1999–Ի Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Յայտագիր
Թելադրութիւններ
Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցը 1999–ին ընթացքին հետեւեալ կարգադրութիւններուն համաձայն պիտի վարուի։
ԴԱՍԱԳՐՔԵՐ. Աստուածաշունչը, Դիտարան, Զարթի՛ր, «Բոլոր Գիրքը Աստուծոյ Շունչն Է եւ Օգտակար Է» (1990–ի հրատարակութիւն), Ընտանեկան Ուրախութեան Գաղտնիքը եւ Աստուածաշունչի Խօսակցութեան Բնաբաններ պիտի ըլլան նշանակումներուն հիմը։
Դպրոցը պէտք է ՃԻՇԴ ԺԱՄԱՆԱԿԻՆ սկսի երգեցողութեամբ, աղօթքով եւ բարի գալուստ մաղթելով, ապա հետեւեալ կերպով պիտի վարուի.
ԹԻՒ 1 ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ. 15 վայրկեան։ Ասիկա պէտք է ներկայացուի երէցի մը կամ օգնական ծառայի մը կողմէ եւ հիմնուած պիտի ըլլայ Դիտարան–ի, Զարթի՛ր–ի, կամ «Բոլոր Գիրքը Աստուծոյ Շունչն Է եւ Օգտակար Է» գրքին վրայ։ Երբ Դիտարան կամ Զարթի՛ր պարբերաթերթերուն վրայ հիմնուած է, այս նշանակումը պէտք է ներկայացուի որպէս 15 վայրկեան տեւող հրահանգիչ ուղերձ, առանց բերանացի վերաքաղի. իսկ երբ «Բոլոր Գիրքը» գրքին վրայ հիմնուած է, անիկա պէտք է ներկայացուի որպէս 10-12 վայրկեան տեւող հրահանգիչ ուղերձ, որու կը յաջորդէ 3-5 վայրկեան տեւող բերանացի վերաքաղ, գործածելով գրականութեան տպուած հարցումները։ Նպատակը պէտք է ըլլայ ո՛չ միայն նիւթը ծածկել, այլ՝ ուշադրութիւնը կեդրոնացնել բացատրուած տեղեկութիւններուն գործնական արժէքին վրայ, ցցուն ընելով ինչ որ ժողովքին մեծապէս օգտակար պիտի ըլլայ։ Ցոյց տրուած բնաբանը պէտք է գործածել։
Այն եղբայրները որոնց նշանակուած է այս դասախօսութիւնը, պէտք է ուշադիր ըլլան որ որոշուած ժամանակին սահմանին մէջ մնան։ Եթէ անոնց առանձին խրատ տրուի, անոնց դասախօսական խրատի թղթիկին վրայ յարմար նոթագրութիւններ ըրէք։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄԷՆ ԱՉՔԱՌՈՒ ԿԷՏԵՐ. 6 վայրկեան։ Ասիկա պէտք է ներկայացուի երէցի մը կամ օգնական ծառայի մը միջոցաւ, որ նիւթը ազդուօրէն պիտի կիրարկէ տեղական կարիքներուն։ Ասիկա նշանակուած ընթերցումին միայն ամփոփում մը պէտք չէ ըլլայ։ Կարելի է պարփակել նշանակուած գլուխներուն մասին 30–էն 60 երկվայրկեան տեւող ընդհանուր վերաքաղ մը։ Սակայն, գլխաւոր նպատակն է ունկնդիրներուն օգնել որ գնահատեն թէ տեղեկութիւնները ինչո՛ւ եւ ի՛նչպէս արժէք ունին մեզի համար։ Անկէ ետք, դպրոցի տեսուչը պիտի արձակէ աշակերտները որ իրենց զանազան դասարանները երթան։
ԹԻՒ 2 ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ. 5 վայրկեան։ Ասիկա նշանակուած նիւթի մը Աստուածաշունչի ընթերցում մըն է, որ եղբօր մը կողմէ պէտք է տրուի, ըլլայ գլխաւոր դպրոցին մէջ կամ յաւելեալ խումբերուն մէջ։ Ընթերցումի նշանակումները սովորաբար բաւական կարճ են, աշակերտին թոյլ տալու որ ամփոփ բացատրողական տեղեկութիւններ ներկայացնէ բացման եւ փակման խօսքերուն մէջ։ Պատմական ենթահողը, մարգարէական կամ վարդապետական նշանակութիւնը եւ սկզբունքներու կիրարկումը կարելի է պարփակել։ Նշանակուած բոլոր համարները պէտք է անընդհատաբար կարդացուին։ Անշուշտ, երբ կարդացուելիք համարները յաջորդական չեն, աշակերտը կրնայ համարին տեղը յիշել, ուրկէ ընթերցումը պիտի շարունակուի։
ԹԻՒ 3 ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ. 5 վայրկեան։ Այս դասախօսութիւնը քրոջ մը պիտի նշանակուի։ Այս դասախօսութեան նիւթերը պիտի հիմնուին Ընտանեկան Ուրախութեան Գաղտնիքը գրքին կամ Աստուածաշունչի Խօսակցութեան Բնաբաններ գրքոյկին վրայ։ Ցուցադրութիւնը կրնայ անպաշտօն վկայութիւն մը, վերայցելութիւն մը, տան մէջ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը, կամ դաշտի ծառայութեան ուրիշ մէկ մարզը ըլլալ։ Կարգ մը պարագաներուն, անիկա կրնայ պարփակել ծնող մը, որ տեղեկութիւններ կը բաժնէ երախայի մը հետ։ Մասնակցողները կրնան նստած կամ՝ կայնած ըլլալ։ Դպրոցի տեսուչը յատկապէս նկատի պիտի առնէ այն կերպը որով աշակերտուհին կ’օգնէ տանտիրուհիին կամ զաւկին որ նիւթին մասին պատճառաբանէ եւ հասկնայ համարներուն կիրարկումը։ Նշանակուած աշակերտուհին ընթերցելու կարող պէտք է ըլլայ։ Դպրոցի տեսուչը օգնական մը պիտի նշանակէ, բայց կարելի է յաւելեալ օգնական մը գործածել։ Երբ նիւթը Ընտանիք գրքէն է, աշակերտուհիին կ’իյնայ որոշել թէ տանտիրուհին որոշ պարբերութիւններ կարդա՛յ կամ ոչ։ Գլխաւոր ուշադրութիւնը պէտք է տրուի ո՛չ թէ ցուցադրութեան, այլ՝ նիւթին ազդեցիկ գործածութեան։
ԹԻՒ 4 ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ. 5 վայրկեան։ Երբ այս դասախօսութիւնը հիմնուած է Բնաբաններ գրքոյկին վրայ, անիկա եղբօր մը կամ քրոջ մը պիտի նշանակուի։ Երբ Ընտանիք գրքին վրայ հիմնուած է, անիկա եղբօր մը պիտի նշանակուի։ Յայտագրին մէջ իւրաքանչիւր դասախօսութեան բնաբան մը տրուած է։ Երբ եղբօր մը կը նշանակուի, այս դասախօսութիւնը պէտք է տրուի ի մտի ունենալով Թագաւորութեան Սրահին մէջ եղող ունկնդիրները։ Երբ քրոջ մը նշանակուի, նիւթը պէտք է ներկայացուի ինչպէս Թիւ 3 Դասախօսութեան ուրուագծուած է։
*ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ԸՆԹԵՐՑԱՆՈՒԹԵԱՆ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՅԱՅՏԱԳԻՐ. Ասիկա իւրաքանչիւր շաբթուան երգեցողութեան թիւին քով փակագծերու մէջ դրուած է։ Այս յայտագրին հետեւելով, շաբաթը գրեթէ տասը էջ ընթերցելով, ամբողջ Աստուածաշունչը կրնաք կարդալ երեք տարուան մէջ։ Դպրոցի յայտագրին կամ գրաւոր վերաքաղին ոչ մէկ մասը հիմնուած է այս ընթերցանութեան յաւելեալ յայտագրին վրայ։
ՆՇՄԱՐ. Խրատի, ժամանակաւորումի, գրաւոր վերաքաղի եւ դասախօսութիւնները պատրաստելու նկատմամբ յաւելեալ տեղեկութիւններու եւ թելադրութիւններու համար, հաճեցէք տեսնել Հոկտեմբեր 1996–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին 3–րդ էջը։
ՅԱՅՏԱԳԻՐ
Յունուար 4 Աստ. ընթ. Յայտնութիւն 16-18
Երգեցողութիւն թիւ 46 [*Դ. Թագաւորաց 16-19]
Թիւ 1. Աստուած Ի՛նչպէս Ներշնչեց Աստուածաշունչը (Դիտ. 1/9/97 էջ 4-8)
Թիւ 2. Յայտնութիւն 16։1-16
Թիւ 3. Ձեր Զաւակը Պաշտպանեցէք Չարիքներէ (Ընտանիք էջ 61-63 պարբ. 24-28)
Թիւ 4. Աստուծոյ Նպատակը Երկրի Համար (Բնաբաններ 17Ա)
Յունուար 11 Աստ. ընթ. Յայտնութիւն 19-22
Երգեցողութիւն թիւ 95 [*Դ. Թագաւորաց 20-25]
Թիւ 1. Յայտնութիւն Գիրքը—Ինչո՛ւ Օգտակար Է («Բոլոր Գիրքը» էջ 268-269 պարբ. 28-34)
Թիւ 2. Յայտնութիւն 22։1-15
Թիւ 3. Ո՛վ Ծնողներ, Հաղորդակցութեան Գիծերը Բաց Պահեցէք (Ընտանիք էջ 64-66 պարբ. 1-7)
Թիւ 4. Երկիրը Միշտ Պիտի Բնակուի (Բնաբաններ 17Գ)
Յունուար 18 Աստ. ընթ. Ծննդոց 1-3
Երգեցողութիւն թիւ 143 [*Ա. Մնացորդաց 1-6]
Թիւ 1. Տեղեկութիւններ Ծննդոց Գրքին Մասին («Բոլոր Գիրքը» էջ 13-14 պարբ. 1-8)
Թիւ 2. Ծննդոց 1։1-13
Թիւ 3. Զաւակներուն Բարոյական ու Հոգեւոր Արժանիքներ Սորվեցուցէք (Ընտանիք էջ 67-70 պարբ. 8-14)
Թիւ 4. Նախկին Քրիստոնեաները Տարեդարձներ կամ Ծնունդ Չէին Պահեր (Բնաբաններ 45Բ)
Յունուար 25 Աստ. ընթ. Ծննդոց 4-6
Երգեցողութիւն թիւ 34 [*Ա. Մնացորդաց 7-13]
Թիւ 1. Խուսափեցէք Սխալ Մղումներ Վերագրելէ (w97 5/15 էջ 26-29)
Թիւ 2. Ծննդոց 4։1-16
Թիւ 3. Կրթութիւնը եւ Յարգանքը Ինչո՛ւ Կենսական Են (Ընտանիք էջ 71-72 պարբ. 15-18)
Թիւ 4. Ի՞նչ Ըսել կ’Ուզուի «Աշխարհի Վերջը» Խօսքով (Բնաբաններ 44Ա)
Փետր. 1 Աստ. ընթ. Ծննդոց 7-9
Երգեցողութիւն թիւ 14 [*Ա. Մնացորդաց 14-21]
Թիւ 1. Ջրհեղեղի Մասին Աստուածաշունչի Արձանագրութիւնը Ճշմարիտ Է (g97 2/8 էջ 26-27)
Թիւ 2. Ծննդոց 7։1-16
Թիւ 3. Զաւակներուն Սորվեցուցէ՛ք Գործի եւ Խաղի Նկատմամբ Աստուածային Տեսակէտը (Ընտանիք էջ 72-75 պարբ. 19-25)
Թիւ 4. Վերջին Օրերու Ապացոյցներուն նկատմամբ Արթուն Եղէք (Բնաբաններ 44Բ)
Փետր. 8 Աստ. ընթ. Ծննդոց 10-12
Երգեցողութիւն թիւ 113 [*Ա. Մնացորդաց 22-29]
Թիւ 1. Ստախօսութեան Մասին Ճշմարտութիւնը (g97 2/22 էջ 17-19)
Թիւ 2. Ծննդոց 12։1-20
Թիւ 3. Զաւակներու Ըմբոստութիւն եւ Անոր Պատճառները (Ընտանիք էջ 76-79 պարբ. 1-8)
Թիւ 4. Պաշտամունքի Մէջ Արձաններու Գործածութիւնը Աստուծոյ Անարգանք Է (Բնաբաններ 2Ա)
Փետր. 15 Աստ. ընթ. Ծննդոց 13-15
Երգեցողութիւն թիւ 38 [*Բ. Մնացորդաց 1-8]
Թիւ 1. Մարդկային Տկարութիւնը Եհովայի Զօրութիւնը կը Մեծարէ (w97 6/1 էջ 24-27)
Թիւ 2. Ծննդոց 14։8-20
Թիւ 3. «Յարաբերական» Պաշտամունքը Աստուծոյ Կողմէ Արտօնուած Չէ (Բնաբաններ 2Բ)
Թիւ 4. Թոյլատու Կամ Չափազանց Խիստ Մի՛ Ըլլաք (Ընտանիք էջ 80-82 պարբ. 9-13)
Փետր. 22 Աստ. ընթ. Ծննդոց 16-19
Երգեցողութիւն թիւ 222 [*Բ. Մնացորդաց 9-17]
Թիւ 1. Ձեր Աղօթքները Ի՛նչ կը Յայտնեն (Դիտ. 1/10/97 էջ 29-31)
Թիւ 2. Ծննդոց 18։1-15
Թիւ 3. Զաւակի մը Հիմնական Կարիքները Լեցնելը Կրնայ Արգելք Հանդիսանալ Ըմբոստութեան (Ընտանիք էջ 83-85 պարբ. 14-18)
Թիւ 4. Աստուած Հնազանդ Մարդկութեան Յաւիտենական Կեանք կը Խոստանայ (Բնաբաններ 23Բ)
Մարտ 1 Աստ. ընթ. Ծննդոց 20-23
Երգեցողութիւն թիւ 55 [*Բ. Մնացորդաց 18-24]
Թիւ 1. Ի՛նչպէս Մարզել Ձեր Խիղճը (Դիտ. 1/11/97 էջ 4-6)
Թիւ 2. Ծննդոց 23։1-13
Թիւ 3. Միայն Քրիստոսի Մարմինը Եղողները Երկինք կ’Երթան (Բնաբաններ 23Դ)
Թիւ 4. Մոլորած Զաւկի մը Օգնելու Կերպեր (Ընտանիք էջ 85-87 պարբ. 19-23)
Մարտ 8 Աստ. ընթ. Ծննդոց 24-25
Երգեցողութիւն թիւ 10 [*Բ. Մնացորդաց 25-31]
Թիւ 1. Ճշմարտութիւնը Մեզ Ի՞նչ Բանէ կ’Ազատագրէ (Դիտ. 1/5/97 էջ 4-7)
Թիւ 2. Ծննդոց 24։1-4, 10-21
Թիւ 3. Յաւիտենական Կեանք Խոստացուած Է Անթիւ «Ուրիշ Ոչխարներ»ու (Բնաբաններ 23Ե)
Թիւ 4. Ի՞նչպէս Վարուիլ Կամակոր Ըմբոստի մը Հետ (Ընտանիք էջ 87-89 պարբ. 24-27)
Մարտ 15 Աստ. ընթ. Ծննդոց 26-28
Երգեցողութիւն թիւ 212 [*Բ. Մնացորդաց 32-36]
Թիւ 1. Արդի Պաշտամունքին Մէջ Երաժշտութեան Տեղը (w97 2/1 էջ 24-28)
Թիւ 2. Ծննդոց 26։1-14
Թիւ 3. Ձեր Ընտանիքը Պաշտպանեցէք Քանդիչ Ազդեցութիւններէ (Ընտանիք էջ 90-92 պարբ. 1-7)
Թիւ 4. Ի՛նչպէս Բնորոշել Միակ Ճշմարիտ Կրօնքը (Բնաբաններ 24Ա)
Մարտ 22 Աստ. ընթ. Ծննդոց 29-31
Երգեցողութիւն թիւ 21 [*Եզրասայ 1-7]
Թիւ 1. Երկիրը Կրակով Պիտի Չոչնչանայ (g97 1/8 էջ 26-27)
Թիւ 2. Ծննդոց 31։1-18
Թիւ 3. Սուտ Վարդապետութիւնները Սխա՞լ Է Դատապարտել (Բնաբաններ 24Գ)
Թիւ 4. Աստուծոյ Տեսակէտը Սեռի Մասին (Ընտանիք էջ 92-94 պարբ. 8-13)
Մարտ 29 Աստ. ընթ. Ծննդոց 32-35
Երգեցողութիւն թիւ 143 [*Եզրասայ 8–Նէեմեայ 4]
Թիւ 1. Հրաշալի Բուժումները Աստուծմէ՞ Են (w97 7/1 էջ 4-7)
Թիւ 2. Ծննդոց 35։1-15
Թիւ 3. Ձեր Զաւակներուն Օգնեցէք Լաւ Ընկերներ Ընտրելու (Ընտանիք էջ 95-97 պարբ. 14-18)
Թիւ 4. Աստուած Ե՛րբ Կրօնք Փոխելու Համաձայն Է (Բնաբաններ 24Դ)
Ապրիլ 5 Աստ. ընթ. Ծննդոց 36-38
Երգեցողութիւն թիւ 195 [*Նէեմեայ 5-11]
Թիւ 1. Փրկութիւն՝ Իրապէս Ի՛նչ կը Նշանակէ (w97 8/15 էջ 4-7)
Թիւ 2. Ծննդոց 38։6-19, 24-26
Թիւ 3. Աստուած «Բոլոր Կրօնքներուն Մէջ Լաւ Բաներ» կը Տեսնէ՞ (Բնաբաններ 24Ե)
Թիւ 4. Ընտանեկան Առողջ Զբօսանքներ Ընտրել (Ընտանիք էջ 97-102 պարբ. 19-27)
Ապրիլ 12 Աստ. ընթ. Ծննդոց 39-41
Երգեցողութիւն թիւ 34 [*Նէեմեայ 12–Եսթերայ 5]
Թիւ 1. Յանցագործութիւնը Ինչո՞ւ Տեղեկացնել (w97 8/15 էջ 26-29)
Թիւ 2. Ծննդոց 40։1-15
Թիւ 3. Հոգեւոր Ներատեսութիւն՝ Մէկ–Ծնողով Ընտանիքներուն (Ընտանիք էջ 103-105 պարբ. 1-8)
Թիւ 4. Աստուածաշունչը Ի՛նչ կ’Ըսէ Յիշատակատօնին Մասին (Բնաբաններ 34Ա)
Ապրիլ 19 Աստ. ընթ. Ծննդոց 42-44
Երգեցողութիւն թիւ 152 [*Եսթերայ 6–Յոբայ 5]
Թիւ 1. Բարկութիւնը Ինչո՛ւ Պէտք Է Զսպել (g97 6/8 էջ 18-19)
Թիւ 2. Ծննդոց 42։1-17
Թիւ 3. Որպէս Առանձին Ծնող Ապրուստ Ճարելու Դժուարութիւնը (Ընտանիք էջ 105-107 պարբ. 9-12)
Թիւ 4. Պատարագը Տօնակատարելը Սուրբ Գրային Չէ (Բնաբաններ 34Բ)
Ապրիլ 26 Գրաւոր Վերաքաղ։ Ամբողջացուցէք Յայտնութիւն 16–էն Ծննդոց 44
Երգեցողութիւն թիւ 57 [*Յոբայ 6-14]
Մայիս 3 Աստ. ընթ. Ծննդոց 45-47
Երգեցողութիւն թիւ 59 [*Յոբայ 15-23]
Թիւ 1. Աստուած Հունձքի Տօներուն կը Հաճի՞ (w97 9/15 էջ 8-9)
Թիւ 2. Ծննդոց 45։16–46։4
Թիւ 3. Մէկ–Ծնողով Ընտանիքի Մէջ Կրթութիւնը Չանտեսել (Ընտանիք էջ 107-110 պարբ. 13-17)
Թիւ 4. Ամուսնական Միութիւնը Պէտք Է Պատուական Ըլլայ (Բնաբաններ 3Բ)
Մայիս 10 Աստ. ընթ. Ծննդոց 48-50
Երգեցողութիւն թիւ 123 [*Յոբայ 24-33]
Թիւ 1. Ծննդոց Գիրքը—Ինչո՛ւ Օգտակար Է («Բոլոր Գիրքը» էջ 17-19 պարբ. 30-35)
Թիւ 2. Ծննդոց 49։13-28
Թիւ 3. Մինակութեան Դէմ Պայքարը Շահիլ (Ընտանիք էջ 110-113 պարբ. 18-22)
Թիւ 4. Գլխաւորութեան Սկզբունքը Պէտք Է Յարգուի Քրիստոնեաներու Կողմէ (Բնաբաններ 3Գ)
Մայիս 17 Աստ. ընթ. Ելից 1-4
Երգեցողութիւն թիւ 81 [*Յոբայ 34-42]
Թիւ 1. Տեղեկութիւններ Ելից Գրքին Մասին («Բոլոր Գիրքը» էջ 19-20 պարբ. 1-8)
Թիւ 2. Ելից 4։1-17
Թիւ 3. Քրիստոնեայ Ծնողներուն Պատասխանատուութիւնը Զաւակներուն Հանդէպ (Բնաբաններ 3Դ)
Թիւ 4. Մէկ–Ծնողով Ընտանիքներուն Ի՛նչպէս Օգնել (Ընտանիք էջ 113-115 պարբ. 23-27)
Մայիս 24 Աստ. ընթ. Ելից 5-8
Երգեցողութիւն թիւ 172 [*Սաղմոս 1-17]
Թիւ 1. Աղքատ Սակայն Հարուստ. Ի՞նչպէս Կարելի Է (w97 9/15 էջ 3-7)
Թիւ 2. Ելից 7։1-13
Թիւ 3. Քրիստոնեաները Պէտք Է Միայն Քրիստոնեաներու Հետ Ամուսնանան (Բնաբաններ 3Ե)
Թիւ 4. Հիւանդութիւնը Աստուածային Տեսակէտով Դիմակալելուն Օգուտները (Ընտանիք էջ 116-119 պարբ. 1-9)
Մայիս 31 Աստ. ընթ. Ելից 9-12
Երգեցողութիւն թիւ 160 [*Սաղմոս 18-28]
Թիւ 1. Աշխարհի Մէկ Մասը Չըլլալ Ի՛նչ կը Նշանակէ (g97 9/8 էջ 12-13)
Թիւ 2. Ելից 12։21-36
Թիւ 3. Բուժիչ Տրամադրութեան մը Արժէքը (Ընտանիք էջ 120-121 պարբ. 10-13)
Թիւ 4. Միայն 144,000 Երկինք կ’Երթան (Բնաբաններ 16Բ)
Յունիս 7 Աստ. ընթ. Ելից 13-16
Երգեցողութիւն թիւ 222 [*Սաղմոս 29-38]
Թիւ 1. Ի՛նչպէս Յոյս Գտնել Յուսահատութեան Ժամանակ (w97 5/15 էջ 22-25)
Թիւ 2. Ելից 15։1-13
Թիւ 3. Նախապատուութիւններ Դրէք եւ Օգնեցէք Զաւակներուն Որ Ընտանիքին Մէջ Հիւանդութեան Հետ Գլուխ Ելլեն (Ընտանիք էջ 122-123 պարբ. 14-18)
Թիւ 4. Հոգեւոր Բուժումը Ինչո՛ւ Կենսական Է (Բնաբաններ 9Ա)
Յունիս 14 Աստ. ընթ. Ելից 17-20
Երգեցողութիւն թիւ 85 [*Սաղմոս 39-50]
Թիւ 1. Քրիստոնեաներ Տարեց Ծնողներու Ի՛նչպէս կը Պատուեն (Դիտ. 1/12/97 էջ 4-7)
Թիւ 2. Ելից 17։1-13
Թիւ 3. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը Ֆիզիքական Մնայուն Բուժումներ Պիտի Բերէ (Բնաբաններ 9Բ)
Թիւ 4. Բժշկական Խնամքը Ի՛նչպէս Նկատել (Ընտանիք էջ 124-127 պարբ. 19-23)
Յունիս 21 Աստ. ընթ. Ելից 21-24
Երգեցողութիւն թիւ 46 [*Սաղմոս 51-65]
Թիւ 1. Ճշմարիտ Գիտութիւնը եւ Աստուածաշունչը կը Համաձայնին (g97 7/8 էջ 26-27)
Թիւ 2. Ելից 21։1-15
Թիւ 3. Հաւատացեալ Կին մը Ի՞նչպէս Կրնայ Անմիաբան Ընտանիքի մը Մէջ Խաղաղութիւն Պահպանել (Ընտանիք էջ 128-132 պարբ. 1-9)
Թիւ 4. Արդի՝ Հաւատքով Բուժումը Աստուածային Հաճութեան Ապացոյցը Չունի (Բնաբաններ 9Գ)
Յունիս 28 Աստ. ընթ. Ելից 25-28
Երգեցողութիւն թիւ 47 [*Սաղմոս 66-74]
Թիւ 1. Եհովան Ճանչցէք Որպէս Անձ (w97 10/1 էջ 4-8)
Թիւ 2. Ելից 25։17-30
Թիւ 3. Եհովայի Վկաներու Ծագումը (Բնաբաններ 15Ա)
Թիւ 4. Հաւատացեալ Ամուսին մը Ի՞նչպէս Կրնայ Անմիաբան Ընտանիքի մը Մէջ Խաղաղութիւն Պահպանել (Ընտանիք էջ 132-133 պարբ. 10-11)
Յուլիս 5 Աստ. ընթ. Ելից 29-32
Երգեցողութիւն թիւ 27 [*Սաղմոս 75-85]
Թիւ 1. Թոյլ Մի՛ Տաք Որ Աշխարհի Հոգին Ձեզ Թունաւորէ (w97 10/1 էջ 25-29)
Թիւ 2. Ելից 29։1-14
Թիւ 3. Երախաներու Սուրբ Գրային Մարզումը Անմիաբան Ընտանիքի մը Մէջ (Ընտանիք էջ 133-134 պարբ. 12-15)
Թիւ 4. Աստուծոյ Լսած Աղօթքները (Բնաբաններ 1Ա)
Յուլիս 12 Աստ. ընթ. Ելից 33-36
Երգեցողութիւն թիւ 10 [*Սաղմոս 86-97]
Թիւ 1. Վստահելի Եղէք եւ Ձեր Ուղղամտութիւնը Պահեցէք (w97 5/1 էջ 4-7)
Թիւ 2. Ելից 34։17-28
Թիւ 3. Տարբեր Կրօնքի Պատկանող Ծնողներու Հետ Խաղաղ Յարաբերութիւն Պահպանել (Ընտանիք էջ 134-136 պարբ. 16-19)
Թիւ 4. Ինչո՛ւ Որոշ Աղօթքներ Վաւերական Չեն (Բնաբաններ 1Գ)
Յուլիս 19 Աստ. ընթ. Ելից 37-40
Երգեցողութիւն թիւ 38 [*Սաղմոս 98-106]
Թիւ 1. Ելից Գիրքը—Ինչո՛ւ Օգտակար Է («Բոլոր Գիրքը» էջ 24-25 պարբ. 26-31)
Թիւ 2. Ելից 40։1-16
Թիւ 3. Ոչ–Հարազատ Ծնող մը Ըլլալուն Դժուարութիւնները (Ընտանիք էջ 136-139 պարբ. 20-25)
Թիւ 4. Մարիամ՝ Յիսուսի Մայրն Էր, Ոչ Թէ՝ «Աստուծոյ Մայրը» (Բնաբաններ 28Ա)
Յուլիս 26 Աստ. ընթ. Ղեւտացւոց 1-4
Երգեցողութիւն թիւ 114 [*Սաղմոս 107-118]
Թիւ 1. Տեղեկութիւններ Ղեւտացւոց Գրքին Մասին («Բոլոր Գիրքը» էջ 25-26 պարբ. 1-10)
Թիւ 2. Ղեւտացւոց 2։1-13
Թիւ 3. Թոյլ Մի՛ Տաք Որ Նիւթական Հետապնդումները Ձեր Ընտանիքը Բաժնեն (Ընտանիք էջ 140-141 պարբ. 26-28)
Թիւ 4. Աստուածաշունչը Ցոյց կու Տայ Թէ Մարիամ «Միշտ Կոյս» Չմնաց (Բնաբաններ 28Գ)
Օգոս. 2 Աստ. ընթ. Ղեւտացւոց 5-7
Երգեցողութիւն թիւ 150 [*Սաղմոս 119-125]
Թիւ 1. Իսկական Ուրախութեան Բանալին (Դիտ. 1/3/98 էջ 5-7)
Թիւ 2. Ղեւտացւոց 6։1-13
Թիւ 3. Ալքոլամոլութեան Վնասակար Ազդեցութիւնները (Ընտանիք էջ 142-143 պարբ. 1-4)
Թիւ 4. Յիսուսի Մարդկային Կեանքը Ամենուն Համար Փրկանք Էր (Բնաբաններ 49Ա)
Օգոս. 9 Աստ. ընթ. Ղեւտացւոց 8-10
Երգեցողութիւն թիւ 129 [*Սաղմոս 126-143]
Թիւ 1. Սկզբունքը Ըմբռնելը Հասունութեան Ապացոյց Է (Դիտ. 1/3/98 էջ 29-31)
Թիւ 2. Ղեւտացւոց 10։12-20
Թիւ 3. Ընտանիքի Ալքոլամոլ Մէկ Անդամին Օգնել (Ընտանիք էջ 143-147 պարբ. 5-13)
Թիւ 4. Յիսուս Ինչո՛ւ Կրնար Փրկանքը Վճարել (Բնաբաններ 49Բ)
Օգոս. 16 Աստ. ընթ. Ղեւտացւոց 11-13
Երգեցողութիւն թիւ 13 [*Սաղմոս 144–Առակաց 5]
Թիւ 1. Զգուշացէ՛ք «Եպիկուրեաններ»է (w97 11/1 էջ 23-25)
Թիւ 2. Ղեւտացւոց 13։1-17
Թիւ 3. Տնային Վայրագութիւնը եւ Անկէ Խուսափելու Կերպեր (Ընտանիք էջ 147-149 պարբ. 14-22)
Թիւ 4. Մարդը Նախասահմանուած Չէ (Բնաբաններ 36Ա)
Օգոս. 23 Աստ. ընթ. Ղեւտացւոց 14-15
Երգեցողութիւն թիւ 102 [*Առակաց 6-14]
Թիւ 1. Իրա՛պէս Վերջին Օրերուն Մէջ Ենք (Դիտ. 1/7/97 էջ 4-8)
Թիւ 2. Ղեւտացւոց 14։33-47
Թիւ 3. Որո՞նք Մեռելներէն Յարութիւն Պիտի Առնեն (Բնաբաններ 32Ա)
Թիւ 4. Բաժանումը Լուծո՞ւմն Է (Ընտանիք էջ 150-152 պարբ. 23-26)
Օգոս. 30 Գրաւոր Վերաքաղ։ Ամբողջացուցէք Ծննդոց 45–էն Ղեւտացւոց 15
Երգեցողութիւն թիւ 112 [*Առակաց 15-22]
Սեպտ. 6 Աստ. ընթ. Ղեւտացւոց 16-18
Երգեցողութիւն թիւ 222 [*Առակաց 23-31]
Թիւ 1. Երբ Այլեւս Տառապանք Պիտի Չըլլայ (w97 2/15 էջ 4-7)
Թիւ 2. Ղեւտացւոց 16։20-31
Թիւ 3. Ճշմարիտ Քրիստոնեաները Ինչո՛ւ Ատուած Են (Բնաբաններ 25Ա)
Թիւ 4. Ամուսնական Խնդիրներ Լուծելու Սուրբ Գրային Կերպը (Ընտանիք էջ 153-156 պարբ. 1-9)
Սեպտ. 13 Աստ. ընթ. Ղեւտացւոց 19-21
Երգեցողութիւն թիւ 77 [*Ժողովողի 1-12]
Թիւ 1. Ինչո՛ւ Խստակեցութիւնը Իմաստութեան Բանալին Չէ (g97 10/8 էջ 20-21)
Թիւ 2. Ղեւտացւոց 19։16-18, 26-37
Թիւ 3. Կինը Թոյլ Պէտք Չէ Տայ Որ Իր Ամուսինը Զինք Աստուծմէ Զատէ (Բնաբաններ 25Գ)
Թիւ 4. Ամուսնական Պարտքը Վճարել (Ընտանիք էջ 156-158 պարբ. 10-13)
Սեպտ. 20 Աստ. ընթ. Ղեւտացւոց 22-24
Երգեցողութիւն թիւ 152 [*Երգ Երգոց 1–Եսայեայ 5]
Թիւ 1. Ամէն Գանգատ Սխա՞լ Է (w97 12/1 էջ 29-31)
Թիւ 2. Ղեւտացւոց 23։15-25
Թիւ 3. Ամուսին մը Պէտք Չէ Թոյլ Տայ Որ Իր Կինը Զինք Աստուծոյ Ծառայութենէն Ետ Պահէ (Բնաբաններ 25Դ)
Թիւ 4. Ամուսնալուծման Համար Սուրբ Գրային Հիմը (Ընտանիք էջ 158-159 պարբ. 14-16)
Սեպտ. 27 Աստ. ընթ. Ղեւտացւոց 25-27
Երգեցողութիւն թիւ 21 [*Եսայեայ 6-14]
Թիւ 1. Ղեւտացւոց Գիրքը—Ինչո՛ւ Օգտակար Է («Բոլոր Գիրքը» էջ 28-30 պարբ. 28-39)
Թիւ 2. Ղեւտացւոց 25։13-28
Թիւ 3. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը Ի՛նչ Պիտի Ընէ Մարդկութեան Համար (Բնաբաններ 19Բ)
Թիւ 4. Աստուածաշունչը Ի՛նչ կ’Ըսէ Բաժանումի Մասին (Ընտանիք էջ 160-162 պարբ. 17-22)
Հոկտ. 4 Աստ. ընթ. Թուոց 1-3
Երգեցողութիւն թիւ 33 [*Եսայեայ 15-25]
Թիւ 1. Տեղեկութիւններ Թուոց Գրքին Մասին («Բոլոր Գիրքը» էջ 30-31 պարբ. 1-10)
Թիւ 2. Թուոց 1։44-54
Թիւ 3. Միասնաբար Ծերանալ (Ընտանիք էջ 163-165 պարբ. 1-9)
Թիւ 4. Թագաւորութեան Իշխանութիւնը կը Սկսի Մինչ Քրիստոսի Թշնամիները Տակաւին Գործունեայ Են (Բնաբաններ 19Գ)
Հոկտ. 11 Աստ. ընթ. Թուոց 4-6
Երգեցողութիւն թիւ 47 [*Եսայեայ 26-33]
Թիւ 1. Եհովա Կարեկցութեամբ կ’Իշխէ (w97 12/15 էջ 28-29)
Թիւ 2. Թուոց 4։17-33
Թիւ 3. Ամուսնական Միութիւնը Վերարծարծել (Ընտանիք էջ 166-167 պարբ. 10-13)
Թիւ 4. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը Մարդոց Ջանքերով Մէջտեղ Չի Գար (Բնաբաններ 19Դ)
Հոկտ. 18 Աստ. ընթ. Թուոց 7-9
Երգեցողութիւն թիւ 113 [*Եսայեայ 34-41]
Թիւ 1. Ի՛նչպէս Իսկական Ուրախութիւնը Գտնել (w97 3/15 էջ 23)
Թիւ 2. Թուոց 9։1-14
Թիւ 3. Ձեր Թոռները Վայելեցէք եւ Ձեր Տարիքին Յարմարեցէք (Ընտանիք էջ 168-170 պարբ. 14-19)
Թիւ 4. Դժոխքին Մէջ Բառացի Կրակ Չկայ (Բնաբաններ 12Ա)
Հոկտ. 25 Աստ. ընթ. Թուոց 10-12
Երգեցողութիւն թիւ 77 [*Եսայեայ 42-49]
Թիւ 1. Եհովա Տառապեալներուն կը Հոգայ (w97 4/15 էջ 4-7)
Թիւ 2. Թուոց 10։11-13, 29-36
Թիւ 3. Ձեր Կողակիցին Կորուստին Տոկացէք (Ընտանիք էջ 170-172 պարբ. 20-25)
Թիւ 4. Կրակը Բնաջնջումի Խորհրդանիշ մըն Է (Բնաբաններ 12Բ)
Նոյ. 1 Աստ. ընթ. Թուոց 13-15
Երգեցողութիւն թիւ 95 [*Եսայեայ 50-58]
Թիւ 1. Ինչո՛ւ Հրաշքները Բաւարար Չեն Հաւատք Կերտելու Համար (Դիտ. 1/6/97 էջ 4-6)
Թիւ 2. Թուոց 14։13-25
Թիւ 3. Հարուստ Մարդուն եւ Ղազարոսին Պատմութիւնը Յաւիտենական Չարչարանքի Փաստ մը Չէ (Բնաբաններ 12Գ)
Թիւ 4. Տարեց Ծնողները Պատուելու Քրիստոնէական Կերպեր (Ընտանիք էջ 173-175 պարբ. 1-5)
Նոյ. 8 Աստ. ընթ. Թուոց 16-19
Երգեցողութիւն թիւ 81 [*Եսայեայ 59-66]
Թիւ 1. Աղքատութիւնը Ինչո՛ւ Չ’արդարացներ Գողութիւնը (g97 11/8 էջ 18-19)
Թիւ 2. Թուոց 18։1-14
Թիւ 3. Սէր եւ Կարեկցութիւն Ցուցաբերեցէք (Ընտանիք էջ 175-179 պարբ. 6-14)
Թիւ 4. Յիսուս Աստուծոյ Որդին եւ Որոշուած Թագաւորն Է (Բնաբաններ 33Բ)
Նոյ. 15 Աստ. ընթ. Թուոց 20-22
Երգեցողութիւն թիւ 46 [*Երեմեայ 1-6]
Թիւ 1. Աստուածաշունչը Ի՛նչպէս Մեզի Հասաւ—Ա. Մաս (w97 8/15 էջ 8-11)
Թիւ 2. Թուոց 20։14-26
Թիւ 3. Զօրութեան Համար Միշտ Եհովայի Նայեցէք (Ընտանիք էջ 179-182 պարբ. 15-21)
Թիւ 4. Յիսուս Քրիստոսի Վրայ Հաւատք Ունենալը Կենսական Է Փրկութեան Համար (Բնաբաններ 33Դ)
Նոյ. 22 Աստ. ընթ. Թուոց 23-26
Երգեցողութիւն թիւ 59 [*Երեմեայ 7-13]
Թիւ 1. Աստուածաշունչը Ի՛նչպէս Մեզի Հասաւ—Բ. Մաս (w97 9/15 էջ 25-29)
Թիւ 2. Թուոց 23։1-12
Թիւ 3. Աստուածպաշտութիւն եւ Ժուժկալութիւն Զարգացուցէք (Ընտանիք էջ 183-184 պարբ. 1-5)
Թիւ 4. Յիսուսի Վրայ Հաւատք Ունենալէն Աւելին Պահանջուած Է (Բնաբաններ 33Ե)
Նոյ. 29 Աստ. ընթ. Թուոց 27-30
Երգեցողութիւն թիւ 34 [*Երեմեայ 14-21]
Թիւ 1. Աստուածաշունչը Ի՛նչպէս Մեզի Հասաւ—Գ. Մաս (w97 10/15 էջ 8-12)
Թիւ 2. Թուոց 27։1-11
Թիւ 3. Գլխաւորութեան Հանդէպ Պատշաճ Տեսակէտ (Ընտանիք էջ 185-186 պարբ. 6-9)
Թիւ 4. Քրիստոնեաները Աստուծոյ Անձնական Անունը Պէտք Է Գործածեն (Բնաբաններ 14Ա)
Դեկ. 6 Աստ. ընթ. Թուոց 31-32
Երգեցողութիւն թիւ 114 [*Երեմեայ 22-28]
Թիւ 1. Արդի Ծնունդին Արմատները (w97 12/15 էջ 4-7)
Թիւ 2. Թուոց 31։13-24
Թիւ 3. Սիրոյ Կենսական Դերը Ընտանիքին Մէջ (Ընտանիք էջ 186-187 պարբ. 10-12)
Թիւ 4. Աստուծոյ Գոյութեան Մասին Ճշմարտութիւններ (Բնաբաններ 14Գ)
Դեկ. 13 Աստ. ընթ. Թուոց 33-36
Երգեցողութիւն թիւ 55 [*Երեմեայ 29-34]
Թիւ 1. Թուոց Գիրքը—Ինչո՛ւ Օգտակար Է («Բոլոր Գիրքը» էջ 34-35 պարբ. 32-38)
Թիւ 2. Թուոց 36։1-13
Թիւ 3. Աստուծոյ Յատկութիւնները Բնորոշել (Բնաբաններ 14Դ)
Թիւ 4. Աստուծոյ Կամքը Կատարել Որպէս Ընտանիք (Ընտանիք էջ 188-189 պարբ. 13-15)
Դեկ. 20 Աստ. ընթ. Բ. Օրինաց 1-3
Երգեցողութիւն թիւ 113 [*Երեմեայ 35-41]
Թիւ 1. Տեղեկութիւններ Բ. Օրինաց Գրքին Մասին («Բոլոր Գիրքը» էջ 36-37 պարբ. 1-9)
Թիւ 2. Բ. Օրինաց 2։1-15
Թիւ 3. Բոլորը Նոյն Աստուծոյ Չեն Ծառայեր (Բնաբաններ 14Զ)
Թիւ 4. Ընտանիքը եւ Ձեր Ապագան (Ընտանիք էջ 190-191 պարբ. 16-18)
Դեկ. 27 Գրաւոր Վերաքաղ։ Ամբողջացուցէք Ղեւտացւոց 16–էն Բ. Օրինաց 3
Երգեցողութիւն թիւ 143 [*Երեմեայ 42-48]