1992–Ի «ԼՈՅՍ ԿՐՈՂՆԵՐ» ՆԱՀԱՆԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎ
1 Յիսուս ըսաւ թէ իր հետեւորդները «աշխարհի լոյս»ը պիտի ըլլային։ (Մատթ. 5։14) Անոր հակառակը, աշխարհի հոգեւոր ու բարոյական խաւարը օրէ օր երթալէն աւելի մեծ կ’ըլլայ։ (Եսայ. 60։2. Հռովմ. 1։21) Մեր պատասխանատուութիւնը որպէս լոյս կրողներ աւելի մեծ նշանակութիւն կ’առնէ մինչ կը մօտենանք այս դրութեան վախճանին։ Գիտակցելով մեր խաղցած կենսական դերին, անձկալից կը սպասենք ներկայ ըլլալ 1992–ի «Լոյս Կրողներ» Նահանգային Համաժողովին։
2 Շաբաթ առաւօտուն բացման դասախօսութենէն մինչեւ փակման խօսքերը Կիրակի կէսօրէ ետք, մեր լման ուշադրութիւնը պէտք է կեդրոնացնենք ամբողջ յայտագրին վրայ։ Հետաքրքրական տեղեկութիւններ պիտի զարգացուին եւ ներկայացուին դասախօսութիւններով, ցուցադրութիւններով, տեսակցութիւններով, եւ թատերախաղով մը։ Ծրագրեցէք որ ձեր տեղը գրաւէք Շաբաթ օրը յայտագիրը սկսելէն շատ առաջ։ Բոլոր նիստերուն ներկայ ըլլալով եւ փակման աղօթքին համար մնալով, ձեռք կը ձգենք յայտագրին լման օգուտը եւ որպէս լոյս կրողներ ծառայելու մեր առանձնաշնորհումին համար գնահատութիւն ցոյց կու տանք։
3 Թող Ձեր Ականջները Լաւ Լսեն. Սաղմոսերգուն յայտարարեց. «Ես քու վկայութիւններդ միտքս պիտի բերեմ։ Ո՜րչափ կը սիրեմ քու օրէնքդ։ Ա՛յն է ամէն օր իմ մտածութիւնս»։ (Սաղմ. 119։95բ, 97) Ամէն անգամ որ կը հաւաքուինք Եհովայէն սորվելու, կարիքը կայ ուշադիր ըլլալու եւ մտիկ ընելու ոչ միայն մեր ականջներով, այլ նաեւ՝ մեր սրտերով։ Սակայն, այս բանին կարիքը աւելի մեծ է երբ ներկայ կը գտնուինք համագումարներու ինչպէս՝ նահանգային համաժողովի մը։ Շատ բան կայ աչքերուն համար որ տեսնեն եւ ականջներուն համար՝ որ լսեն։ Ի՜նչ անձնական կորուստ մը պիտի ըլլայ եթէ ժամանակ յատկացնենք ու ծախսեր ընենք համաժողովին ներկայ ըլլալու համար, բայց տուն վերադառնանք միայն մի քանի ընտիր կէտեր քաղած թէ ինչպէս կրնանք որպէս լոյս կրողներ բարելաւուիլ։ Պէտք է մեր լաւագոյնը ընենք որ մեր մտքերը չցրուին եթէ յայտագրէն պիտի օգտուինք լման կերպով։ Ինչպէ՞ս կրնանք վստահ ըլլալ թէ տեղեկութիւնները խորապէս պիտի տեղաւորուին մեր սրտին ու մտքին մէջ համաժողովի յայտագիրը վերջանալէն ետք։
4 Մտիկ ընելը արուեստ մըն է զոր պէտք է մշակել եւ վարժութիւն դարձնել։ Մտիկ ընել կը նշանակէ լսել ուշի ուշով։ Նկատի առէք հետեւեալ մի քանի թելադրութիւնները. (1) Ամէն ջանք թափեցէք որ համաժողովի վայրը հասնիք ամէն առաւօտ հանգիստ վիճակի մէջ ըլլալով։ Ասիկա պիտի պահանջէ ծրագրել եւ ընտանեկան համագործակցութիւն։ Եթէ ուժասպառ էք չքնանալուն պատճառաւ կամ անօթի էք նախաճաշ չընելուն պատճառաւ, կամ եթէ ջղագրգիռ էք քանի որ ստիպուած էիք աճապարել, շատ քիչ բան պիտի օգտուիք յայտագրէն։ (2) Ակնկալեցէք թէ բնաբանը ի՞նչպէս պիտի զարգացուի։ Համաժողովէն մի քանի շաբաթ առաջ, որպէս ձեր ընտանեկան ուսումնասիրութեան մէկ մասը, թող իւրաքանչիւր անդամ արտայայտուի թէ իրեն համար ի՛նչ կը նշանակէ լոյս կրող մը ըլլալը։ (3) Պատշաճ կերպով հագուեցէք, եւ նիստերուն ընթացքին ուտելէն ու խմելէն խուսափեցէք։ Քիչեր կերած կամ խմած են յայտագրին ընթացքին։ Ասիկա անքաղաքավարութիւն է, ուրիշները կը խանգարէ, եւ ինքնազսպումի պակաս ցոյց կու տայ։—Տես՝ Մարտ 1, 1992, Դիտարանի թիւը էջ 10–20։
5 Կ’ուզենք մասնաւոր ուշադրութիւն դարձնել նօթագրելու հարցին։ Եթէ պատշաճ կերպով կատարուի, ան պիտի օգնէ ձեզի որ աւելի ուշադրութեամբ դասախօսներուն հետեւիք եւ ձեր քով պահէք ինչ որ կը լսէք։ Քանի որ կը մտածենք մեր խօսելէն չորս անգամ աւելի արագ, նօթագրելը լաւագոյն կերպն է մտացրուելէ խուսափելու։ Ինչպէս գրող մը նշեց, «Դասախօսութեան մը մտիկ ընելը յաճախ աւելի դժուար է քան դասախօսութիւն մը տալը»։ Կրնաք վերյիշել թէ նախկին Քրիստոնեաները կաւային կտորներ կ’առնէին իրենց հետ ժողովներուն եւ անոնց վրայ մելանով համարներ կը նօթագրէին։ Ուրախ ենք որ կրնանք շատ բան ընել գործածելով միջակ չափով նօթի տետրակ մը եւ գրիչ մը կամ մատիտ մը։ Նօթագրելու մէջ հմուտ ըլլալը կը նշանակէ գրենք միայն ինչ որ բաւարար է գլխաւոր կէտը ըմբռնելու, բայց ոչ շատ այնպէս որ անդադար գրենք։ Ասիկա մեր նպատակը ի դերեւ պիտի հանէ եւ պիտի առաջնորդէ որ դասախօսին կողմէ ներկայացուած կարեւոր կէտեր կորսնցնենք։ Գլխաւոր բառեր գրեցէք, եւ կրճատեցէք։ Ձեր նօթերը ձեզի մեծապէս պիտի օգտեն եթէ զանոնք վերաքաղ ընէք այդ իրիկունը եւ ետքը նորէն՝ Ծառայութեան Ժողովին մէջ ժողովքը յայտագրին աչքառու կէտերը նկատի առնելէ առաջ։