Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտ20 Դեկտեմբեր էջ 8
  • Շարունակէ պարբերաթերթերը գործածել

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Շարունակէ պարբերաթերթերը գործածել
  • Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2020)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ծառայութեանդ Մէջ Պարբերաթերթեր Ներկայացուր
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2005)
  • Մեր Պարբերաթերթերը Լաւագոյն Կերպով Գործածենք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1995)
  • Պարբերաթերթերը Թագաւորութիւնը կը Ծանուցանեն
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1998)
  • ԺԱՄԱՆԱԿ ՅԱՏԿԱՑՆԵՆՔ ՊԱՐԲԵՐԱԹԵՐԹԵՐԸ ՏԵՂԱՒՈՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1993)
Տես աւելին
Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2020)
ժտ20 Դեկտեմբեր էջ 8
Քոյր մը ‘Զարթի՛ր’ պարբերաթերթէ մը առնուած նիւթի մը մասին կը խօսի կնոջ մը։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Շարունակէ պարբերաթերթերը գործածել

2018–էն ի վեր մեր հանրամատչելի պարբերաթերթերուն ամէն մէկը մէկ նիւթ կը ներկայացնէ։ Բոլոր այս պարբերաթերթերը մաս կը կազմեն մեր Ուսուցանելու գործիքներու տուփին։ Այսպիսով, կրնանք զանոնք գործածել ծառայութեան մէջ։ Նոյնիսկ կրնանք կարգ մը պարբերաթերթեր մեզի հետ առնել երբ կը ճամբորդենք կամ երբ գնում կ’ընենք։ Այս պարբերաթերթերուն նպատակը չէ մարդոց հետ ուսումնասիրութիւն սկսիլ, բայց ատոնք կրնան մարդոց հոգեւոր հետաքրքրութիւնը արթնցնել։

Մէկու մը հետ խօսակցութիւն սկսելէ ետք, համար մը բաց եւ նշէ պարբերաթերթի մը նիւթը, որ կը կարծես թէ կրնայ հետաքրքրել անհատը։ Օրինակ, եթէ ան ընտանիք ունի, սթրես ունի կամ մահ ունեցած է, կրնաս իրեն ըսել. «Վերջերս աղուոր յօդուած մը կարդացի այս նիւթին մասին։ Կրնա՞մ քեզի ցուցնել»։ Եթէ զգաս որ անհատը հետաքրքրուած է, կրնաս իրեն պարբերաթերթը տալ, կամ ալ ատոր ելեկտրոնային տարբերակը ղրկել իրեն, նոյնիսկ եթէ առաջին հանդիպումն է։ Ճիշդ է որ մեր բուն նպատակը չէ պարբերաթերթ բաժնել, բայց պարբերաթերթերը կրնան մեզի օգնել որ գտնենք այն անձերը, որոնք պատրաստ են իրենց սորվածները գործադրելու (Գործք 13։48)։

2018

2018–ի ‘Դիտարան’ եւ ‘Զարթի՛ր’ պարբերաթերթերուն կողքի նիւթերը. 1. ‘Սուրբ Գիրքը այսօր գործնակա՞ն է’։ 2. ‘Ապագային ի՞նչ պիտի ըլլայ’։ 3. ‘Աստուած քեզմով հետաքրքրուա՞ծ է’։ 4. ‘Երջանկութեան ճամբան’։ 5. ‘Յաջող ընտանիք ունենալու 12 գաղտնիքներ’։ 6. ‘Օգնութիւն սգաւորներուն’։

2019

2019–ի ‘Դիտարան’ եւ ‘Զարթի՛ր’ պարբերաթերթերուն կողքի նիւթերը. 1. ‘Կրնա՞նք Աստուած ճանչնալ’։ 2. ‘Ինչո՞ւ շարունակել ապրիլ’։ 3. ‘Կեանքը միայն ա՞յս է’։ 4. ‘Օր մը պիտի գա՞յ որ մեր կեանքը ապահով ըլլայ’։ 5. ‘Պզտիկները ի՞նչ վեց դասեր պէտք է սորվին’։ 6. ‘Աստուածաշունչը կրնա՞յ կեանքդ բարելաւել’։

2020

2020–ի ‘Դիտարան’ եւ ‘Զարթի՛ր’ պարբերաթերթերուն կողքի նիւթերը. 1. ‘Ճշմարտութիւնը կարելի է գտնել’։ 2. ‘Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը’։ 3. ‘Սիրալիր Աստուծոյ կողմէ մնայուն օրհնութիւններ’։ 4. ‘Ճնշուածութենէն կրնա՛ս հանգստանալ’։ 5. ‘Ինչո՞ւ կը տառապինք’։ 6. ‘Նախապաշարումին համար ճար կա՞յ’։

Թաղամասիդ մէջ ո՞ր նիւթերը կը հետաքրքրեն մարդիկը

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել