Պարբերաթերթերը Գործածենք Ճշմարտութիւնը Ներկայացնելու Համար
1 Վստահելի, իրական տեղեկութիւններու արժէքը մեծապէս պակսած է ներկայ ընկերութեան մէջ, չափազանցեալ ծանուցումներու, մոլորեցնող քաղաքագիտական խոստումներու եւ խաբէական միջազգային հաստատումներու պատճառաւ։ Դիտարանը եւ Զարթի՛րը անզուգական են, քանի որ միայն իրենք կը յայտարարեն ճշմարտութիւնը Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին եւ կը բացատրեն ինչ որ պէտք է ընենք որպէսզի վայելենք այն յաւիտենական օրհնութիւնները զորս պիտի բերէ։
2 Երկրի մը մէջ, մամուլի նախարարութեան պաշտօնեայ մը որ այս երկու պարբերաթերթերուն արժէքը կը գնահատէր, անյապաղ օժանդակեց անոնց բաշխումին հաւանութիւն ձեռք ձգելու։ Ան ըսաւ. «Դիտարանը կը նկատեմ լաւագոյն պարբերաթերթերէն մէկը. շատ ուրախ եմ օգնական ըլլալով»։ Մեր առանձնաշնորհումն է ուրիշներու օգնել այս պարբերաթերթերը բաշխելով որոնք կրնան կենսատու գիտութիւն հաղորդել։ (Յովհ. 17։3) Այս արժէքաւոր պարբերաթերթերը ինչպէ՞ս պիտի ներկայացնէք Մայիս ամսուան ընթացքին։ Հաւանաբար հետեւեալ առաջարկները օգտակար պիտի ըլլան։
3 Եթէ կ’ուզէք հիմ դնել բաշխելու համար Մայիս 15 «Դիտարան»ը առաջին վերայցելութեան ատեն, կրնաք ըսել.
◼ «Մենք մարդոց հետ կը խօսակցինք աշխարհի ամենէն շատ ծախուած գիրքին մասին։ Գիտէ՞ք թէ ան ո՛ր գիրքն է։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Մենք կը խօսինք Աստուածաշունչին մասին։ Պէտք է շատ լաւ պատճառի մը համար այսքան շատ մարդիկ Աստուածաշունչը գնած են։ Պատճառը կը գտնուի Բ. Տիմոթէոս 3։16–ին մէջ»։ Համարը կարդալէ ետք, խօսակցեցէք բացման յօդուածի մը մէջէն ձեր ընտրած մէկ կամ երկու յարմար կէտերու մասին։
4 Կամ հակիրճ բացումէ մը ետք, կրնաք ասոր նման բան մը ըսել.
◼ «Հաւանաբար նկատած էք որ վերջին տարիներուն համայն աշխարհի մէջ երթալով աւելի մտահոգութիւն կայ պզտիկներուն դիմագրաւած խնդիրներուն նկատմամբ։ Պզտիկներուն ո՞ր խնդիրները նշմարած էք մեր շրջանին մէջ որոնք ձեզ կը մտահոգեն»։ Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։ Մէջբերեցէք մէկ կամ երկու կէտեր լուրջ խնդիրներուն մասին, ինչպէս որ բացատրուած են Մայիս 8 Զարթի՛րի բացման յօդուածներուն մէջ, եւ ուշադրութեան յանձնեցէք Աստուծոյ Թագաւորութեան հայթայթած լուծումը։ Խօսեցէք Եսայեայ 65։23, 24–ին մասին։ Խոստացէք պարբերաթերթը բերել յաջորդ անգամ։
5 Ձեր վերայցելութեան արձանագրութեան մէջ, հաւանաբար անհատներու անուններ ունիք որոնք սկիզբը քիչ հետաքրքրութիւն յայտնաբերեցին, բայց երբեք արդիւնք չտուին։ Քանի որ միայն սահմանափակ ընդառաջում կար, կրնաք պէտք չզգալ շարունակ վերայցելելու։ Բայց թերեւս կարենաք այս ցանկը գործածել զարգացնելու համար պարբերաթերթերով կանոնաւոր այցելութիւններ ընելը։ Երբ նկատէք յօդուած մը որ կրնայ կոչ ընել մասնայատուկ անհատի մը, վստահ եղէք զինք այցելելու եւ պարբերաթերթը ներկայացնելու։
6 Անպաշտօն Վկայութիւնը. Ասիկա ընտիր կերպ մըն է պարբերաթերթերուն հանդէպ հետաքրքրութիւն շարժելու։ Ուշագրաւ կողքերը խոհեմութեամբ ցուցադրելը կրնայ բաւարար ըլլալ խօսակցութիւն մը սկսելու։ Քոյր մը իր գրասեղանին վրայ կարգ մը թիւեր դրաւ այնպէս որ գործակիցները կրնային զանոնք տեսնել երբ իր քովէն կ’անցնէին. ան կրցաւ մի քանի հատ տեղաւորել։ Ձեր նպատակը ըրէք մի քանի թիւեր ձեր հետ կրել եւ նախաքայլը առէք զանոնք ներկայացնելու այս ամիս երբ գնումի կ’երթաք, դպրոց կ’երթաք, հանրակառք կը գործածէք կամ այլուր ուրիշներու կը հանդիպիք, այսինքն՝ գործակիցներու եւ ազգականներու։
7 Դիտարանին ու Զարթի՛րին օգնութեամբ պատասխաններ գտած ենք Եհովայի ու իր պաշտամունքին մասին եղած կենսական հարցումներուն։ Կ’ուզենք այս պարբերաթերթերը կարելի եղած ամէն կերպով գործածել ուրիշներու օգնելու որ ճանչնան ‘Եհովան՝ ճշմարտութեան Աստուածը’։—Սաղմ. 31։5