ՆՊԱՏԱԿԱՅԱՐՄԱՐ ԽՕՍԱԿՑԱԿԱՆ ԿԷՏԵՐ ԸՆՏՐԵՑԷՔ
1 Ի՞նչ կրնանք ընել մարդիկ քաջալերելու որ Դիտարանն ու Զարթի՛րը կանոնաւորաբար կարդան։ Պէտք է հետաքրքրական կէտեր ունենանք որոնց մասին խօսինք երբ պարբերաթերթերը ուրիշներու կը յանձնարարենք։ Եթէ մեր թաղամասին մէջ եղող մարդոց լաւ ծանօթացած ենք եւ զանոնք ի մտի կ’ունենանք երբ պարբերաթերթերը կը կարդանք, կրնանք խօսակցական կէտեր փնտռել իրենց հետաքրքրութիւնը արթնցնելու համար։
2 Կարգ մը շրջաններու մէջ մարդիկ կարելի է որ նոյն ծագումը ունենան, ինչ որ դիւրին կը դարձնէ նշմարել բան մը որ բոլորը կը հետաքրքրէ։ Բայց ուրիշ տեղեր, կրնանք մարդիկ գտնել որոնք շատ մը տարբեր ծագումներ ունին։ Եթէ մի քանի խօսակցական կէտեր ի մտի ունենանք, կրնանք գործածել ինչ որ մեր հանդիպած անհատին մեծապէս կը յարմարի։
3 Մի աճապարէք պարբերաթերթերուն հին թիւերը նետելու երբ նոր թիւերը կը ստանաք։ Եղբայր մը սովորաբար Դիտարանի երեք կամ չորս թիւեր կը ներկայացնէ տանուտիրոջ մը եւ թոյլ կու տայ որ ընտրէ ո՛ր մէկը կ’ուզէ կարդալ։ Եթէ նկատենք թէ աւելի պարբերաթերթեր կը ստանանք քան ինչ որ կրնանք տեղաւորել, պէտք է մտածենք մեր խնդրանքը փոխելու։
4 Նպատակայարմար խօսակցական կէտեր միշտ գործածելով, կարելի է որ ուրիշները մղենք մեր պարբերաթերթերը կարդալու եւ թերեւս այսպիսիներ կը սկսին կեանքի ճամբուն մէջ քալել։ (Մատթ. 7։14) Եթէ ուշադրութեամբ նկատի առնենք այս կարեւոր հարցը, կրնանք Եհովայի օրհնութենէն վստահ ըլլալ։