ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՑԷՔ ԸՍԵԼ. «ԵԿՈ՛ՒՐ»
1 Ի՜նչ սքանչելի հայթայթում մըն է զոր Եհովա ըրած է Յիսուսի փրկանքի զոհին միջոցաւ։ Ասիկա հիմն է այն բոլոր բաներուն որոնք մարդիկ իրապէս ուրախ կը դարձնեն։ (Յովհ. 3։16) Սակայն, շատ քիչեր այս ճշմարտութիւնը հաստատօրէն ճանչցած եւ հաւատացած են։ Այսուհանդերձ, մարդկութեան հանդէպ սիրալիր հետաքրքրութիւն ունենալով, Եհովա կարգադրած է այս բարի լուրը ամէնուրեք մարդոց ճանչցնել։ Իր Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսին՝ միջոցաւ, բոլորին պատեհութիւն տուած է երջանկութիւնը եւ յաւիտենական կեանքի յոյսը գտնելու։—Յովհ. 17։3
2 Այն Անհատին ինքնութիւնը, որ մարդկութիւնը մեղքէն ու մահէն պիտի փրկէր, հազարաւոր տարիներ անծանօթ էր։ Անիկա ‘սուրբ խորհուրդ’ մըն էր մինչեւ որ Քրիստոս Յիսուս եկաւ եւ «լուսաւորեց կեանքը ու անմահութիւնը աւետարանին միջոցաւ»։ (Հռովմ. 16։25. Բ. Տիմ. 1։10) Յիսուսի հետեւորդները այս բարի լուրին յայտարարութիւնը ստանձնեցին առաջին դարուն. իսկ մենք ներկայիս վսեմ առանձնաշնորհումը ունինք այս նոյն բարի լուրը յայտարարելու։ Երբ կը քարոզենք Թագաւորութեան պատգամը, կը մասնակցինք Եհովա Աստուծոյ, Յիսուս Քրիստոսի եւ Քրիստոսի եղբայրներուն հետ, որոնք կը հրաւիրեն ամէն դասակարգէ եղող մարդիկ ըսելով. ‘Եկո՛ւր . . . կենաց ջուրը ձրի առ’։—Յայտ. 22։17
3 Անշուշտ, ոչ ամէն ոք այս բարի լուրին մտիկ պիտի ընէ։ Շատ քիչեր մօտէն ուշադրութիւն կ’ընծայեն։ Ոմանք բրտօրէն կը մերժեն Աստուծոյ ծառաները, որոնք զիրենք կը հրաւիրեն ճշմարտութեան կենսատու ջուրերէն օգտուելու։ Սակայն, Եհովայէն ոյժ ստանալով, այս գործին մէջ կը յարատեւենք։ Մենք գիտենք թէ մեր կամեցողութիւնը ճշմարտութիւնը խօսելու եւ լսող ոեւէ անհատի օգնելու, հաճելի է Եհովայի եւ իր օրհնութիւնը կը բերէ։
4 Մարտ ամսուան ընթացքին, ճշմարտութիւն փնտռողները պիտի քաջալերենք որ Յայտնութեան Յանգումը գիրքը կարդան եւ անոր ներկայացուցած յոյսով ուրախանան։ Այսպէս ընելով շատ օրհնութիւններ պիտի քաղեն։ Յայտնութեան գիրքը ապագային մասին է—իրենց ապագային եւ մեր։ Ոմանք որ այժմ Եհովայի նուիրուած ծառաներ են, սկիզբը ճշմարտութեամբ հետաքրքրուեցան երբ Յայտնութեան գրքին բացատրութիւնները կարդացին Ընկերութեան հրատարակութիւններէն մէկուն մէջ։ Որովհետեւ Յայտնութեան Յանգումը գիրքը Արաբերէնով ունինք, կրնանք գնահատել անոր կարեւորութիւնը պարկեշտ սրտով անհատներուն որոնք ճշմարտութեան համար անօթութիւն կը զգան։ Երբ այսպիսի անհատներ կը գտնենք մեր ծառայութեան մէջ, ջանք պիտի թափենք նշելու Յայտնութեան Յանգումը գիրքէն մէկ կամ երկու աչքառու կէտեր, անոր արժէքը իրենց ցոյց տալու։ Ի միջի այլոց, կրնանք մատնանշել անոր յստակ բացատրութիւններուն Աստուածաշունչի այն մարգարէութիւններուն որոնք կատարուած են այս Ի. դարուն մէջ, ինչպէս՝ խորհրդանշական ձիաւորներուն աչքառու ձիավարումը որ նկարագրուած է Յայտնութեան գրքին վեցերորդ գլխուն մէջ։
5 Մեծապէս յարմար է մեզի որ խօսինք մարդկութեան համար Եհովայի ըրած սիրալիր հայթայթումներուն մասին, մինչ կը պատրաստուինք Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնը տօնակատարելու Ապրիլ 6–ին։ Մարդիկ ընտրեն լսել կամ ոչ, կը յարատեւենք մեր աստուածատուր նշանակումին մէջ, ոգեւորող հրաւէրը տալով ամէն անհատի որ կ’ուզէ. ‘Եկո՛ւր . . . կենաց ջուրը ձրի առ’։