Դիտարանը Եւ Զարթի՛րը Ճշմարտութեան Պարբերաթերթեր Են
1 Դիտարանի 1/1/1994 թիւը, էջ 22 (Արաբ.), մեզի վերյիշեցուց թէ մեր պարբերաթերթերը կը հրատարակեն «այժմէական յօդուածներ որոնք մարդոց իրական կարիքները նկատի կ’առնեն»։ Կ’ուզենք այս պարբերաթերթերը լայնօրէն տարածել։ Ապրիլ ու Մայիս ամիսներուն ընթացքին, Դիտարանը եւ Զարթի՛րը պիտի ներկայացուին, ինչպէս նաեւ՝ որեւէ գրքոյկ Դպրոց գրքոյկէն զատ։
2 Ազդեցիկ անպաշտօն վկայութիւնը եւ վերայցելութիւնները մեզի լաւագոյն պատեհութիւնը կու տան այս պարբերաթերթերը տեղաւորելու։ Մեր տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւնները նաեւ կ’առաջնորդեն կանոնաւոր տեղաւորումներու։ Բոլորս ալ պէտք է միշտ փնտռենք արդիւնաբեր միջոցներ ցրուումը աւելցնելու համար։
3 Նկատի Առնուելիք Նիւթեր. Դիտարանի Ապրիլ 1 թիւը (Արաբ.) նկատի կ’առնէ «Աւելի Լաւ Աշխարհ մը—Երա՞զ մըն Է» եւ «Աւելի Լաւ Աշխարհ մը—Մօ՜տ Է» նիւթերը։ Ասիկա վստահաբար ներդաշնակ է պարբերաթերթին նպատակին հետ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ծանուցանելու։ Երկրորդ յօդուածը կ’եզրափակէ ցոյց տալով թէ ինչպէ՛ս յաւիտենական դրախտ մը իրականութիւն պիտի ըլլայ Քրիստոս Յիսուսի իշխանութեան ներքեւ։—Ղուկ. 23։43
4 Ապրիլ 15 թիւին մէջ նկատի առնուած է «Ո՞ւր Կրնաք Վստահելի Առաջնորդութիւն Գտնել» հարցումը։ Մայիս ամսուան թիւերը (Արաբ.) աւելի պիտի քննեն այս նիւթը սա յօդուածներով. «Կրօնքը Ձեր Կարիքներուն Գոհացում կու Տա՞յ» եւ «Ինչո՞ւ Պէտք Է Կարդանք Աստուածաշունչը»։ Կրնանք դիւրաւ խօսակցութիւններ սկսիլ անհատներու հետ որոնք կը զգան թէ իրենց կեանքը իմաստ ու նպատակ չունի։
5 Տեղաւորումները Աւելցնել. Յունուար 1 Դիտարանը (Արաբ.) ներկայացուց չորս առաջարկներ տեղաւորումները աւելցնելու համար։ Մեզի քաջալերութիւն տրուեցաւ որ (1) անտարբեր չըլլանք պարբերաթերթերուն նկատմամբ։ Երբ զանոնք կը կարդանք, պէտք է մտածենք թէ ո՛ր յօդուածները կրնան մեծապէս կոչ ընել մեր թաղամասին մէջ եղող մարդոց։ Նաեւ, եթէ մեր հետ կանոնաւորաբար օրինակներ կրենք, կրնանք զանոնք տեղաւորել գործակիցներու, դրացիներու, ուսուցիչներու, դասընկերներու կամ յաճախորդներու հետ։
6 Մեզի ցոյց տրուեցաւ որ (2) մեր ներկայացումները պարզ պահենք։ Հետաքրքրական կէտ մը ընտրենք ու մի քանի բառերով զայն արտայայտենք։ Եթէ կարենաք պարբերաթերթը տունը մտցնել, ան կրնայ «խօսիլ» ձեր հանդիպած անհատին կամ ընտանիքին միւս անդամներուն հետ։ Անշուշտ, պարբերաթերթերը կը ներկայացնենք մեր վերայցելութիւններուն, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններուն կամ անպաշտօն վկայութեան ատեն, ինչպէս որ նկատի առնուեցաւ 2–րդ պարբերութեան մէջ։
7 Ուրիշ կարիք մըն է (3) դիւրաթեք ըլլալը։ Լաւ բան մըն է ի մտի ունենալ նկատի առնուելիք զանազան յօդուածներ—յօդուած մը պատանիներու համար, երկրորդ մը այրերու համար եւ ուրիշ մը կիներու համար։
8 Վերջապէս, կարիքը ունինք (4) անձնական նպատակակէտ մը որոշելու տեղաւորումներու համար։ Մինչ ժողովքը չի կրնար որոշ քանակ մը սահմանել, կրնանք անհատապէս նպատակակէտ մը դնել մենք մեզի համար։ Ասիկա կրնայ մեզ աւելի մղել խանդավառ ըլլալու պարբերաթերթերը ներկայացնելու նկատմամբ։ Եթէ տեղաւորենք պարբերաթերթերու մնայուն խնդրանք մը, կրնանք քաջալերուիլ աւելին ընելու։
9 Մենք կ’ուզենք որ ուրիշներ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին գիտնան։ Ամբողջովին օգտագործենք պարբերաթերթերուն հայթայթած ընտիր օգնութիւնը Թագաւորութեան պատգամը տարածելու առնչութեամբ։—Մատթ. 10։7