ՊԱՐԲԵՐԱԹԵՐԹԵՐԸ ԳՈՐԾԱԾԵԼՈՎ ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒ ՕԳՏԵՑԷՔ
1 Որքա՜ն կ’ուրախանանք ստանալով Դիտարանի եւ Զարթի՛րի ամենավերջին թիւերը։ Կը փափաքինք զանոնք կարդալ կարելի եղածին չափ շուտ որպէսզի ներկայացուած տեղեկութիւններէն օգտուինք։ Մեզի անհատապէս օգնող տեղեկութիւններ փնտռելէ զատ, լաւ գաղափար մըն է փնտռել նաեւ այնպիսի կէտերու վրայ զորս կարելի է գործածել պարբերաթերթերը ուրիշներու առաջարկելու համար։ Կրնանք նշան դնել այն մասերուն վրայ որոնք մասնաւորաբար մեր ժողովքի թաղամասին մէջ եղողներուն գրաւիչ պիտի ըլլան կամ նոթագրել մեր օրինակին լուսանցքին վրայ որպէսզի յիշենք խօսակցական կէտերը եւ ինչպէ՛ս կարելի է յօդուածը տեղականօրէն ներկայացնել։
2 Մեր պարբերաթերթերը մնայուն արժէք ունին։ Թէեւ գլխաւորաբար ուշադրութիւն կ’ընծայենք ընթացիկ պարբերաթերթերը ներկայացնելու, պէտք չէ մէկդի դնենք հին թիւերը, քանի որ տեղեկութիւնները ժամանակավրէպ չեն ըլլար։ Անոնք կրնան յատկապէս օգտակար ըլլալ երբ տանուտիրոջ որոշ կարիք մը գիտցուի։ Երբ հին պարբերաթերթ մը տեղաւորուի, կրնանք անոր նուիրատուութեան գումարը յիշել։