Վերայցելութիւններ Ընելով Ձեր Հոգածութիւնը Ցուցաբերեցէք
1 Հետաքրքրուող անհատները տունէ տուն փնտռելը կ’ապացուցանէ ձեր փափաքը որ ուրիշներու պատեհութիւնը տաք Թագաւորութեան պատգամը լսելու։ Ուստի վստահ եղէք որ հետապնդէք ձեր գրականութիւններու տեղաւորումները զորս կ’ընէք Յունուար ամսուան ընթացքին, քանի որ ասիկա ընտիր կերպ մըն է ձեր հոգածութիւնը ցուցաբերելու։
2 Եթէ անհատին հետ «‘Քու Թագաւորութիւնդ Գայ’» գիրքը ձգած էք, փորձեցէք ձեր խօսակցութիւնը վերսկսիլ այս կերպով.
◼ «Նախապէս խօսեցանք Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին եւ ի՛նչ որ պիտի ընէ մեզի համար։ Այդ Թագաւորութիւնը շուտով այս երկրագունդը դրախտի մը պիտի վերածէ։ Որովհետեւ երբեք դրախտ մը չենք տեսած, թերեւս դժուար է որ զայն մտապատկերենք։ Հոս կը տեսնենք թէ ան ի՛նչ տեսակ բան մը կրնայ ըլլալ։ [Ակնարկեցէք այն պատկերին որ էջ 4 եւ 5–ին մէջ է։] Այսպիսի դրախտ մը խոստացուած է Աստուածաշունչին մէջ»։ Սաղմոս 72։7–ն կարդացէք։ Եթէ հետաքրքրութիւն կայ, նկատի առէք էջ 175–ի 3 եւ 4–րդ պարբերութիւնները, ցոյց տալով թէ ի՛նչ պէտք է ընենք եթէ կ’ուզենք գալիք Դրախտին մէջ ապրիլ։
3 «Ուրախութիւն—Ինչպէ՞ս Գտնել Զայն» գրքին ձեր տեղաւորումները հետապնդելու համար, ահաւասիկ առաջարկ մը.
◼ «Բոլորս ալ կը փափաքինք ուրախ ըլլալ։ Շատեր կը խորհին որ հարազատ ուրախութիւնը անկարելի բան մըն է այս աշխարհին մէջ։ Ի՞նչ է ձեր կարծիքը։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Ըսուած է որ ուրախութիւնը մտավիճակ մըն է։ Եթէ մեր մտքերը լեցուած են ուրիշներու հանդէպ սիրով, Աստուծոյ հանդէպ յարգանքով եւ ապագային նկատմամբ վստահ յոյսով մը, կրնանք հարազատ ուրախութեան փորձառութիւնը ունենալ հակառակ մեր խնդիրներուն»։ Կարդացէք Սաղմոս 119։1, 2։ Բացատրեցէք թէ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը մեզի կը սորվեցնէ թէ ինչպէ՛ս ուրիշները սիրենք, Աստուծոյ հանդէպ յարգանք ցուցաբերենք եւ ապագային նկատմամբ սփոփիչ յոյս մը գտնենք։
4 «Իրական Խաղաղութիւն եւ Ապահովութիւն Կարելի՞ Է» գրքին տեղաւորում մը կրնաք հետապնդել ասոր նման կարճ ներկայացումով մը.
◼ «Աշխարհի առաջնորդները այսօր չեն կրցած խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն բերել։ Եհովա Աստուած միակն է որ կրնայ այդ ընել։ Աստուածաշունչը մեզի ցոյց կու տայ թէ ի՛նչ պէտք է ընենք։ [Էջ 175–ի 1 եւ 2–րդ պարբերութիւններէն կէտեր նկատի առէք, ապա կարդացէք Եսայեայ 26։4։] Կը փափաքիմ ձեզի ցոյց տալ թէ ինչպէ՛ս այս գիրքը կրնայ ձեզի օգնել»։
5 «Աստուած Իրապէս կը Հոգա՞յ Մեզի» գրքոյկին տեղաւորում մը կրնաք հետապնդել այս թելադրութիւնը գործածելով.
◼ «Նախապէս այս գրքոյկէն օրինակ մը ձեզի հետ ձգեցի, որ կարեւոր հարցում մը կը յարուցանէ. ‘Աստուած Իրապէս կը Հոգա՞յ Մեզի’։ Այս գրքոյկը վերաքաղ ընելէ ետք, ի՞նչ եզրակացութեան յանգեցաք։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Հաւանաբար քաջալերուեցաք կարդալով այն համարները որոնք կը խոստանան դրախտային նոր աշխարհ մը, ուր կրնանք խաղաղութեամբ ապրիլ։ [Ցոյց տուէք 2 եւ 3–րդ էջի պատկերները, եւ նշեցէք նոր աշխարհի կարգ մը ուշագրաւ երեսակները։] Վստահ եմ որ դուք եւ ձեր սիրելիները պիտի փափաքիք այսպիսի աշխարհի մը մէջ ապրիլ։ Նկատեցէք ինչ որ էջ 31–ի 16–րդ պարբերութիւնը կ’ըսէ ասոր մասին»։ Կարդացէք պարբերութիւնը, եւ ցոյց տուէք որ Եհովան փնտռելը կը նշանակէ իր ու իր նպատակներուն մասին աւելի սորվիլ, իր Խօսքը՝ Աստուածաշունչը՝ ուսումնասիրելով։
6 Եհովան կատարեալ օրինակ մը հանդիսացած է որպէս սիրալիր Հովիւ մը որ իր ոչխարներուն կը հոգայ։ (Եզեկ. 34։11-14) Անոր սիրալիր հոգածութիւնը ընդօրինակելու մեր լուրջ ջանքերը զինք կը հաճեցնեն, մեր սէրը կը ցուցաբերեն եւ ուրիշներու օրհնութիւններ կը բերեն։