Պարբերաթերթի Որոշ Ապսպրանք մը Ունի՞ք
1 Երբեք դաշտի ծառայութեան ժողովին գացա՞ծ էք, ետքը անդրադառնալով որ ձեր ծառայութեան պայուսակին մէջ պարբերաթերթեր չունիք։ Լաւ, յիշեցէք Սեպտեմբեր 1995–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին յաւելուածականը, որու խորագիրն էր՝ «Մեր Պարբերաթերթերը Լաւագոյն Կերպով Գործածենք»։ Հոն կը պատուիրէ մեզի՝ «պարբերաթերթի հաստատ ապսպրանք մը ունեցէք», նշելով. «Իւրաքանչիւր թիւէն որոշ քանակով իրապաշտ ապսպրանք մը տուէք պարբերաթերթերուն հոգ տանող եղբօր։ Այս կերպով, դուք եւ ձեր ընտանիքը պիտի ունենաք պարբերաթերթերու կանոնաւոր եւ բաւարար քանակ մը»։ Ասիկա ըրա՞ծ էք։
2 Ինչո՞ւ պարբերաթերթի որոշ ապսպրանք մը չներկայացնէք։ Շաբաթէ շաբաթ, պարբերաթերթերը ցրուելու աւելի մեծ պատասխանատուութիւն մը պիտի զգաք եւ այսպէս ընելով աւելի մեծ ուրախութեան փորձառութիւնը պիտի ունենաք։ Եթէ արդէն որոշ ապսպրանք մը ըրած էք, վերստուգեցէք թէ՝ սովորական ամսուան մը գործածութեան համար, ձեզի պէտք եղածը կը ստանաք թէ ոչ։ Անշուշտ հաւատարիմ կ’ուզենք գտնուիլ, ամէն շաբաթ մեր ապսպրանքները վերցնելով եւ պարտաւորուած պէտք է զգանք այդպէս ընելու։ Եթէ երկար ժամանակ մը ժողովքէն պիտի բացակայիք եւ կ’ուզէք որ մինչեւ ձեր վերադարձը ձեր պարբերաթերթերը ուրիշներուն տրուին, պարբերաթերթի ծառային տեղեկացուցէք ասիկա։
3 Վերոյիշեալ յաւելուածականը նաեւ կ’ըսէր որ պէտք է ‘կանոնաւոր պարբերաթերթի օր մը յայտագրենք’։ Թիկունք կրնա՞ք կանգնիլ շաբաթական Պարբերաթերթի Օրուան։ Ինչպէս 1999–ի Եհովայի Վկաներու Օրացոյց–ին մէջ ցոյց տրուած է, տարուան ամէն Շաբաթ օրերը անոր յատկացուած են։ Դիտարան եւ Զարթի՛ր տեղաւորելու կարեւորութիւնը մի՛ նսեմացնէք։ Երբ ջանք թափենք լիովին մասնակցելու պարբերաթերթերու գործունէութեան, մեր դրացիներուն ‘աւելի լաւ բանի մը բարի լուրը կը բերենք’։—Եսայ. 52։7, ՆԱ։