Հարցումի Տուփ
◼ Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութիւնները ե՞րբ պէտք է վարուին։
Սովորաբար աւելի գործնական եւ յարմար է ունենալ գրքի ուսումնասիրութեան մի քանի խումբեր, որոնք կը հաւաքուին զանազան վայրեր ժողովքին թաղամասին մէջ, քան թէ բոլորն ալ հաւաքուին Թագաւորութեան Սրահին մէջ։ Այս ուսումնասիրութիւնը պէտք է վարուի այն ժամանակին որ խումբին նշանակուողներուն մեծամասնութեան համար ամենէն յարմարն է։ Ընդհանրապէս, անիկա շաբթուան մէկ իրիկունը տեղի կ’ունենայ երբ ուրիշ ժողովներ կամ ծառայութեան գործունէութիւններ չկան։ Սակայն, կրնայ նպաստաւոր ըլլալ գրքի ուսումնասիրութիւն մը կարգադրելը որ ցերեկը տեղի կ’ունենայ, դիւրութիւն տալու համար գիշերը աշխատողներուն եւ տարեցներուն որոնք մթննալէ ետք կը վարանին տունէն դուրս ելլելու։ Քիչ պարագաներուն, թերեւս գործնական ըլլայ ուսումնասիրութիւն մը ունենալ շաբաթավերջը ցերեկուան ատեն։
Երէցները կրնան յարմար հարցաքննութիւն ընել որոշելու համար ժողովին ժամանակները որոնք «հրատարակիչներուն մեծամասնութեան համար յարմար» պիտի ըլլան ինչպէս նաեւ՝ հետաքրքրուողներուն։ (Կազմակերպուած էջ 62, Արաբ.) Ընտրուած ժամանակը պէտք է այնպիսի օր մը եւ ժամ մը ըլլայ որ դաշտի ծառայութեան ծրագրուած կարգադրութիւններուն անտեղի կերպով արգելք պիտի չհանդիսանայ կամ զանոնք սահմանափակէ։