Հետաքրքրութիւն Ցուցաբերողներուն Վերադառնանք
1 Նոր գիրքը՝ Գիտութիւն մը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ՝ ներկայացնելու ատեն, համաժողովի դասախօսը բացատրեց թէ «պարկեշտ սիրտ ունեցող աշակերտները գիրքը ուսումնասիրելով բաւարար գիտութիւն պիտի ստանան, որպէսզի Եհովայի համար դիրք բռնեն եւ մկրտուին»։ Գիրքը պատրաստուած է ճշմարտութիւնը արագօրէն սորվեցնելու համար։ Անիկա համառօտ կերպով մասնայատուկ տեղեկութիւններ կը հայթայթէ, որոնք կրնան աշակերտները մղել որ հոգեւորապէս յառաջդիմեն։ Անիկա ճշմարտութիւնը դրականօրէն կը ներկայացնէ ու սուտ վարդապետութիւններուն վրայ շատ չի կենար։ Այս նոր գործիքը յաջողութեամբ գործածելու համար, հետաքրքրութիւն ցուցաբերողներուն պէտք է վերայցելենք։
2 Եթէ անհաւատի մը հետ խօսեցար որ որոշ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեց, կրնաս սկսիլ գրքին 4 եւ 5–րդ էջերուն պատկերը բանալով ու ըսելով.
◼ «Անցեալ անգամ երբ հոս էի, գեղեցիկ շրջապատ նկարագրող այս պատկերը դիտեցինք։ Խորագիրը կը հարցնէ. ‘Ի՞նչ պէտք է ընէք ասիկա վայելելու համար’։ Այս հարցումին ի՞նչպէս պիտի պատասխանէիր։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Աստուածաշունչը հիմնական պահանջներէն մէկը յստակօրէն կը բնորոշէ։ [Կարդա Յովհաննու 17։3–ը։] Մեր հաւատքին համար գիտութիւնը անհրաժեշտ է։ Աստուածաշունչը կանոնաւոր կերպով ուսումնասիրելը ընտիր կերպ մըն է պէտք եղած գիտութիւնը ձեռք ձգելու համար»։ Ա. գլուխը բաց եւ մատնանշէ կարգ մը քաջալերական գաղափարներու 1–5–րդ պարբերութիւններուն մէջ։ Բացատրէ թէ ի՛նչպէս Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը կը վարուի եւ առաջարկէ վերադառնալ յաւելեալ խօսակցութեան մը համար։
3 Եթէ կը վերադառնաս շարունակելու համար խօսակցութիւնդ թէ Աստուած ինչո՛ւ կը թոյլատրէ տառապանքը, կրնաս ըսել.
◼ «Վերջին անգամ խօսեցանք [եղած դէպքը] մասին։ Հարցում մը յարուցուեցաւ թէ Աստուած ինչո՞ւ կը թոյլատրէ այսքան տառապանք աշխարհի մէջ։ Ի՞նչ եզրակացութեան հասար։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Քաջալերական է գիտնալ որ Աստուած պատասխանատու չէ այսպիսի տառապալից վիճակներու համար»։ Գիտութիւն մը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ գրքին 71–72–րդ էջերը բաց եւ նկատի առ կարգ մը սուրբ գրային գաղափարներ որոնք 3–5–րդ պարբերութիւններուն մէջ յիշուած են։ Առաջարկէ վերադառնալ բացատրելու համար թէ ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ Աստուծոյ թոյլատրումը տառապանքին մօտ օրէն վերջ պիտի գտնէ։
4 Եթէ կը վերայցելես ծնողի մը որ մտահոգ է ընտանեկան խնդիրներու առնչութեամբ, կրնաս հետեւեալը ըսել.
◼ «Գիտեմ որ, որպէս ծնող, կ’ուզես լաւագոյնը քու զաւակներուդ համար։ Քանի որ անկարելի է զանոնք պաշտպանել բոլոր գէշ բաներէն, պէտք է անոնց սորվեցնես ի՛նչպէս գլուխ ելլել կեանքի խնդիրներուն հետ։ Արդեօք ի՞նչպէս կրնաս անոնց սորվեցնել։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Ծնողի մը հայթայթած շատ կարեւոր բաներէն մէկն է մարզումը»։ Գիտութիւն գրքին 145–146–րդ էջերը բաց եւ ուշադրութեան յանձնէ Աստուածաշունչի գործնական խրատները, շեշտելով անոնց կարեւորութիւնը եւ թէ ի՛նչպէս անոնց հետեւիլը կրնայ օրհնութիւն մը ըլլալ։ Առաջարկէ վերադառնալ ցոյց տալու համար ի՛նչպէս Գիտութիւն գիրքը գործածել ընտանեկան ուրախ կեանք մը ձեռք ձգելու մասին յաւելեալ բաներ սորվելու համար։
5 Եթէ կը վերայցելես ուր որ համառօտ ներկայացում գործածեցիր, կրնաս ըսել.
◼ «Երբեք Աստուծոյ նպատակը չէր որ մենք ծերանայինք ու մեռնէինք։ Ան որոշած էր որ մենք յաւիտեան ապրէինք դրախտային երկրի մը մէջ»։ 188–189–րդ էջերու պատկերը ցոյց տուր։ 184–րդ էջի 11–րդ պարբերութիւնը կարդա։ Յաւելեալ վերայցելութեան մը համար կարգադրութիւն ըրէ։
6 Վստահաբար այս նոր գիրքը Եհովայի կողմէ ուրիշ հայթայթում մըն է այս վերջին օրերուն մէջ հաւաքումի գործը ‘արագացնելու’ համար։ (Եսայ. 60։22, ՆԱ) Եթէ գիրքը ազդեցիկ կերպով գործածենք, ուրիշներու այնպիսի գիտութիւն մը կու տանք որ կրնայ օգնել յաւիտենական կեանքը ձեռք ձգելու։