Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի վերաքաղ
Գոց գրքերով վերաքաղ այն նիւթերուն որոնք տրուեցան Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի նշանակումներով, այն շաբաթներուն ընթացքին որոնք սկսան Մայիս 2–էն մինչեւ Օգոստոս 22, 1994։ Անջատ թուղթի մը վրայ հարցումներուն պատասխանեցէք որքան որ կրնաք յատկացուած ժամանակամիջոցին։
[ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆ. Գրաւոր վերաքաղին ընթացքին, միայն Աստուածաշունչը կարելի է գործածել որեւէ հարցումի պատասխանելու համար։ Հարցումներուն յաջորդող աղբիւրները ձեր անձնական հետազօտութեան համար են։ Դիտարանի ակնարկումներէն ոմանք թերեւս չբովանդակեն էջերուն եւ պարբերութիւններուն թիւերը։]
Հետեւեալ արտայայտութիւններուն Շիտակ կամ Սխալ պատասխանեցէք.
1. Յիսուսի տուած այգիին բանուորներուն առակին մէջ, բանուորները մարմնաւոր Հրեաներն էին։ [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 97]
2. Ըստ Սաղմոս 15։4–ի, եթէ Քրիստոնեայ մը նոյնիսկ գիտնայ որ իր խոստացածը սուրբ գրոց համաձայն չէ, պէտք է կատարէ զանիկա։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցումը. տես Դիտ. 5/1/90 էջ 30-1։]
3. Ղուկաս 19։11-27–ին մէջ յիշուած «ազնուական մարդ»ը Հերովդէսն էր։ [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 100]
4. Յիսուսի կենցաղը ապացուցանեց թէ Ադամ կրնար կատարեալ ուղղամտութիւն պահել՝ եթէ ուզէր եւ թէ սխալը Աստուծոյ արարչական գործին մէջ չէր։ [Պաշտամունք էջ 52 § 11]
5. Ղուկաս 19։20-24–ին մէջ նկարագրուած ծառան, որ մէկ մնաս ստացաւ ու թաշկինակի մը մէջ ծրարած պահեց, զանցառութեան մեղքով մը յանցաւոր էր։ [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 100]
6. Ծանր աշխատանքով ու ամբողջական նուիրումով Աստուծոյ, անկեղծ Քրիստոնեայ մը կրնայ յաւիտենական կեանքի իրաւունքը շահիլ։ [Պաշտամունք էջ 36 § 13]
7. Ա. Կորնթացիս 2։9–ն կ’ակնարկէ ապագայ երկրային Դրախտին։ [Պաշտամունք էջ 26 § 12 (3). տես Դիտ. 8/1/86 էջ 31։]
8. Մենք չենք կրնար անհաւատարիմ վարք մը անկարեւոր նկատել, թէեւ ան աշխարհի մէջ սովորական եղող բան մըն է։ [Պաշտամունք էջ 53 § 13]
9. Սաղմոս 49։15–ը հաւատքի արտայայտութիւն մըն է յարութեան յոյսին մասին։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցումը. տես Դիտ. 3/1/89 էջ 22, § 13, Արաբերէնով։]
10. Երբեմն, աշխարհային ընթացք ունենալու մղումը կրնայ գալ այնպիսի անձէ մը որ կը դաւանի Եհովայի ծառայել։ [Պաշտամունք էջ 43 § 11]
Հետեւեալ հարցումներուն պատասխանեցէք.
11. Առաջին դարուն ե՞րբ տեղի ունեցաւ մէկ դահեկան ստանալը։ [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 97]
12. Սաղմոս 27։10–ն ի՞նչ սքանչելի երաշխիք կու տայ մեզի։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցումը. տես Դիտ. 6/1/92 էջ 22 § 17։]
13. Սաղմոս 10։13–ը կը յայտնէ անզեղջ յանցագործներու ո՞ր սխալ տեսակէտը։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցումը. տես Դիտ. 2/1/92 էջ 6։]
14. Ըստ Ելից 9։15, 16–ի, ի՞նչ իրագործուեցաւ Փառաւոնի հետ Եհովայի վարուելու կերպով։ [Պաշտամունք էջ 57 § 6, 7]
15. Յիշեցէք երկու տեսանկիւններ որոնցմէ կրնանք շինիչ կերպով վերլուծել Աստուածաշունչէն մեր կարդացած մասերը։ [Պաշտամունք էջ 27]
16. Ինչպէս որ ըսուած է Սաղմոս 2։12–ին մէջ, ի՞նչ կը նշանակէ «որդին համբուրեցէք» պատուէրը։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցումը. տես Դիտ. 12/1/86 էջ 30։]
17. Յովհաննու 8։32–ի մէջ, Յիսուս ի՞նչ տեսակ ազատութեան մասին կը խօսէր։ [Պաշտամունք էջ 40 § 6]
18. Ծննդոց 3։15–ին մէջ, ո՞վ կը ներկայացնէ «կին»ը։ [Պաշտամունք էջ 30 § 3]
19. Սաղմոս 51։4–ին մէջ, Դաւիթ ինչո՞ւ Եհովայի ըսաւ. «Քեզի՛՝ միա՛յն քեզի դէմ մեղանչեցի», մինչ կը գիտակցէր որ իր մեղաւոր արարքները յանցանքներ էին իր ընկերակիցներուն դէմ։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցումը. տես Դիտ. 6/1/93 էջ 21 § 13։]
20. «Աւերմունքին պղծութիւնը» առաջին դարուն ի՞նչ էր, եւ այսօր ի՞նչ է։ (Մատթ. 24։15) [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 111]
Հայթայթեցէք պէտք եղած բառը կամ նախադասութիւնը՝ հետեւեալ արտայայտութիւնները ամբողջացնելու համար.
21. Մնասները ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ կը ներկայացնեն, զորս հոգիէն ծնած աշակերտները կրնային գործածել երկնային Թագաւորութեան ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ մէջտեղ բերելու, մինչեւ Յիսուսին ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ որպէս Թագաւոր խոստացեալ Թագաւորութեան մէջ։ [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 100]
22. Եհովայի իսկական ձայնը լսուեցաւ երբ Յիսուս ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ , ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ ժամանակ եւ Հ.Դ. 33–ի Նիսան 10–ին երբ իր Հօր աղօթեց ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ մէջ Երուսաղէմի մէջ։ [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 104]
23. Փարիսեցիները իրենց գինիէն ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ կը քամէին քանի որ անիկա անմաքուր էր Օրէնքին համաձայն, բայց կ’անտեսէին արդարութիւնը, ողորմութիւնը եւ հաւատարմութիւնը, ինչ որ համազօր էր ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ կլլելուն, որ նաեւ անմաքուր անասուն մըն էր Օրէնքին համաձայն։ [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 109]
24. Քանի որ Սատանան սուտ մը գործածեց որպէսզի մեր առաջին ծնողները մեղքի առաջնորդէ, Յիսուս զինք ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ կոչեց։ [Պաշտամունք էջ 53 § 13 (1)]
25. Յիսուս Աստուծոյ ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ է, քանի որ միակն է որ միմիայն Եհովայի կողմէ ստեղծուած է։ [Պաշտամունք էջ 29 § 1]
Ընտրեցէք շիտակ պատասխանը իւրաքանչիւր հետեւեալ արտայայտութիւններուն մէջէն.
26. Յոբ տեսաւ Աստուած, ինչպէս որ արձանագրուած է Յոբ 42։5–ին մէջ, այն առումով որ ան (Աստուծոյ մասին տեսիլք մը տեսաւ փոթորիկին մէջ. իր դիմած երեւցած հրեշտակ մը տեսաւ. աւելի սերտօրէն Եհովան ճանչցաւ)։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցումը. տես Դիտ. 8/15/88 էջ 12 § 11, Արաբերէնով։]
27. (Մարիամ՝ Ղազարոսին քոյրը. Մարիամ՝ Կղէովպասի կինը. Մարիամ Մագդաղենացին) այն կինն էր որու Յիսուս ակնարկեց Մատթէոս 26։13–ին մէջ։ [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 101]
28. Այն հիմերը որոնք կը կործանին, ինչպէս որ արձանագրուած է Սաղմոս 11։3–ին մէջ, կ’ակնարկեն (տաճարին հիմերուն Երուսաղէմի մէջ. Յիսուս Քրիստոսին որպէս անկիւնին վէմը. այն հիմերուն որոնց վրայ ընկերութիւնը հանգչած է, ինչպէս՝ արդարութիւնը, օրէնքը եւ կարգապահութիւնը)։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցումը. տես Դիտ. 12/1/86 էջ 30։]
29. Յիսուս «Որդի Որոտման» կոչեց (Անդրէաս ու Պետրոս. Փիլիպպոս ու Բարթողիմէոս. Յակոբոս ու Յովհաննէս) առաքեալները, անոնց դիւրաբորբոք տրամադրութեան պատճառաւ։ [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 98]
30. Այն մեծ հարցը զոր Սատանան յարուցանեց երբ ասպարէզ կարդաց Աստուծոյ տիրելու իրաւունքին եւ իշխելու կերպին դէմ, իրապէս կը պարփակէր (մարդկային իրաւունքները. թէ ո՛վ էր ամենէն զօրաւորը. Աստուծոյ տիեզերական գերիշխանութիւնը)։ [Պաշտամունք էջ 46 § 1]
Հետեւեալ համարները համեմատեցէք արտայայտութիւններուն հետ.
Ծննդ. 3։1-5. Սաղմ. 24։1. Գործք 8։32-38. Եբր. 10։26, 27. Ա. Պետ. 4։3, 4
31. Գիտակցիլը թէ մարդն ու երկիրը Աստուծոյ ստեղծագործութիւններն են եւ թէ ամէն բան Եհովայի կը պատկանի պէտք է մեզի օգնէ որ խոնարհ ու հնազանդ ըլլանք։ [Պաշտամունք էջ 39 § 4]
32. Շատ զգոյշ պէտք է ըլլանք Եհովան տհաճեցնող որեւէ բան ընելէ։ [Պաշտամունք էջ 33 § 8 (3) եւ 8 (4)]
33. Աստուածաշունչին ճշգրիտ գիտութիւնը եւ երախտապարտութիւնը անոր պատգամին համար կը մղեն ոչխարանման անհատները որպէսզի մկրտուին։ [Պաշտամունք էջ 32 § 7]
34. Թէեւ կրնաք անհաւատներուն հետ աշխատիլ կամ անոնց հետ դպրոց երթալ, ցոյց կու տաք թէ զիրենք չէք ընտրեր որպէս ձեր ընկերները խուսափելով անհարկի ամէն ընկերակցութենէ անոնց հետ։ [Պաշտամունք էջ 44 § 13]
35. Կենսական է որ խուսափինք աշխարհային մտածելակերպէն որ մարդիկ կը մղէ հաւատալու թէ իրենք զրկուած կ’ըլլան եթէ կեանքին մէջ իրենց անձնական չափանիշները չդնեն։ [Պաշտամունք էջ 46 § 1]