեր հանրային վկայութեան մասնակցի։ Փոխանակ զանիկա ընդունելու որպէս անպարտելի խոչընդոտ մը, ան կրնայ իր դասընկերներն ու ուսուցիչները նկատել որպէս իր անձնական «թաղամաս»ը եւ լաւ վկայութիւն մը տալ եւ նոյնիսկ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարել։ Մեկուսի վայրերը բնակող անհատներէն շատեր բաժին բերած են նամակներ գրելով։ Անոնք որոնք Քրիստոնէական նախանձախնդրութեամբ կը մղուին, միշտ կերպ մը պիտի գտնեն որպէսզի խուսափին «պարապ ու անպտուղ [ըլլալէ] մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը ճանչնալուն մէջ»։—Բ. Պետ. 1։8
5 Վկայելու գործին մէջ մեր բաժին բերելուն նկատմամբ, Եհովա բոլորին համար մէկ չափանիշ դրած է, այսինքն՝ պէտք է «սրտանց» ընենք։ (Կող. 3։23) Թէեւ տարբեր պիտի ըլլան մեր տրամադրած ժամանակին քանակը եւ ինչ որ կը կատարենք, բայց բուն շարժառիթը նոյնն է՝ «կատարեալ սրտ»էն բխող հարազատ սէրը։ (Ա. Մնաց. 28։9. Ա. Կորն. 16։14) Եթէ մեր լաւագոյնը կու տանք, երբեք պատճառ պիտի չունենանք զգալու թէ հաւատքին մէջ կը թերանանք կամ անօգուտ ենք որպէս ժողովքին անդամներ քանի որ քիչ է այն քանակը զոր կրնանք ընել։ Պօղոսի նման, կրնանք ճշմարտաբար ըսել թէ ‘բնաւ ետ չկեցանք օգտակար բաներ ըսելէ ու հրապարակաւ սորվեցնելէ’։—Գործք 20։20