Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 9/95 էջ 8
  • Ուրիշներու Օգնենք Որ Օգտուին

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ուրիշներու Օգնենք Որ Օգտուին
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1995)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ամէն Յայտնաբերուած Հետաքրքրութիւն Հետապնդենք Որպէսզի Օգտենք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1995)
  • Դաշտի Ծառայութեան Համար Թելադրուած Ներկայացումներ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2005)
  • Ձեր Գտած Հետաքրքրութիւնը Հետապնդեցէք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1995)
  • Ներատեսութեամբ Քարոզենք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1996)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1995)
թծ 9/95 էջ 8

Ուրիշներու Օգնենք Որ Օգտուին

1 Եհովա կը խոստանայ մեզի սորվեցնել ինչ որ պէտք ունինք գիտնալու։ Ան մեզ կը վստահեցնէ Սաղմոս 32։8–ի խօսքերով. «Քեզի պիտի սորվեցնեմ ու երթալու ճամբադ պիտի ցուցնեմ քեզի. քեզ պիտի խրատեմ, իմ աչքս քու վրադ պիտի ըլլայ»։ Այս երաշխիքը մեծապէս օգտակար է մեզի։ Անձնուրացութեամբ կ’ուզենք ուրիշներու ցոյց տալ թէ ինչպէս կրնան օգտուիլ մտիկ ընելով Աստուածաշունչի իմաստուն խրատներուն։ (Եսայ. 48։17) Սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին կրնանք ասիկա ընել, ներկայացնելով Յաւիտեան Ապրիլ գիրքը։ Մեր ներկայացումներուն մէջ, կրնանք զանազան կերպերով ցոյց տալ Աստուածաշունչին գործնական արժէքը։

2 Նկատի առնելով ամուսնական խնդիրներուն ընդհանրացած ըլլալը այսօր, թերեւս կ’ընտրես այս գաղափարը ցցուն ընել «Յաւիտեան Ապրիլ» գրքէն.

◼ «Մարդոց մեծամասնութիւնը որոնց հետ խօսած եմ, շատ մտահոգ են ամուսնական ապերջանկութեան եւ ամուսնալուծման հսկայ յաւելումին նկատմամբ։ Ի՞նչպէս կը զգաս այս խնդրին հանդէպ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Շատեր ձախողած են բուն պատճառները ըմբռնելու։ Եթէ անոնք անկեղծօրէն ջանք թափեն, ոչ միայն կրնան իրենց ամուսնութիւնը պահպանել, այլ նաեւ՝ կրնան հարազատ ուրախութիւն գտնել։ Յաջողութեան բանալին կը կայանայ Աստուածաշունչի խրատները կիրարկելուն մէջ»։ Կարդա Եփեսացիս 5։28, 29, 33։ Բաց էջ 243, նկատի առ 16 եւ 17–րդ պարբերութիւնները, ապա գիրքը ներկայացուր։

3 Զաւակները կարիք ունին որ իրենց ծնողները զիրենք մարզեն ու նշանակալից ժամանակ յատկացնեն իրենց համար։ Երբ «Յաւիտեան Ապրիլ» գիրքը կը ներկայացնես, կրնաս ըսել.

◼ «Բոլորս ալ հետաքրքրուած ենք մեր պզտիկներուն ապագայ բարօրութեամբ։ Ըստ կարծիքիդ, ի՞նչ է լաւագոյն կերպը որով ծնողներ կրնան իրենց զաւակներուն օգնել որ ապահով ապագայ մը ունենան։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Նկատի առ այս խրատը Աստուածաշունչի առակէ մը որ շուրջ 3000 տարի առաջ գրուած է։ [Կարդա Առակաց 22։6–ը։] Թէեւ մեր զաւակները մեծապէս կ’օգտուին դպրոցին մէջ տրուած դաստիարակութենէն, անոնց ամենէն արժէքաւոր մարզումը կը հայթայթուի տան մէջ իրենց ծնողքին կողմէ։ Անիկա ժամանակ, ուշադրութիւն եւ սէր կը պահանջէ, բայց թափուած ջանքը կ’արժէ»։ Բաց էջ 245, նկատի առ 20 եւ 21–րդ պարբերութիւնները, ապա բացատրէ թէ ինչպէս գիրքը կրնայ գործածուիլ որպէս հիմ Աստուածաշունչի ընտանեկան ուսումնասիրութեան։

4 Թերեւս կը փափաքիս «Յաւիտեան Ապրիլ» գիրքը ներկայացնել, ցոյց տալով թէ ինչպէս երկիրը դրախտ մը պիտի ըլլայ.

◼ «Վստահ եմ որ հետաքրքրուած ես թէ կեանքդ ապագային ինչ տեսակ պիտի ըլլայ։ Տէրունական Աղօթքին մէջ, Յիսուս մեզի սորվեցուց որ աղօթենք որ Աստուծոյ կամքը ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ։ Երկիրը ի՞նչպէս պիտի ըլլայ երբ ատիկա տեղի ունենայ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Ահաւասիկ դրախտային աշխարհի մը նկարագրութիւնը արուեստագէտի մը կողմէ։ [Ցոյց տուր 12 եւ 13–րդ էջերուն պատկերը։ Յետոյ կարդա Եսայեայ 11։6–9, որ 12–րդ պարբերութեան մէջ յիշուած է։] Այսպիսի աշխարհի մը մէջ ապրիլը հոյակապ պիտի չըլլա՞յ։ Այս գիրքը քեզի ցոյց պիտի տայ թէ ինչպէս դուն եւ ընտանիքդ կրնաք ասոր նման դախտի մը մէջ ապրիլ»։

5 Ձեր ներկայացումները առաջուընէ պատրաստելը բանալի ազդակ մըն է որպէսզի դռներու դիմաց յաջողիք։ Դուռը զարնելէ առաջ, վստահ եղէք որ սուրբ գրային գաղափարի մը մասին ըսելիք մասնայատուկ բան մը ունիք։ Նաեւ, հակիրճ մեկնաբանութիւն մը ի մտի ունեցէք պարբերաթերթի կամ թերթիկի մը հետաքրքրական մէկ երեսակին մասին, զոր կը ծրագրէք ներկայացնել եթէ գիրքը չընդունուի։ Ամէն պատեհութիւն օգտագործեցէք Թագաւորութեան ճշմարտութեան սերմերը ցանելու համար Սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին։ (Ժող. 11։6) Այսպիսով ուրիշներու օգնած պիտի ըլլաք որ յաւիտեան գոյատեւող օգուտներ քաղեն։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել